Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՀԱՄԱՍՏԵՂ (մահ՝ 26 Նոյեմբեր, 1966)

Համաստեղ՝ ամերիկահայ գրականութեան ամենէն նշանաւոր անուններէն մէկը, դարձած է սփիւռքահայ գրականութեան դասական մը։

Բուն անունով՝ Համբարձում Կէլէնեան, ծնած է Խարբերդի Փերչէնճ գիւղը, 15 Հոկտեմբեր, 1895ին (*)։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է գիւղի վարժարանին մէջ եւ իր ուսումը շարունակած է Մեզրէի Կեդրոնական վարժարանին մէջ, ուր եղած է գաւառական գրականութեան հիմնադիրներէն ու Եղեռնի զոհ գրագէտ Թլկատինցիի (Յովհաննէս Յարութիւնեան) աշակերտներէն։

1911ին շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, Համաստեղ տարի մը ուսուցչութիւն ըրած է իր ծննդավայրին մէջ եւ այնուհետեւ գաղթած Միացեալ Նահանգներ՝ հօր խորհուրդին անսալով։ Դասընթացքներու հետեւած է Գոլումպիա համալսարանին (Նիւ Եորքի) եւ Պոսթընի համալսարանին մէջ։ Սկսած է աշխատակցիլ «Հայրենիք» օրաթերթին 1918ին, որդեգրելով Համաստեղ գրչանունը, երեք Կէլէնեան եղբայրներու (Համբարձում, Ասատուր, Եղիա) անուններուն առաջին վանկերը միացնելով։

1920ական թուականներուն սկիզբը, Համաստեղ բանաստեղծութենէն անցած է արձակի ու սկսած է գրել գիւղական նիւթերու շուրջ, դառնալով «Հայրենիք» ամսագրի ամենէն կարկառուն գրիչներէն մէկը։ Անոր պատմուածքները հաւաքուած են «Գիւղը» (1924) եւ «Անձրեւը» (1928) հատորներուն մէջ, որոնք իր գրական փառքի սկիզբը կազմած են՝ ժողովրդական խաւերու զգացումներուն եւ անցեալի բարքերուն նկարագրութեամբ եւ նուրբ ներկայացումով։ 1928-1929ին, ճամբորդած է Եւրոպա եւ Միջին Արեւելք։ Այնուհետեւ, իր կեանքը անցուցած է Պոսթընի շրջանին մէջ, ուր երկար տարիներ աշխատած է իբրեւ լուսափորագրիչ՝ ամերիկեան թերթի մը համար։

1931ին «Հայրենիք» ամսագրին մէջ սկսած է հրատարակել «Սպիտակ ձիաւոր» վէպը՝ ազգային ազատագրական պայքարի օրերու նիւթով, բայց մնացած է անաւարտ, եւ միայն աւարտած է 1952ի, երբ լոյս տեսած է երկու հատորով։ Համաստեղ չէ դադրած գրելէ, կարօտի տարբեր դրսեւորումները ունենալով իբրեւ գլխաւոր նիւթերէն մէկը, եւ իր պատմուածքները համախմբած է «Քաջ Նազար եւ 13 պատմուածքներ» հատորին մէջ (1955)։ Գրած է նաեւ «Աղօթարան» խորհրդածական հատորը (1957) եւ հրատարակած՝ «Այծետոմար եւ այլ բանաստեղծութիւններ» գիրքը (1960)։ Վերջին հատորը եղած է «Առաջին սէրը» վիպակը (1966)։

1960ական թուականներուն, Համաստեղ քանիցս հրաւիրուած է Խորհրդային Հայաստան, ուր իր անունն ու գործը փաստօրէն անծանօթ էին՝ քաղաքական պատճառներով, բայց չէ կարողացած ճամբորդել։ 1966ին, Սփիւռքի ընթացքին սկսած է անոր ծննդեան 70ամեակին տօնակատարութիւնը։ Սակայն, Համաստեղի կինը՝ Սրբուհի Պէկեան-Կէլէնեան, նոյն տարուան սկիզբներուն իր մահկանացուն կնքած է՝ երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, գրագէտը յանկարծամահ եղած է 26 Նոյեմբեր, 1966ին, երբ Լոս Անճելըսի յոբելինական տօնակատարութեան ընթացքին իր շնորհակալական խօսքը կ՚արտասանէր բեմին վրայ։ Թաղուած է Պոսթընի մէջ։

Ս. Խաչ եկեղեցւոյ դպրոցը՝ Ուաշինկթըն Տի. Սի.ի շրջանին մէջ, կը կրէ ամերիկահայ համբաւաւոր գրագէտին անունը։ Ազգային Առաջնորդարանի երկլեզու հրատարակութեամբ, Համաստեղի «Աղօթարան»ը լոյս տեսած է 2018ին, դառնալով գրագէտին անգլերէնի թարգմանուած առաջին գիրքը։ Անոր նամականիին մէկ մասը եւ մամուլի մէջ մնացած գործերը քանի մը հատորներով հրատարակուած են Հայաստանի մէջ վերջին երկու տասնամեակներուն։

(*) Թուականը ճշդած ենք գրագէտի աւագ դստեր՝ Լոռի Կէլէնեանի տեղեկութեան շնորհիւ։