ՄԵՐ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆԵԼՈՒ ՊԱՀԸ
Երբ որ այս տողերը կը կարդաք, հաւանաբար ձեր ամենէն հարազատ մարդոց հետ էք կամ ճամբու վրայ՝ անոնց միանալու սեղանին շուրջ։ Իւրաքանչիւր ամերիկացիի համար այնքան սիրելի Գոհաբանութեան օրը նաեւ յատուկ նշանակութիւն ունի ամերիկահայութեան եւ Միացեալ Նահանգները կազմող միւս բոլոր համայնքներուն համար, որոնք այս երկիրը ամէն օր կը հարստացնեն իրենց բերած մշակոյթով ու աւանդութիւններով։ Իսկ անոնց չարքաշ աշխատանքը երկիրը ազատութեան, բարգաւաճման եւ յոյսի փարոս կը դարձնէ, ինչպէս որ արդէն կը դառնար Նոյեմբեր 1621ի այդ հեռաւոր օրը, երբ նորեկ ուխտաւորները եւ Wampanoag ցեղախումբի բնիկները իրենց առաջին Գոհաբանութեան օրուան ճաշը բաժնեցին։
Այս տարի, ինչպէս 2020ին, մեր լաւագոյն մաղթանքներուն կը միանայ սրտանց երախտագիտութիւնը։ Շատ լաւ կը գիտակցինք, թէ որքա՛ն դժուարին եղած են այս երկու տարիները, ուր համավարակը, Լիբանանի աղէտալի տագնապը եւ Հայաստանի ու Արցախի պատերազմը մեզ ցնցումի մէջ պահած են։
Եւ սակայն, մենք մեր ուժը կը գտնենք դժբախտութեան մէջ, որովհետեւ, պատմութիւնը վկայ, դժբախտութիւնները յաճախ մեր մէջ կը յայտնաբերեն թաքուն կարողութիւններ։ Դժուարութեան ու յուսահատութեան պատճառներ չեն պակսիր, բայց այսուհանդերձ, ամէն դրուատիքի արժանի է ձեր պատասխանը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի ու Ազգային Առաջնորդարանի կոչերուն՝ Հայաստանի ու Արցախի, ինչպէս եւ Լիբանանի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնութեան հասնելու։ Գիտենք որ, շատերուն համար, ասիկա ենթադրած է զոհել ուրիշ նպատակներ կամ առաջնահերթութիւններ։
Այս բոլորի կողքին, ձեր բաժինը բերած էք մեր աշխատանքին, մինչ Ազգային Առաջնորդարանը տարբեր աշխարհի մը նոր մարտահրաւէրները կը դիմագրաւէ ու կը պատշաճի անոնց։ Շնորհակալ ենք ձեր բոլորին՝ այդ տարբերութեան մէջ դեր մը ստանձնելու համար։