ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵՌՕՐԵԱՅ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Այս շաբաթ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ճամբորդեց Լիբանան, ուր մասնակցեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներուն, որոնք գումարուեցան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ։
Երեքշաբթի, 30 Նոյեմբերին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, վանաբնակ միաբան հայրերու հաւաք տեղի ունեցաւ, որուն նաեւ մասնակցեցան ժամանած թեմակալ առաջնորդները:
Նորին Սրբութիւնը, ողջունելէ ետք հիւր առաջնորդներուն ներկայութիւնը, խօսեցաւ միաբանական կեանքին առնչուած երեւոյթներուն մասին։ Ան շեշտեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը ամբողջական նուիրումով լծուած է հայ ժողովուրդի ծառայութեան՝ թէ՛ թեմերէն ներս եւ թէ՛ Կաթողիկոսարանին մէջ: Հանդիպումին ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը նաեւ անդրադարձաւ հայ ազգն ու հայրենիքը յուզող հարցերու:
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, Չորեքշաբթի, 1 Դեկտեմբերին, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովը ունեցաւ իր լիակատար նիստը՝ ամբողջօրեայ տեւողութամբ: Ժողովական աշխատանքներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ կարգ մը թեմերու առաջնորդները: Կրօնական Ժողովի ատենապետութիւնը վարեցին Օշական եւ Նարեկ արքեպիսկոպոսները:
Ժողովի ընթացքին յաջորդաբար քննարկուեցան Դպրեվանքին, քրիստոնէական դաստիարակութեան, ընկերային ծառայութեան, միջ-եկեղեցական ու միջ-կօրնական յարաբերութեանց, ծիսական բարեկարգութեան, Աստուածաշունչի արեւմտահայերէնի թարգմանութեան, Կաթողիկոսարանի «Հասկ» պաշտօնաթերթի, քահանայից պատրաստութեան առնչուած շարք մը հարցեր: Յատուկ զեկոյցներ տրուեցան վերանորոգուած թանգարանին, մատենադարանին, ձեռագրատան ու հնատիպներու բաժանմունքներուն մասին: «Թռչնոց Բոյն»ի ու տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու վարդապետները, այլ բաժանմունքներու պատասխանատուներու կողքին, զեկոյցներ տուին իրենց աշխատանքներուն մասին:
Երիտասարդութեան ու ծիսական բարեկարգութեան հետ աղերս ունեցող հարցերու քննարկումները յատուկ տեղ գրաւեցին ժողովի ընթացքին: Ժողովականները առիթ ունեցան իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերելու բոլոր քննարկումներուն: Համապատասխան որոշումներ առնուեցան կարգ մը ծրագիրներու գծով, որոնց գործադրութիւնը ընթացքի մէջ դնելու կոչուած յանձնախումբեր նշանակուեցան։
Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց թէ՛ Կաթողիկոսարանի բաժանմունքներուն եւ թէ՛ թեմերուն կատարած լուրջ աշխատանքներուն, հակառակ համաճարակի ստեղծած դժուար պայմաններուն: Ան գոհունակութեամբ նշեց, որ մեր միաբանութիւնը վերանորոգ կերպով կը շարունակէ Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր արժէքները ժողովուրդին տանելու առաքելութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը մասնաւորապէս ընդգծեց քրիստոնէական դաստիարակութեան ու ընկերային ծառայութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս ներկայ ժամանակներուն եւ թելադրեց թեմերուն առաջնահերթ կարեւորութիւն տալ եկեղեցւոյ առաքելութեան յիշեալ մարզերուն: