Առաջնորդարանէն

ԴՈԿՏ. ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆԻ «ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՈՒԱՆԵԼՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ» ԳԻՐՔԸ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 8 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00ին, Ազգային Առաջնորդարանը պիտի հովանաւորէ պատմաբան ու գրականագէտ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի “The Politics of Naming the Armenian Genocide: Language, History and ‘Medz Yeghern’” գիրքին ներկայացումը, որ առաջին հրապարակային ձեռնարկը պիտի ըլլայ Առաջնորդարանին մէջ պսակաձեւ ժահրի համավարակի սկզբնաւորութենէն ի վեր Մարտ 2020ին։ Դոկտ. Մատթէոսեան, որ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետն է 2019էն ի վեր, պիտի կատարէ գիրքին ներկայացումը։

Նորատիպ հատորը կ՚անդրադառնայ «Մեծ Եղեռն» հասկացողութեան ծագումին ու պատմութեան։ Հայոց Ցեղասպանութեան անուանումը քաղաքական շահագործման ենթարկուած է վերջին երկու տասնամեակներուն։ «Յատկապէս շահագրգռուած չէի ցեղասպանութեամբ իբրեւ գիտական հետազօտութիւններուս առանցքային նիւթ, մինչեւ որ Մեծ Եղեռն անուանումը միջազգային բեմ բարձրացաւ այս դարու սկիզբին եւ ժխտողականութեան գործիքի վերածուեցաւ դերակատարներու կողմէ, որոնք անոր իմաստը հաստատելու ո՛չ հեղինակութիւնը եւ ո՛չ ալ անհրաժեշտ գիտութիւն ունէին», ըսած է դոկտ. Մատթէոսեան, որ հայերէն եւ այլ լեզուներով ծաւալուն մատենագիտութեան դիմած է իր ուսումնասիրութեան ընթացքին։

Գիրքը լոյս ընծայած է Bloomsbury Publishingին պատկանող I.B. Tauris հրատարակչատունը։ Ան առաջին հատորն է «Հայերը արդի եւ վաղ արդի աշխարհի մէջ» մատենաշարին։ «Մատթէոսեանի միջգիտակարգային (interdisciplinary) մօտեցումը եւ մանրակրկիտ հետազօտութիւնը այս հասկացութեան ծագումնաբանութիւնը կը լուսաւորէ գիտնականներու եւ պարզ ընթերցողներու համար, եւ անոր ճանապարհը կը գծէ 20րդ եւ 21րդ դարերուն», յայտնած է մատենաշարի խմբագիր փրոֆ. Պետրոս Տէր Մաթոսեան (Նեպրասքայի համալսարան)։

Գիրքը տրամադրելի պիտի ըլլայ ձեռնարկի ընթացքին։ Հատորը նաեւ կարելի է գնել Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն (armenianprelacy.օrg/shop), գրելով books@armenianprelacy.org հասցէին կամ հեռաձայնելով 212-689-7810 թիւին։