Կաթողիկոսարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵՌՕՐԵԱՅ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Այս շաբաթ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ճամբորդեց Լիբանան, ուր մասնակցեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներուն,  որոնք գումարուեցան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ։

Երեքշաբթի, 30 Նոյեմբերին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, վանաբնակ միաբան հայրերու հաւաք տեղի ունեցաւ, որուն նաեւ մասնակցեցան ժամանած թեմակալ առաջնորդները:

Նորին Սրբութիւնը, ողջունելէ ետք հիւր առաջնորդներուն ներկայութիւնը, խօսեցաւ  միաբանական կեանքին առնչուած երեւոյթներուն մասին։ Ան շեշտեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը ամբողջական նուիրումով լծուած է հայ ժողովուրդի ծառայութեան՝ թէ՛ թեմերէն ներս եւ թէ՛ Կաթողիկոսարանին մէջ: Հանդիպումին ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը նաեւ անդրադարձաւ հայ ազգն ու հայրենիքը յուզող հարցերու:

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, Չորեքշաբթի, 1 Դեկտեմբերին, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովը ունեցաւ իր լիակատար նիստը՝ ամբողջօրեայ տեւողութամբ: Ժողովական աշխատանքներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ կարգ մը թեմերու առաջնորդները: Կրօնական Ժողովի ատենապետութիւնը վարեցին Օշական եւ Նարեկ արքեպիսկոպոսները:

Ժողովի ընթացքին յաջորդաբար քննարկուեցան Դպրեվանքին, քրիստոնէական դաստիարակութեան, ընկերային ծառայութեան, միջ-եկեղեցական ու միջ-կօրնական յարաբերութեանց, ծիսական բարեկարգութեան, Աստուածաշունչի արեւմտահայերէնի թարգմանութեան, Կաթողիկոսարանի «Հասկ» պաշտօնաթերթի, քահանայից պատրաստութեան առնչուած շարք մը հարցեր: Յատուկ զեկոյցներ տրուեցան վերանորոգուած թանգարանին, մատենադարանին, ձեռագրատան ու հնատիպներու բաժանմունքներուն մասին: «Թռչնոց Բոյն»ի ու տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու վարդապետները, այլ բաժանմունքներու պատասխանատուներու կողքին, զեկոյցներ տուին իրենց աշխատանքներուն մասին:

Երիտասարդութեան ու ծիսական բարեկարգութեան հետ աղերս ունեցող հարցերու քննարկումները յատուկ տեղ գրաւեցին ժողովի ընթացքին: Ժողովականները առիթ ունեցան իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերելու բոլոր քննարկումներուն: Համապատասխան որոշումներ առնուեցան կարգ մը ծրագիրներու գծով, որոնց գործադրութիւնը ընթացքի մէջ դնելու կոչուած յանձնախումբեր նշանակուեցան։

Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց թէ՛ Կաթողիկոսարանի բաժանմունքներուն եւ թէ՛ թեմերուն կատարած լուրջ աշխատանքներուն, հակառակ համաճարակի ստեղծած դժուար պայմաններուն: Ան գոհունակութեամբ նշեց, որ մեր միաբանութիւնը վերանորոգ կերպով կը շարունակէ Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր արժէքները ժողովուրդին տանելու առաքելութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը մասնաւորապէս ընդգծեց քրիստոնէական դաստիարակութեան ու ընկերային ծառայութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս ներկայ ժամանակներուն եւ թելադրեց թեմերուն առաջնահերթ կարեւորութիւն տալ եկեղեցւոյ առաքելութեան յիշեալ մարզերուն:

Հինգշաբթի, 2 Դեկտեմբերին, նախագահութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովը ունեցաւ իր լիակատար հանդիպումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ժողովին այլ թեմերու պատկանող անդամները: Հանդիպումին ատենապետութիւնը յաջորդաբար վարեցին Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Գրիգոր Մահսերէճեան:
Վեհափառ Հայրապետը ժողովին բացումը կատարելով, ընդհանուր անդրադարձ մը կատարեց անցող ամիսներուն Կաթողիկոսարանի գործունէութեան՝ վարչական, տնտեսական, յարաբերական, շինարարական եւ այլ երեսներուն: Ան շեշտեց, թէ հակառակ համաճարակի ստեղծած դժուար պայմաններուն, Կաթողիկոսարանը իր համազգային առաքելութիւնը շարունակած է:
Լայն քննարկումի նիւթ դարձան Կաթողիկոսարանի ընկերային ծառայութեան առնչուած Ֆանարի ժողովրդային տուներու, Պուրճ Համուտի ժողովրդային բնակարաններու, կարիքաւորներու օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ կրթական ծրագիրներու Կաթողիկոսարանին կողմէ կատարուած նիւթական ներդրումները: Ժողովականները գնահատանքով անդրադարձան Վեհափառ Հայրապետի նախաձեռնութեամբ թէ՛ Կաթողիկոսարանին եւ թէ՛ բարերարներու ներդրումով ընկերային ծառայութեան մարզէն ներս կատարուած աշխատանքներուն: Զեկոյց տրուեցաւ Կաթողիկոսարանի տնտեսական ընդհանուր կացութեան մասին ու պարզուեցաւ, որ ան ժխտականօրէն ազդուած է Լիբանանի տնտեսական եւ դրամատնային տագնապէն: Այս ծիրէն ներս, Կաթողիկոսութեան թեմերու ու բարերարներու օժանդակութիւնը կարեւոր նկատուեցաւ: Նորին Սրբութիւնը յատուկ գնահատանքով անդրադարձաւ զուիցերիաբնակ ազգային բարերար տէր եւ տիկ. Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանի կողմէ Կաթողիկոսարանին միջոցաւ Լիբանանի հայութեան կատարուած օժանդակութեանց, յատկապէս ընկերաբժշկական բնագաւառէն ներս:
Իր օրակարգի երկրորդ բաժինին մէջ, ժողովը հանդիպումներ ունեցաւ «Թռչնոց Բոյն»ի, Ազգ. Բուժարանի, Ազգ. Ծերանոցի, հայագիտական կեդրոնի, «Խաչեր Գալուստեան» Մանկավարժական Կեդրոնի եւ յարակից այլ կառոյցներու տնօրէններուն ու խնամակալներուն հետ: Ժողովը լսեց անոնց զեկոյցները, իր գնահատանքը յայտնեց ու միաժամանակ անհրաժեշտ թելադրութիւններ կատարեց: Ապա, քննարկուեցան թեմերու առնչուած շարք մը հարցեր:
Յիշեալ հանդիպումներուն պիտի յաջորդեն, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, Քաղաքական ու Կրօնական ժողովներուն խառն նիստերը: