ԵԿԷՔ ՅԻՇԵՆՔ
Հարիւր տարի առաջ, 25 Նոյեմբեր 1921ին, երջանկայիշատակ Սահակ Բ. Կաթողիկոս Օսմանեան-թուրք պետութեան պարտադրանքով հեռացաւ Սիսի պատմական ու դարաւոր Կաթողիկոսարանէն՝ իր միաբանութեան հետ միասին: Ան վերջին անգամ ըլլալով համբուրեց Կաթողիկոսարանի Սուրբ Սոֆիա Մայր Տաճարին Ս. Աւետարանն ու Ս. Խորանը եւ ապա Կաթողիկոսարանին բանալիները յանձնեց իր մեկնումը սպասող թուրք ոստիկաններուն։
Երջանկայիշատակ Վեհափառը ինը տարիներ շրջեցաւ՝ Երուսաղէմէն Հալէպ, Կիպրոս եւ վերջապէս Կաթողիկոսարանը հաստատեց Անթիլիասի մէջ, 1930-ին: Վեհափառ Հայրապետին նուիրական կտակին հաւատարմութեամբ, 2015-ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, յանուն ցեղասպանութեան զոհ մեր ժողովուրդին, դատ բացինք Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ՝ պահանջելով Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձը իր իրաւատիրոջ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան: Դատը կը շարունակուի:
ԱՐԱՄ Ա.
Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ