Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ԿՐԱՆԻԹ ՍԻԹԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ձախէն աջ՝ Գոնի Օհանեան, Էտուըրտ Հարոյեան, Մելանի Քինի, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Տ. Դանիէլ Քհն. Մանճիկեան, Լին Յակոբեան եւ Ճէֆրի Յակոբեան

Կիրակի, 5 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պատարագեց ու քարոզեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Կրանիթ Սիթի, Իլինոյ), առընթերակայութեամբ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Դանիէլ Քhն. Մանճիկեանի։ Սուրբ Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնին առթիւ, Սրբազան Հայրը շեշտեց Հայ եկեղեցւոյ առաքելականութեան եւ հաւատացեալներուս առաքելութեան կարեւորութիւնը (տե՛ս քարոզը ստորեւ)։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, նկատի ունենալով ներկայի Օմիքրոն ժահրի ստեղծած անպատեհութիւնը, փակեալ խորանով կարճ յայտագիր մը գործադրուեցաւ եկեղեցւոյ 67րդ տարեդարձին առթիւ։ Հոգաբարձութեան ատենապետը՝ Տիար Ստիվ Յակոբեան (որդի), ընթացիկ տարուան գործունէութիւնը ներկայացուց, առաւելաբար անդրադառնալով նորանշանակ հովիւ՝ Տէր Դանիէլի պաշտօնի ստանձնումին, որ իր երէցկնոջ՝ Վանայի հետ ձեռնարկած է հայ լեզուի դասընթացքի եւ դաստիարակչական այլ ծրագիրներու։ Տէր Դանիէլ, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց իր ընտանիքին հանդէպ ցուցաբերուած ջերմ սիրոյն համար եւ խոստացաւ, հակառակ նորանոր յայտնուող ժահրերու, լաւագոյնս կատարել գաղութային կեանքը յարաբերաբար աշխոյժ պահելու համար։

Հուսկ ապա, Սրբազան Հայրը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ Անթիլիասի մէջ մասնակցելէ ետք ընդ նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռի գահակալ՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ. Տ. Արամ Ա․ Կաթողիկոսի, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ խառն ժողովներուն, այսօր աղօթակից եւ ցնծակից եղած էր գաղութիս հիմնադրութեան, թէպէտ համեստ պայմաններու տակ, բայց յարատեւութեան անկիւնէն դիտուած կարեւոր դարձակէտին առթիւ։ Շնորհաւորեց հովիւի եւ հոգաբարձութեան ջերմ գործակցութիւնը եւ գաղութին զօրակցութիւնը։

Այս առթիւ, Ազգային Առաջնորդարանի գնահատագիր ստացան Ճէֆրի Յակոբեան, Էտուըրտ Հարոյեան, Մելանի Քինի, Լին Յակոբեան եւ Գոնի Օհանեան իրենց բազմամեայ ծառայութեան համար որպէս սարկաւագներ, դպրապետուհի եւ  Տիկնանց Յանձնախումբի անդամ։

«Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» երգով եզրափակուեցաւ տարեդարձի հաւաքը։