Առաջնորդարանէն

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՄԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Երկուշաբթի, 6 Դեկտեմբերի երեկոյեանն, տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին կազմակերպուած կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներու վերապատրաստման առցանց դասընթացքի երրորդ նիստը։ Նիստին մասնակցեցան 20 ուսուցիչներ եւ տնօրէններ։ Աղօթքով բացումը կատարեց Թեմիս առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան։

Արժպ. Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստըր, Մասաչուսեթս), ներկայացուց Հայ Եկեղեցւոյ խորհուրդները, ընդգծելով եօթը խորհուրդներէն իւրաքանչիւրին աստուածաշնչական, ծիսական եւ պատմական տարրերը։

10 |Յունուարին, տիկ. Նուէր Օրանճեան-Պապաճանեան պիտի շարունակէ մանկավարժական նիւթերու դասաւանդութիւնը, որ այս անգամ նուիրուած պիտի ըլլայ դասերու ծրագրումին։