Կաթողիկոսարանէն

Տ. ՂԵՒՈՆԴ Ծ. ՎՐԴ. ԲԷՆԴԷԶԵԱՆ ԿԱՐԳԱԼՈՅԾ ԿԸ ՀՌՉԱԿՈՒԻ

Շիքակոյի (Ա.Մ.Ն) Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ նախկին հոգեւոր հովիւ Տ. Ղեւոնդ Ծ. Վրդ. Բէնդէզեան իր կատարած ուխտին անհաւատարիմ գտնուած ըլլալով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 21 Հոկտեմբեր 2021 թուակիր Հայրապետական վճիռով զինք կարգալոյծ հռչակեց։

Այսուհետեւ Ղեւոնդ Ծ. Վրդ. կը դադրի հոգեւորական ըլլալէ եւ կը դասուի աշխարհականներու կարգին՝ Վարուժան Բէնդէզեան անունով։