Featured, Կաթողիկոսարանէն

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերէն ետք, յիշեալ ժողովները միացեալ հանդիպում ունեցան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Ուրբաթ, 3 Դեկտեմբերին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին կարգ մը թեմերու առաջնորդները: Ըստ Կաթողիկոսութեան կանոնագրութեան, նման միացեալ հանդիպման օրակարգին մաս կը կազմեն Կաթողիկոսութեան, Հայ Եկեղեցւոյ, Հայաստանի, Արցախի եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին առնչուած հարցեր:

Նորին Սրբութիւնը իր բացման խօսքին մէջ ընդհանուր գիծերով պարզեց մեր ժողովուրդին, եկեղեցւոյ եւ հայրենիքին դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները: Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Եպս. յաջորդաբար զեկոյցներ ներկայացուցին իրենց թեմերուն մասին, ներառելով  կրօնական, վարչական, տնտեսական ու յարաբերական աշխատանքներ ու հարցեր: Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրերը ժողովականներուն հարցումներուն պատասխանեցին: Վեհափառ Հայրապետը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ շեշտեց, թէ հրամայական է զօրակցիլ Սփիւռքի յիշեալ մայր գաղութներուն: Ան իր գնահատանքը յայտնեց անցնող տարիներուն Լիբանանի ու Սուրիոյ հայութեան վերականգնումին օժանդակող կառոյցներուն, բարերարներուն ու ազգայիններուն, վստահեցնելով, որ յիշեալ գաղութներու վերականգնումը պիտի շարունակէ առաջնահերթ ըլլալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար:

Նկատի ունենալով, որ կարգ մը թեմեր թեմական կանոնագրային որոշ յօդուածներու փոփոխութիւններ առաջարկած էին, Վեհափառ Հայրապետը թելադրեց, որ բոլոր թեմերը իրենց փորձառութեան լոյսին տակ ճշդեն կանոնագրութեանց մէջ վերատեսութեան կարօտ բաժինները, որպէսզի Ազգ. Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ յառաջիկային գումարուելիք Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը անհրաժեշտ քննարկումն ու վաւերացումը կատարեն:

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան՝ անդամ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատական յանձնախումբին, զեկուցեց դատի ներկայ վիճակին մասին: Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ յառաջիկայ փուլին կարեւոր է մեր ժողովուրդին անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցել, որովհետեւ յիշեալ դատը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին դատն է:

Ձախէն աջ՝ Շահէ Արքեպիսկոպոս (Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ), Անուշաւան Արքեպիսկոպոս (ԱՄՆի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ), Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս (Գանատայի Թեմի Առաջնորդ) եւ Թորգոմ Եպիսկոպոս (ԱՄՆի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ)

Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան զեկոյց ներկայացուց Կաթողիկոսութեան կողմէ Արցախի մէջ կառուցուած «Նոր Կիլիկիա» գիւղին մասին: Յայտնեց, որ գիւղը Արցախի եւ Ազրպէյճանի բաժանման գիծին վրայ կը գտնուի, մաս կազմելով Արցախի ներկայ տարածքին: Հարցումներուն պատասխանելով, ան ժողովին տեղեկացուց, որ գիւղը կը կարօտի որոշ օժանդակութեան: Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, որ անհրաժեշտ է մեր ստանձնած յանձնառութիւնը շարունակել՝ խորհրդակցաբար Արցախի իշխանութեան հետ:

Կաթողիկոսը անդրադարձաւ նուիրապետական աթոռներու գործակցութեան՝ ընդգծելով անոր հրամայական անհրաժեշտութիւնը, իբրեւ մղիչ ոյժը մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան առաւել կենսաւորման: Յիշեցուց, թէ նուիրապետական աթոռները տարբեր պայմաններու մէջ կ՚ապրին, տարբեր դրուածքներ ունին ու տարբեր մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն, սակայն այս բոլորէն վեր՝ մեր Եկեղեցւոյ ու ազգին հաւաքական արժէքներուն ու իտէալներուն ամուր կապը հիմքն է մեր եկեղեցւոյ ներքին միասնականութեան եւ անոր հոգեւոր ու  ազգային առաքելութեան:

Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Արցախի վերջին պատերազմէն ետք ստեղծուած կացութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան: Ժողովը շեշտեց, թէ մեր հաւատարմութիւնն ու զօրակցութիւնը Հայաստանի պետութեան, անոր անկախութեան, հողային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան ու անվտանգութեան պէտք է մնայ ամուր ու ներքին խնդիրներէն վեր: Մեր ազգի կեանքին ներկայ ճակատագրական հանգրուանը պէտք  է բոլորս մղէ մէկդի դնելու բաժանարար մօտեցումները եւ մեր հայրենիքին հզօրացման նպաստող աշխատանքները պէտք է դառնան միացուցիչ շաղախը մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Կաթողիկոսարանի յառաջիկայ աշխատանքներուն գլխաւոր երեսները. ա) Պիտի շարունակուի մինչեւ 1972 թուականը երկարող Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմութեան պատրաստութիւնը, բ) Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է Կաթողիկոսարանի հնատիպներու ու ձեռագիրներու ամբողջացումը ու ապա հրատարակութիւնը, գ) Կը ծրագրուի «Կիլիկիա» եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարաններուն յատուկ առանձին լայնածաւալ ցուցակներ պատրաստել: Այս ծրագիրները կը կարօտին լուրջ աշխատանքի, որուն անմիջապէս պիտի ձեռնարկենք, ինչպէս նաեւ մեկենասներու, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:

Հայր Յովակիմ ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 25 ամեակին առնչուած աշխատանքներուն ընդհանուր պատկերը: Ան ըսաւ, թէ 2020 թուականը Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 25ամեակն էր, սակայն հրապարսկային ձեռնարկները ջնջուեցան, թէ՛ Վեհափառ Հայրապետին փափաքին ընդառաջելով եւ թէ՛ ներկայ պայմանները նկատի ունենալով: Սակայն, այս կարեւոր առիթով շուտով երկու հատորներ լոյս պիտի տեսնեն՝ Նորին Սրբութեան գահակալութիւնը արժեւորող յօդուածներ ներառող շուրջ 600 էջերէ բաղկացած հատոր մը եւ երկլեզուեան նկարազարդ ցուցակ մը: Թեմակալ առաջնորդները առաջարկեցին, որ Վեհափառ Հայրապետը այցելէ թեմերը՝ իր գահակալութիւնը նշելու եւ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղելու համար: Նորին Սրբութիւնը ներկայ պայմաններուն մէջ յարմար չտեսաւ իր հովուապետական այցելութիւնը եւ գահակալութեան 25ամեակի նշումը, յայտնելով, որ էականը մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին ծառայելն է:

Վեհափառ Հայրապետը տեղեկացուց ժողովին, որ 2022 թուականը որոշած է հռչակել «Սփիւռքի Տարի» եւ այս մասին իր Հայրապետական պատգամը Յունուար 2022-ին սկիզբը պիտի հրապարակուի: Ժողովականները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետի այս իմաստուն որոշման համար, շեշտելով Սփիւռքի վերակազմակերպման անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը: Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոսի առաջարկին ընդառաջելով, ժողովը ճշդեց Միւռոնօրհնէքի եւ Ազգային Ընդհանուր Ժողովի թուականները:

Իր փակման խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ հակառակ ստեղծուած դժուար պայմաններուն, Աստուծոյ օրհնութեամբ ու մեր ժողովուրդին զօրակցութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով պիտի շարունակէ իր ծառայական առաքելութիւնը: