ՈՐԴԵԳՐԵԼՈՒ ՊԱՏԻՒԸ ԵՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Կը ցաւիմ որ անցեալ Հինգշաբթի չկրցայ ձեր հետ ըլլալ, որովհետեւ Լիբանան ճամբորդած էի, մասնակցելու համար Մեծի Տան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական խառն ժողովներուն, ընդ նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռին գահակալ՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Կաթողիկոսին։
Ժողովի մասին զրուցելու այլ առիթ կ՛ըլլայ, առ այժմ կը փափաքիմ շարունակել շաբաթօրեայ դրութեամբ մեր փորձառութիւնները փոխանցելու աւանդութիւնը, առաւել եւս ամրացնելու համար մեր ծուխերը, ինպէս նաեւ օժանդակելու համատարած մեր գաղութներուն։
Վստահ եմ, որ այլ նահանգներ ճամբորդելու ատեն բոլորիդ ուշադրութիւնը գրաւած են մեծ կամ փոքր լուսազդեր կամ ցուցատախտակներ։ Ասոնցմէ մին, որ ամենէն աւելին զիս հետաքրքրած է՝ հետեւեալն է․ «Մայրուղի մը – Highway մը որդեգրէ»։ Որդեգրել մէկը, կամ բան մը, միշտ ալ ազնիւ արարք է, որ կ՛արտայայտէ բաժնեկցելու սքանչելի ոգին, ըլլայ անձի մը կամ հաստատութեան մը, իսկ այս պարագային՝ հանրային փոխադրութիւնը դիւրացնող միջոցի մը հանդէպ։
Առաջին անգամ Մայրուղիի հովանաւոր ըլլալու հրաւէր-ազդը կարդացի Նիւ Եորքի Queens քաղաքամասի Clearview Expresswayին վրայ, որ Grand Central Parkwayը կը միացնէ Throgs Neck կամուրջին, եւ ապա Interstate Highway 95ին։ Կարդալէ ետք բաւականին սուղ արժող այս ազդը, անկեղծօրէն խօսելով ես ինծի հետ, ըսի, ես՝ ո՜ւր, Մայրուղի հովանաւորելը՝ ուր, այնուամենայնիւ մաղթեցի որ հարուստներ ընդառաջեն նման հովանաւորութեան։
Դուրս գալէ ետք Clearview մայրուղիէն, երբ տունս կ՛ուղեւորուէի, մայթին վրայ տեսայ անտունի մարդ մը, որուն ողջ ունեցուածքը կառքի մը վրայ ամփոփուած էր։ Ինքնաբուխ հարցում մը արթնցաւ մէջս. «Եթէ կարող չէի մայրուղի մը հովանաւորել, արդեօք չէի՞ կրնար անտունիի մը օժանդակել»։ Եւ ահա, այդ օրէն ի վեր ամէն շաբաթավերջին նուէրս կ՛ընեմ իրեն։ Ըսեմ որ ներքին ուրախութիւն մը կը համակէ ողջ էութիւնս, մտածելով որ թէեւ աննշմար, սակայն դրական տարբերութիւն մը կը բերեմ իր կեանքին մէջ։ Նաեւ խոստովանիմ որ աշխարհայեացքս շատ բաներով օգտուած է իրմէ, որ կը թուի, որ ոչինչ ունի։
Անձնական այս փորձառութիւնը բաժնելէ ետք, ուրախ եմ յայտնելու, որ անցեալ Հինգշաբթի, երբ Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Շահէ Արքեպիսկոպոսին հանդիպեցայ, Սրբազան Հայրը իր սրտագին շնորհակալութիւնը յայտնեց մեծ եւ փոքր բոլոր նուիրատուներուն, որոնք սրտաբուխ կերպով իրենց օժանդակութիւնը կը բերեն Լիբանանահայ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն բարօրութեան։ Այս առթիւ, Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ անոնք որոնք կը փափաքին աշակերտի մը կրթաթոշակին մասնակի ծախսը հոգալ, կրնան 250 տոլար նուիրել։
Այս առթիւ, ուրախ եմ նաեւ յայտնելու, որ Լիբանանահայ Օգնութեան մեր Ֆոնտը հասաւ 124.200 տոլարի։
Թող Ամենաբարին Աստուած բոլորիս շնորհէ առողջութիւն եւ բարգաւաճութիւն, որպէսզի շարունակենք մեր կարիքաւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն հասնիլ, եւ փոխադարձաբար վայելենք ներքին անկորնչելի ուրախութիւն եւ խաղաղութիւն։