ԿԻՐԱԿԻ, 12 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ Գ. ԿԻՐԱԿԻ ՅԻՍՆԱԿԻ (Ս. ՅԱԿՈԲԻ ՊԱՀՈՑ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ)
ԿԻՐԱԿԻ, 12 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Գ. ԿԻՐԱԿԻ ՅԻՍՆԱԿԻ
(Ս. ՅԱԿՈԲԻ ՊԱՀՈՑ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ)
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 37.14-38
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ 14:12-24
Ապա Յիսուս տանտիրոջ ըսաւ.
– Երբ ճաշի կամ ընթրիքի հրաւէր կու տաս, մի՛ կանչեր բարեկամներդ կամ եղբայրներդ, ազգականներդ եւ հարուստ դրացիներդ, որպէսզի չըլլայ որ անոնք ալ քու հրաւէրիդ փոխարէն քեզ հրաւիրեն, եւ այս ձեւով քեզի հատուցում կատարած ըլլան: Ընդհակառակը, երբ ճաշկերոյթ կու տաս, կանչէ աղքատներն ու խեղանդամները, կաղերն ու կոյրերը, եւ այն ատեն երանելի պիտի ըլլաս, որովհետեւ անոնք փոխարէնը քեզի հատուցանելիք ոչինչ ունին: Եւ գիտցած եղիր, որ քու հատուցումդ պիտի ստանաս արդարներու յարութեան ժամանակ:
Երբ սեղանակիցներէն մէկը այս խօսքերը լսեց, ըսաւ Յիսուսի.
– Երանի՜ անոր որ Աստուծոյ արքայութեան մէջ ճաշ պիտի ուտէ:
Յիսուս անոր հետեւեալ առակը պատմեց.
– Մարդ մը կար, որ մեծ ընթրիք մը սարքեց եւ շատեր հրաւիրեց: Ընթրիքի ժամուն իր ծառան ղրկեց, որպէսզի հրաւիրեալներուն ըսէ. «Եկէք, ամէն ինչ պատրաստ է արդէն»: Հրաւիրեալները սկսան մէկ առ մէկ հրաժարիլ: Առաջինը ըսաւ. «Արտ մը գնեցի, պէտք է երթամ եւ տեսնեմ զայն, հետեւաբար կը խնդրեմ որ ներողամիտ գտնուի»: Միւսը ըսաւ. «Հինգ զոյգ եզ գնեցի, պէտք է երթամ փորձեմ զանոնք, հետեւաբար կը խնդրեմ որ ներողամիտ գտնուի»: Ուրիշ մը ըսաւ. «Տակաւին նոր ամուսնացայ, հետեւաբար չեմ կրնար գալ»: Ծառան վերադարձաւ եւ իր տիրոջ պատմեց անոնց ըսածները: Այն ատեն տանտէրը վրդոված, ըսաւ ծառային. «Անմիջապէս քաղաք գնա՛ եւ հրապարակներուն ու փողոցներուն մէջ որքան որ աղքատ, խեղանդամ, կաղ եւ կոյր տեսնես՝ բոլորն ալ հոս բեր»: Քիչ ետք ծառան վերադառնալով իր տիրոջ ըսաւ. «Տէ՛ր, հրամանդ կատարեցի, բայց տակաւին տեղ կայ»: Տէրը ծառային հրամայեց. «Քաղաքէն դո՛ւրս գնա եւ ճամբաներուն վրայ ու դաշտերուն մէջ ո՛վ որ գտնես՝ ստիպէ որ գայ, որպէսզի տունս լեցուի: Կ’ըսեմ ձեզի, որ առաջին հրաւիրեալներէն ո՛չ մէկը իմ ընթրիքէս պիտի ճաշակէ»:
Բ. ԹՈՒՂԹ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 1:1-12
Մենք՝ Պօղոս, Սիղուանոս եւ Տիմոթէոս, կը գրենք ձե զի՝ Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին, որ մեր Հօր Աստուծոյ եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի կը պատկանի: Թող Աստուած՝ մեր Հայրը եւ Տէր Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի:
Եղբայրնե՛ր, պարտք կը զգանք եւ արդար կը գտնենք ձեզի համար միշտ գոհութիւն յայտնել Աստուծոյ, որովհետեւ ձեր հաւատքը հետզհետէ աւելի կ’աճի եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին սէրը իրարու հանդէպ աւելի կը խորանայ: Աստուծոյ եկեղեցիներուն մէջ մենք կը պարծենանք ձեզմով, այն համբերութեան եւ հաւատքին համար, որ դուք ցուցաբերեցիք ձեր կրած բոլոր հալածանքներուն եւ նեղութիւններուն մէջ:
Ձեր համբերութիւնն ու հաւատքը ապացոյցը պիտի ըլլան Աստուծոյ արդար դատաստանին, որովհետեւ դուք արժանի պիտի ըլլաք Աստուծոյ արքայութեան, որուն համար այդքան կը տանջուիք: Արդարեւ, Աստուծոյ համար արդարութիւն պիտի ըլլայ ձեզ չարչարողները տանջանքով պատժել, իսկ ձեզի՝ տանջուածներուդ, հանգիստ պարգեւել մեզի հետ միասին, երբ մեր Տէրը` Յիսուս, հրեշտակներու
իր բանակով երկինքէն յայտնուի: Անիկա բոցավառ կրակով պիտի պատժէ անոնք՝ որոնք կը մերժեն զԱստուած ճանչնալ եւ հնազանդիլ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանին: Այն օրը, այդպիսիները յաւիտենական մահուամբ պիտի պատժուին, զրկուելով Տիրոջ ներկայութենէն եւ անոր փառաւոր զօրութենէն, երբ անիկա գայ իր սուրբերուն մէջ փառաւորուելու եւ բոլոր իրեն հաւատացողներուն հիացումին առարկան ըլլալու:
Այն օրը դո՛ւք ալ անոնց մէջ պիտի ըլլաք, որովհետեւ հաւատացիք մեր տուած վկայութեան: Ահա թէ ինչու՝ միշտ կ’աղօթենք ձեզի համար, որպէսզի Աստուած ձեզ արժանի ընէ այդ կոչումին, իր զօրութեամբ կատարէ ձեր բոլոր բարի փափաքները եւ արդիւնաւորէ ձեր հաւատքը, որպէսզի ձեզմով փառաւորուի մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունը, եւ դուք փառաւորուիք իրմով, մեր Աստուծոյն եւ Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի պարգեւած շնորհքովը: