Հայ լեզուի անկիւնը

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՈՀԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Թէեւ ամերիկեան Thanksgivingը տեղական բնոյթ ունի, սակայն thanksgiving բառը գոյութիւն ունեցած է տօնէն առաջ, ինչպէս եւ անոր թարգմսնութիւնները։ Եթէ բառին կը վերադառնանք տօնէն շաբաթներ ետք, պատճառը այն է, որ շնորհակալութիւն յայտնել եւ ուրախութիւն ու բարիք սերմանելը մէկ օրուան գործ չեն։

Քանի որ thanksgiving բառը գոյութիւն ունէր տօնին հսստատումէն առաջ, պէտք չէ զարմանաք, որ գոհաբանութիւն բառը հնարուած չէ, որովհետեւ պէտք է անպայման ամէն բառի հայերէնը ունենանք, ինչպէս ոմանք կրնան կարծել։

1991էն շատ առաջ, յիշենք, գոյութիւն ունէր Գոհաբանական Մաղթանք մը Հայաստանի առաջին անկախութեան համար, զոր այսօր կը շարունակենք գործածել՝ առաջին եւ երկրորդ անկախութիւններու իւրաքանչիւր տարեդարձին առիթով։ Աղօթքը գրած է օրուան Եգիպտոսի առաջնորդը՝ Թորգոմ Եպս. Գուշակեան, որ հետագային Երուսաղէմի պատրիարք եղած է։ Անշուշտ, Թորգոմ Եպս. հնարած չէր գոհաբանութիւն բառը, որ արդէն գոյութիւբ ունէր Ժամագիրքին մէջ, իբրեւ մէկ հատուածը սարկաւագի յորդորին գիշերային աղօթքներու ընթացքին. «Արժանաւորեա՛ զմեզ. Տէր` սուրբ սրտիւ. եւ հրեշտակային երգով գոհաբանութիւն մատուցանել Տեառն Աստուծոյ ամենակալիդ. կեցո՛ եւ ողորմեա՛»։

Հետաքրքրական է նշել, որ գոհաբանութիւն բարդ բառ մըն է, ուր գոհ կը նշանակէ «գոհունակ» գրաբարի մէջ, ուր գոհութիւն բառը կ՚արտայայտէր թէ՛ ուրախութեան եւ թէ՛ երախտագիտութեան իմաստները։ Ուրախութիւնը կը գոյացնէ բսւարարութիւն (գոհ բառի արդի հայերէն իմաստը)։ Իսկ բան-ը, անշուշտ, «խօսք»ի իմաստը ունի, ինչպէս գրուած է  Ծննդոց 1.1 առաջին տողին մէջ. «Ի սկզբանէ էր Բանն…»։

Ուրեմն՝ գոհաբանութիւնը կ՚արտայայտէ գոհունակութիւնը առ Աստուած իր պարզագոյն իմաստով։ Ու որպէս այդպիսին, ճշմարիտ քրիստոնեայի մնայուն արտայայտութիւնն է։