Կաթողիկոսարանէն

«ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Վերջին երկու տարիներու ընթացքին, վերանորոգութեան ու վերադասաւորման զանազան ծրագիրներ իրագործուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, եւ Կիլիկեան Աթոռի զաւակներուն բարերարութեան շնորհիւ։ Թէեւ Վեհափառ Հայրապետին փափաքն էր վերաբացման արժանի հանդիսութիւն կատարել իւրաքանչիւր ծրագրի իրագործման աւարտին՝ բարերարներու ներկայութեան, սակայն վերջին տարիներուն թէ՛ համաճարակը, թէ՛ Արցախի պատերազմը եւ թէ՛ Լիբանանի իրավիճակը թոյլ չտուին անոնց իրականացումը։

Անցեալ երկու տարուան ընթացքին իրագործուեցան հետեւեալ կառոյցներու աշխատանքները.

ա) Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի վերանորոգում, բարերարութեամբ տէր եւ տիկ. Յովսէփ Պոյաճեանի (Լոս Անճելըս)։

բ) «Կիլիկիա» թանգարանի վերանորոգում եւ վերադասաւորում, բարերարութեամբ տէր եւ տիկ. Կարօ Էշկիեանի (Լոս Անճելըս)։

գ) «Կիլիկիա» մատենադարանի վերանորոգում եւ վերադասաւորում, բարերարութեամբ տէր եւ տիկ. Տիգրան Ճիյէրճեանի (Մոնաքօ)։

դ) Հնատիպներու եւ ձեռագիրներու բաժանմունքներու հաստատում եւ վերադասաւորում, բարերարութեամբ դարձեալ տէր եւ տիկ. Տիգրան Ճիյէրճեանի (Մոնաքօ)։

2 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու հանդիպումներուն աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ Կաթողիկոսարանին կարեւոր կառոյցներու վերանորոգութեան առիթով հակիրճ հանդիսութիւն։

«Կիլիկիա» թանգարանի մուտքին, շրջապատուած առաջնորդ Սրբազաններով, ժողովականներով ու միաբան հայրերով, Հայրապետը փոխանցեց իր պատգամը եւ ըսաւ, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բարերարները գործնապէս մասնակից կը դառնան մեր Ս. Աթոռին համազգային առաքելութեան։ Ան նաեւ ընդգծեց, որ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը հաւաքական է եւ իւրաքանչիւր հայորդի իր իւրայատուկ տեղն ու դերը ունի այդ առաքելութեան ճանապարհին վրայ։ Իր խօսքի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց բարերարները, աղօթելով, որ Աստուած մեր եկեղեցւոյ ու ազգի բոլոր բարերարներուն պարգեւէ առողջութիւն ու արեւշատութիւն, որպէսզի անոնք կարենան շարունակել իրենց Աստուածահաճոյ ծառայութիւնը։