Առաջնորդարանէն, Լուրեր

ԱՄՆ-Ի ՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ԿՈՉԸ ՆԱԽԱԳԱՀ ՃՕ ՊԱՅՏԸՆԻՆ

9 Դեկտեմբեր, 2021

Յարգելի նախագահ Պայտըն,

Այսու կը գրենք իբրեւ հայ ծագումով ամերիկացի քրիստոնեաներու հոգեւոր պետեր, խնդրելու, որ դադրեցնէք Միացեալ Նահանգներու կողմէ ամէն ռազմական օժանդակութիւնը Ատրպէյճանի պէս հարուստ երկիր մը, որ իր հարստութիւնը օգտագործած է յարձակելու եւ ցեղային մաքրագործման ենթարկելու քրիստոնեայ հայերը, որոնք կ՚ապրին մեր հին ու բնիկ հայրենիքին վրայ։

Մենք ողջունեցինք ձեր զօրակցութիւնը իբրեւ ծերակուտական՝ Ազատութեան աջակցութեան թիւ 907 օրէնքին, եւ քաջալերական գտանք ձեր կոչը իբրեւ նախագահական թեկնածու, որպէսզի ձեր նախորդը պարտադրէր այս օրէնքին կիրարկումը։ Ճիշդ էր ձեր գնահատումը, թէ Ատրպէյճանը խախտած էր այս օրէնքին թէ՛ ոգին եւ թէ՛ տառը։ Այս խնդրին առնչութեամբ ձեր կեցուածքէն ներշնչուած, այժմ ձեզմէ կը հայցենք, որ թիւ 907ի օրէնքի ձեր ընծայած բացառութիւնը (waiver) չեղեալ նկատէք եւ լիովին պարտադրէք ԱՄՆի օրէնքի այս տրամադրութեան գործադրումը։

Ինչպէս գիտէք, Հայաստան՝ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգը, այսօր ծովային հաղորդակցութենէ զուրկ, շրջափակուած ու ցեղասպանութեան վերապրող պետութիւն մըն է, որ կ՚աշխատի գոյատեւել համաշխարհային ազատութեան սահմաններուն վրայ։ Միացեալ Նահանգները պէտք է զօրակցի ամէն ձեւով Հայաստանին, ինչ որ պէտք է սկսի վերջ տալով ԱՄՆի որեւէ զինուորական օժանդակութեան երկրի մը, որ մեր հինաւուրց ազգը պիտի ջնջէ աշխարհի քարտէսէն։ Որպէս ամերիկացիներ, բնաւ մեղսակից չենք կրնար ըլլալ նման ցեղասպան բրտութեան։

Այս մտահոգութիւններուն լոյսին տակ, եւ տրուած ըլլալով Ատրպէյճանի լայնօրէն վաւերագրուած ընթացքը՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած մարդկային իրաւունքներ խախտելու, կոչ կ՚ուղղենք ձեզի առկախելու ԱՄՆի ապահովութեան եւ ռազմական օժանդակութիւնը Ատրպէյճանին։

Կը յուսանք իրազեկ դառնալ ձեր վերանորոգ նախաձեռնումին՝ հայ քրիստոնեայ կեանքեր փրկելու ի խնդիր։

Աղօթարար՝

 ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Առաջնորդ, Արեւմտեան Թեմ (Էջմիածնական)

 

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ

Առաջնորդ, Արեւելեան Թեմ (Կիլիկեան)

 

ԴԱՆԻԷԼ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՖՆՏԸՔԵԱՆ

Առաջնորդ, Արեւելեան Թեմ (Էջմիածնական)

 

ԹՈՐԳՈՄ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏՕՆՈՅԵԱՆ

Առաջնորդ, Արեւելեան Թեմ (Կիլիկեան)

 

ՄԻՔԱՅԷԼ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ

 

ՎԵՐՊ. ՀԵՆՏՐԻԿ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ

Հովիւ, Հայ Աւետարանական Միութիւն

 

ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ

Տնօրէն, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն