Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԳԷՈՐԳԻ ԵԱԿՈՒԼՈՎ (մահ՝ 28 Դեկտեմբեր, 1928)

Նկարիչ եւ արուեստի տեսաբան Գէորգի Եակուլով խորհրդային բեմանկարչութեան հիմնադիրներէն մէկը եղած է եւ իր անունով մշակած է «եակուլովեան տեսութիւն»ը, որուն սկզբունքները լայնօրէն կիրարկուած են թատրոնի մէջ։

Գէորգի Եակուլովը (բուն անունով՝ Գէորգ Եակուլեան) ծնած է Թիֆլիս, 14 Յունուար, 1884ին։ Հօր մահէն ետք, 1893ին ընտանիքով փոխադրուած է Մոսկուա։ 1893-1898ին ուսանած է Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանը, իսկ 1901-1903ին՝ գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան ուսումնարանին մէջ։ 1903ին իբրեւ կամաւոր ծառայած է Կովկասեան գունդին մէջ, իսկ 1904-1905ին մասնակցած՝ ռուս-ճափոնական պատերազմին։

Եակուլով մասնագիտացած է ինքնակրթութեամբ։ Ստեղծագործած է հիմնականին բեմանկարչութեան, գեղանկարի եւ կրաֆիք արուեստի կալուածներուն մէջ։ Տարբեր գործերով ցուցահանդէսներու մասնակցած է Մոսկուայի մէջ։

1908ին շրջագայած է Իտալիոյ, իսկ 1911-1913ին՝ Ֆրանսայի ու Գերմանիոյ մէջ, շփուելով ժամանակի նշանաւոր արուեստագէտներու հետ եւ ուսումնասիրելով արուեստի պատմութիւն։ Իր գործերուն մէջ համադրած է Արեւելքի ու Արեւմուտքի մշակոյթներու աւանդութիւնները, ստեղծած է գոյներու տեղաշարժի, գիծի ու լոյսի փոխյարաբերութեան եւ ոճերու ծագման տեսութիւն։ Մոսկուայի սենեկային թատրոնին մէջ իր կատարած առաջին բեմանկարչական աշխատանքները բարձր գնահատականի արժանացած են։ Եակուլով բեմանկարչութեան մէջ ընդգծած է ճարտարապետական յարդարանքներու եւ գեղանկարչութեան համադրութեան անհրաժեշտութիւնը։

Ռուսական միջավայրին մէջ լայն գործունէութիւն ծաւալած արուեստագէտը հայ մշակոյթի ու մտաւորականութեան հետ իր կապերը չէ խզած։ 1914ին, Եակուլով հանդէս եկած է հայ մտաւորականներու հետ Մոսկուայի մէջ՝ հայ մշակոյթի պաշտպանութեամբ։ 1917ին շարք մը կտաւներով մասնակցած է Հայ Արուեստագէտների Միութեան ցուցահանդէսին Թիֆլիսի մէջ։

1918-1926ին, Եակուլովի տիրական անուն դարձած է Մոսկուայի բեմանկարչութեան մէջ։  1918ին, քաղաքի Հայ Դրամատիկական Ստուդիայի հիմնադիրներէն էր ու յետոյ եղաւ ձեւաւորման բաժնի վարիչը։ Ռուբէն Սիմոնովի համագործակցութեամբ, բեմադրած է Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկանները» եւ Գաբրիէլ Սունդուկեանի «Պէպո»ն (1924-1925)։ Հայաստանի Առաջին պետական թատրոնին մէջ (այժմ՝ Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան թատրոն), ձեւաւորած է Ուիլիըմ Շէյքսփիրի «Վենետիկի վաճառականը» եւ Ալեքսանդր Շիրվանզադէի «Մորգանի խնամին» ներկայացումները (1926-1927), որոնք սկզբունքային նշանակութիւն ունեցած են հայ բեմանկարչութեան զարգացման համար։ Եակուլով հեղինակած է 1927ին Սերկէյ Տիակիլեւի խումբին կողմէ ներկայացուած Սերկէյ Փրոքոֆիեւի «Պողպատէ ցատկ» բեմապարի լիպրեթոն եւ ձեւաւորումը։

Կեանքի վերջին տարիներուն, նկարիչը ստեղծած է ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանի, բանաստեղծ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի, բժիշկ Արտաշէս Մելիք-Ադամեանի դիմանկարները եւ Դիլիջանի բեմանկարներու շարքը։

Օգոստոս 1928ին, Գէորգի Եագուլով մեկնած է Դիլիջան՝ թոքախտէ բուժում ստանալու համար։ Մահացած է 28 Դեկտեմբեր, 1928ին, Երեւանի մէջ, եւ թաղուած՝ Մոսկուայի մէջ։ Անոր գործերու յետմահու ցուցահանդէսներ կազմակերպուած են Երեւանի (1959, 1967, 1975 եւ 1984) եւ Մոսկուայի մէջ (1975 եւ 2015)։