ԴՊՐՈՑԻ ՆՈՐՈԳՈՒՄ՝ ԼՈՌԻԻ ՄԷՋ

Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ (Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, վերջերս հովանաւորած է Ամրակից գիւղի (Լոռի) միջնակարգ դպրոցի խոհանոցին եւ բաղնիքներուն վերանորոգումը, ի պատիւ իր ձեռնադրութեան կնքահօր ու կնոջ՝ տէր եւ տիկ. Ռիչըրտ եւ Նորա Սարաճեաններուն։ Այս վերանորոգումը կատարուած է «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» (Teach for Armenia) կազմակերպութեան միջոցով եւ ուղղուած է բարւոքելու դպրոցին ու աշակերտութեան ուսումնական պայմանները։