Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՋԻՄ ԹՈՐՈՍԵԱՆ (մահ՝ 5 Յունուար, 2014)

1970ական թուականներու Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետը՝ Ջիմ Թորոսեան, Հայաստանի մայրաքաղաքի ժամանակակից դէմքը ձեւաւորողներէն մէկն էր։

Ծնած էր 18 Ապրիլ, 1926ին, Երեւանի մէջ։ Աւարտած է Երեւանի բազմարուեստից հիմնարկը (պոլիտեխնիկական ինստիտուտ) (1949) եւ Խորհրդային Միութեան ճարտարապետութեան ակադեմիան (1954)։ Այնուհետեւ, վերադարձած է Երեւան եւ սկսած է դասաւանդել բազմարուեստից հիմնարկի ճարտարապետութեան ճիւղին մէջ (այժմ՝ Հայաստանի ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան ազգային համալսարանի մէկ ճիւղը), ուր փրոֆեսորի տիտղոսը ստացած է 1979ին։ 1957ին անդամակցած է Հայաստանի Ճարտարապետներու Միութեան եւ յաջորդ տարի ստանձնած՝ «Երեւան նախագիծ» հիմնարկի ճարտարապետութեան արուեստանոցի վարիչի պաշտօնը։ 1962-1964ին, Ճարտարապետներու Միութեան նախագահի տեղակալը եղած է։

Թորոսեան շինած է Օշականի հայ գիրերու յուշարձանը (1962)։ 1960-1990ական թուականներուն, բազմաթիւ այլ կոթողներ շինած է՝ քանդակագործներ Նիկողայոս Նիկողոսեանի եւ Արա Շիրազի համագործակցութեամբ՝ Միքայէլ Նալբանդեանի, Պարոյր Սեւակի, Աւետիք Իսահակեանի, Ալեքսանդր Միասնիկեանի, Եղիշէ Չարենցի, Վիկտոր Համբարձումեանի արձանները։ Նաեւ ստեղծած է Պարոյր Սեւակի ու Մարտիրոս Սարեանի տապանաքարերը եւ Ուիլիըմ Սարոյեանի մահարձանը։ Իսահակեանի յուշարձանը (Գիւմրիի մէջ) Խորհրդային Միութեան պետական մրցանակը շահած է 1977ին, իսկ Մարտիրոս Սարեանի տապանաքարը (Կոմիտասի անուան պանթէոն)՝ Խ. Միութեան գեղարուեստի ակադեմիայի ոսկեայ մետալը (1981)։

1971-1981ին, Ջիմ Թորոսեան Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետն էր։ Ալեքսանդր Թամանեանի մոռցուած նախագիծը վերակենդանացուցած է՝ քաղաքի հիւսիսային եւ կեդրոնական մասերը իրարու կապելու ջրվէժներու եւ պարտէզներու լայն բաժինով, եւ նոր գաղափարներ մուծած է, ինչպէս արտաքին աստիճաններ, շարժասանդուխներ եւ սրահներու, բակերու եւ բացօթեայ պարտէզներու ցանց մը։ «Կասկադ»ի շինարարութիւնը սկսած է 1980ական թուականներուն, բայց կիսատ մնացած է 1988ի երկրաշարժի եւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք։ 2002ին, ամերիկահայ հանգուցեալ բարերար Ճերըրտ Գաֆէսճեան գաղափարը վերստին կեանքի կոչած է՝ քաղաքապետարանի եւ Հայաստանի կառավարութեան գործակցութեամբ, եւ ծնունդ տուած՝ Կասկադի մերօրեայ գօտիին։

Թորոսեան հեղինակած է նաեւ «Հանրապետութեան հրապարակ» (նախապէս՝ «Լենինի հրապարակ») մեթրոյի կայարանը՝ վերգետնեայ եւ ստորգետնեայ կառոյցներու համալիրով, որ շահած է Հայաստանի պետական մրցանակը 1983ին։ Շատ մը այլ շէնքերու եւ կառոյցներու կարգին, անոր կը պարտինք Սրտաբանութեան Հետազօտութեան Հիմնարկը (1964-1969), Ժամանակակից Արուեստի Թանգարանը (1982-1985), Երեւանի քաղաքապետարանի նախկին շէնքը եւ այժմու շէնքը՝ Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանով (2004), Սպիտակի կեդրոնական հրապարակը (1998-2005), Ս. Էջմիածնի բացօթեայ խորանը (2001) եւ այլ շինութիւններ։

Իր երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին, Ջ. Թորոսեան պարգեւատրուած է բազմաթիւ տիտղոսներով եւ մետալներով՝ Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ։ Երեւանի եւ Սպիտակի պատուաւոր քաղաքացի էր։ Մահացած է 5 Յունուար, 2014ին ու թաղուած՝ Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ։