Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 9 ՅՈՒՆՈՒԱՐ Դ. ՕՐ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ 1:26-38

Եղիսաբէթի յղութեան վեցերորդ ամսուան, Աստուած Գաբրիէլ հրեշտակը ղրկեց Գալիլեայի Նազարէթ քաղաքը, կոյսի մը մօտ, որ նշանուած էր Դաւիթի սերունդէն Յովսէփ անունով մէկու մը հետ: Կոյսին անունը Մարիամ էր: Հրեշտակը Մարիամի գալով ըսաւ.

Ուրախացի՛ր, շնորհալի՛ կոյս, որովհետեւ Աստուած քեզի հետ է:

Մարիամ այս խօսքին վրայ խռովեցաւ. կը մտածէր թէ ի՛նչ կը նշանակէ այս ողջոյնը: Սակայն հրեշտակը ըսաւ իրեն.

Մի՛ վախնար, Մարիա՛մ, որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքին արժանացար: Ահա պիտի յղանաս եւ զաւակ մը ծնիս, որ Յիսուս պիտի կոչես: Անիկա մեծ պիտի ըլլայ եւ Բարձրեալին Որդին պիտի կոչուի: Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը՝ Դաւիթի գահը, եւ անիկա Յակոբի սերունդներուն վրայ յաւիտեանս պիտի թագաւորէ: Անոր թագաւորութիւնը անվախճան պիտի ըլլայ:

Մարիամ ըսաւ հրեշտակին.

Ատիկա ի՞նչպէս կրնայ պատահիլ, երբ ամուսնացած չեմ:

Հրեշտակը պատասխանեց.

Սուրբ Հոգին քեզի պիտի գայ եւ Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ պիտի հանգչի. ուստի ծնելիք զաւակդ սուրբ է եւ Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի: Ահա ազգականդ Եղիսաբէթն ալ, հակառակ ծեր եւ ամուլ ըլլալուն՝ վեցերորդ ամիսն է որ յղի է: Գիտցի՛ր, որ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ:

Մարիամ ըսաւ.

Աստուծոյ աղախինն եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ:

Ապա հրեշտակը գնաց Մարիամի քովէն:

 

ՆԱՄԱԿ ԳԱՂԱՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 4։1-7

Բայց գիտցէ՛ք նաեւ, թէ ժառանգորդ մը թէպէտ ամբողջ ժառանգութեան իսկական տէրն է, բայց որքան ատեն որ անչափահաս է՝ տարբերութիւն չունի ծառայէ մը, քանի խնամակալներու եւ հոգաբարձուներու ենթակայ է, մինչեւ հասնի իր հօրը որոշած ժամանակակէտը: Նոյնն է մեր ալ պարագան: Որքան ատեն որ հոգեւորապէս անչափահաս էինք՝ բնութեան ոյժերուն կ’ենթարկուէինք ու կը ծառայէինք: Բայց հիմա յարմար ժամանակը հասած համարելով, Աստուած աշխարհ ղրկեց իր Որդին, որ կնոջմէ մը ծնաւ եւ Օրէնքին տակ ապրեցաւ, որպէսզի մեզ Օրէնքին գերութենէն փրկէ եւ Աստուծոյ որդիներ դարձնէ: Արդ, որովհետեւ իր որդիներն ենք՝ Աստուած մեր սիրտերուն մէջ ղրկեց իր Որդիին Հոգին, որով զԱստուած «Աբբա», այսինքն «Հայր» կը կոչենք: Ուստի այլեւս ծառայ չէք, այլ՝ որդի. եւ քանի որդի էք՝ Աստուծոյ խոստումը պիտի ժառանգէք: