Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ԽՈՆԱՐՀԻԼԸ՝ ԲԱՐՁՐԱՆԱԼՈՒ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆ

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 2 Յունուար)

Այսօր, Յինանց վեցերորդ Կիրակի օրուան աւետարանական ընթերցումը նշանակուած է Ղկ 22. 24-30: Աւետարանիչը կը նկարագրէ առաքեալներու մէջ տեղի ունեցած վիճաբանութիւն մը, թէ իրենց մէջէն ո՞վ պիտի ըլլայ մեծը։ Մեր Տէրը հայրական հոգածու հասկացողութեամբ կը լուսաբանէ զիրենք, ըսելով, թէ՝ «Ազգերու թագաւորները կը տիրեն իրենց ժողովուրդներուն վրայ եւ իշխողները բարերար կը կոչուին իրենց հպատակներուն կողմէ: Բայց ձեր պարագային այդպէս պէտք չէ ըլլայ: Ընդհակառակը, ձեր մէջէն ամենէն մեծը թող ամենէն պզտիկին պէս ըլլայ, եւ առաջնորդը՝ սպասաւորին պէս»։

Եկեղեցւոյ Հայրերը հոյակապ իմաստութեամբ դասաւորած են առհասարակ իւրաքանչիւր օրուան, բայց մանաւանդ Յինանց շրջանի Կիրակիներու ընթերցումները, որոնք հեզասահ գետի նման հոսելով ընթերցողը գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար կ՛առաջնորդեն դէպի Մսուրը, տօնախմբելու համար Գերագոյն Խոնարհութեան յայտնումը։ Այս ամփոփ բայց ազդու ընթերցումէն քանի մը մտածումներ կը բաժնեմ, որոնք կենսական են որպէս հաստատում մեր կեանքին մէջ աւագ առաքինութեանց՝ Հաւատքի, Յոյսի եւ Սիրոյ դերակատարութեան։

ա․ Լաւագոյնս հասկնալու համար այս Ոսկեայ Օրէնքը, պարտինք քիչ մը յաւելեալ ընթերցում կատարել, եւ ներառել  նախորդ քանի մը համարները, ուր կը նկարագրուի Վերջին Ընթրիքը, որով մեր Տէրը հաստատեց Հաղորդութեան սուրբ Խորհուրդը եւ անդրադարձաւ իր Փրկագործական զոհաբերման, եւ եզրակացնելով ըսաւ․ «Ճիշդ է որ Մարդու Որդին պիտի մեռնի՝ ինչպէս որ Աստուած սահմանած է, բայց վա՜յ այն մարդուն որ զայն կը մատնէ» (Ղկ 22.14-23)։

բ․ Փոքր կամ մեծ հաւաքականութեան՝ ցեղախումբի մը կամ ազգի մը կեանքէն ներս մեծաւորի մը կամ ղեկավարի մը ընտրութեան նախաձեռնութիւնը շատ բնականոն ընթացք մըն է։ Քրիստոս իր հաստատումով բացարձակապէս հարցականի տակ չ՛առներ այս երեւոյթը, այլ կ՛ուրուագծէ քրիստոնեայ ղեկավարէ մը ակնկալուող յատկանիշերը։

գ․ Քրիստոս ո՛չ միայն սորվեցուց, այլ Իր երկրաւոր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն կենդանի օրինակ եղաւ բոլոր դարերու հաւատացեալներուն։ Իրաւ է որ Առաքեալները չըմբռնեցին Իր խօսքին էութիւնը, նոյնիսկ երբ ան ծնրադիր անոնց ոտքերը լուաց, եւ Պետրոս ամենայն յաւակնոտութեամբ մերժեց Քրիստոսի արարքը, ըսելով «իմ ոտքերս երբե՛ք պիտի չլուաս»։ Սուրբ Հոգիին Զօրութիւնն ու Շնորհքը ստանալէ ետք է միայն որ առաքեալները նոյնացած զգացին Սպասաւորին՝ բոլոր դարերու Առաջնորդին հետ։

դ․ Մեր Տէրը այս մեծ պատուիրանով Խոնարհութեան յաւերժական ներոյժին գիտակից դարձուց մեզ, որ երկրորդ բանալին է Սէրէն ետք։ Անոնցմով տիեզերական խորհուրդներ կրնանք լուծել եւ վերագտնել մեր սկզբնական պատկերը, այնպէս ինչպէս ստեղծուած էր մարդասէր Աստուծոյ կողմէ։

Որքան աւելի հետախուզենք Խոնարհութեան ընդերքները, այնքան աւելի կ՛անդրադառնանք որ ընտանեկան, աշխատանքի, ընկերային,  քաղաքական եւ կեանքի այլ ոլորտներու մէջ, Խոնարհութիւնը ներդաշնակ եւ յաջող յարաբերութիւն ստեղծելու հոյակապ բանալի է։ Կը յիշեմ, երբ անգամ մը երիտսարդուհի մը այնքան խանդավառութեամբ իր պատասխանատուին մասին խօսեցաւ, ու ըսաւ, թէ սիրով կ՛աշխատի այնպիսի անձի մը ձեռքին տակ, որովհետեւ ան մեծաւորի պէս չի վարուիր իրենց հետ, այլ՝ որպէս հաւասար պաշտօնակիցի մը։ Վստահ եմ, որ նոյն զգացումը մենք եւս կ՛ապրինք երբ հեղինակաւոր եւ բարձրաստիճան անձինք մեր հետ այդպէս վարուին։

Դպրեվանքի օրերէս ի վեր այնքան սքանչելի պատմութիւններ կարդացած էի խոնարհ անձերու մասին։ 1984 թուականին, երբ Ամերիկա ժամանեցի, օրուան բարեջան Առաջնորդը՝ հոգելոյս Տէր Մեսրոպ Արքեպիսկոպոսը, տարբեր առիթներով զիս կ՛ուղարկէր զանազան գաղութներ, ներկայացնելու զինք։ Երբեք չեմ մոռնար տեսարան մը, որ կարդացած բոլոր պատմութիւններուս ջիղ ու ոսկոր տուաւ եւ անջինջ դրոշմ թողուց վրաս։ Եկեղեցիի մը սրահին մէջ գաղութի մը տարեդարձի ճաշկերոյթէն ետք, Հոգաբարձութեան ատենապետը, որ բժիշկ մըն էր, իր տիկնոջ, Հովիւին ու երէցկնոջ եւ Տիկնանց Միութեան կարգ մը անդամուհիներուն հետ, մինչեւ ուշ գիշեր բոլոր սեղանները մաքրելէ եւ աղբի տոպրակները բակի ծայրը գտնուող յատուկ տեղ մը տանելէ ետք, օրը փակեց ըսելով․ «Փառք քեզ, Տէ՛ր, այս օրուան օրհնութեան համար․․․»։

Հեղինակութեան տէր անձինք, դժբախտաբար յաճախ սխալ ճամբայ կ՛ընտրեն իրենց նպատակին հասնելու, որպէսզի ճանչցուին, ծափահարուին կամ յարգուին։ Ի՜նչ հակասութիւն մարդկային բնութեան։ Արդարեւ, յարգանքի բարձրագոյն գագաթնակէտը հասնելու ամենէն տոկուն ճանապարհը խոնարհաբար եւ անանձնական սիրով ծառայելն է, որ աւանդ թողուց մեր Տէրը։

Արդարեւ, Յինանց ուխտագնացութեան այս վերջին սանդուխով իմաստութեան Աղբիւրը մեզի կը յայտնէ երկիւղալից պատգամ, մը, որուն շնորհիւ միայն կրնանք ըմբռնել Անբովանդակելին, որ բովանդակուեցաւ մանրադիտակային արարած մարդ անօթին մէջ։

Բարերարն Աստուած թող Իր Միածին Որդւոյն սրբազան խոնարհութեան ընդմէջէն եւ Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեամբ ճմլէ մեր քարեղէն սրտերը, ինչպէս կ՛ըսէ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայրապետը, իր «Առաւօտ լուսոյ» երգին մէջ, եւ նորոգեալ սրտով դիմաւորենք մարդացեալ Բարձրեալը, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։