Երկուշաբթի, 10 Յունուարի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի կազմակերպած կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներուն ուղղուած վերապատրաստութեան առցանց դասընթացքի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ՝ 15 ուսուցիչներու եւ տնօրէններու մասնակցութեամբ։ Բացումը աղօթքով կատարեց Թեմիս առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան։
Տիկ. Նուէր Օրանճեան-Պապաճանեան (նկար), որ կրթական հոգեբանութեան մագիստրոսական վկայական ունի եւ կը դասախօսէ Նիւ Եորքի եւ Ֆլորիտայի մէջ, ներկայացուց մանկավարժական հմտութեան զարգացման իր դասախօսութիւններուն երկրորդ մասը։ Այս նիստը դասերու ծրագրումի մասին էր։ Դասախօսը նախ ներկայացուց զարգացման տարբեր տեսութիւններու եւ ապա անդրադարձաւ դասեր ծրագրելու արդիւնաւէտ ձեւերուն։ Ներկայացման ընթացքին տեղի ունեցան հարցումներ եւ քննարկումներ։
Յաջորդ նիստին՝ 7 Փետրուարին, տիկ. Նայիրի Պալճեան պիտի խօսի Նիկիական Հանգանակի մասին։