Առաջնորդարանէն

ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՀԱՅ ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Երկուշաբթի, 10 Յունուարի երեկոյեան ժամը 9ին, Թեմիս Կրօնական Ժողովի հրաւէրով,  Ամերիկահայ Առողջապահութեան Մասնագէտներու Կազմակերպութեան AAHPO) դիւանի անդամները՝ Լէրի Նաճարեան, Քիմ Հեքիմեան, Ցոլին Գոճաօղլանեան եւ Ճան Պիլէզիկեան առցանց հանդիպում ունեցան հոգեւորականաց դասուն հետ։ Պսակաձեւ ժահրի հոլովոյթի մասին ամփոփ զեկոյցէ ետք, բժշկական կազմի անդամ-անդամուհիները ձեռնհասօրէն պատասխանեցին եկեղեցական հայրերու հարցումնեուն, լուսաբանելով այն մտահոգութիւնները, որոնք ծխականներու կեանքը կը յուզեն։

Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց AAHPOի դիւանին, որ սիրայօժար ընդառաջացած էր հրաւէրին, որպէսզի փոխադարձ գործակցութեամբ այս ժահրին վերջին փուլը յաղթահարուի։ Անդրադառնալով տոքթ․ Ճան Պիլէզիկեանի մէկ խօսքին, թէ պէտք է միշտ արթուն ըլլանք, եզրափակեց  իր խօսքը ըսելով, թէ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս եւս մեզի կը պատգամէ «միշտ արթուն ըլլալ, որովհետու չենք գիտեր թէ երբ գողը կու գայ», մանաւանդ երեւելի եւ աներեւոյթ բոլոր գողերու եւ սպառնալիքներու  դէմ։

Շուրջ 45 վայրկեան տեւող այս օգտաշատ հանդիպումի աւարտին, մասնագէտները բարձրօրէն գնահատեցին պսակաձեւ ժահրի սկիզբէն իսկ Ազգային Առաջնորդարանի որդեգրած նշանաբանը՝ «Աղօթք, Համբերութիւն եւ Նախազգուշութիւն» (Prayer, Patience and Precaution):