ՎԱՆՕ ԽՈՋԱԲԷԿԵԱՆ (ծնունդ՝ 14 Յունուար, 1875)
Ինչպէս որ Գաբրիէլ Սունդուկեան իր թատերախաղերով նկարագրած է հին Թիֆլիսի աւանդական կեանքը, ինքնուս նկարիչ մը՝ Վանօ Խոջաբէկեան, իր մատիտանկարներով այդ կեանքի պատկերաւոր նկարագրութիւնը տուած է։
Բուն անունով՝ Յովհաննէս Խոջաբէկեան, ծնած է 14 Յունուատ, 1875ին, Թիֆլիսի մէջ, շատ համեստ ընտանիքի մը մէջ։ Եօթ տարեկանէն աշխատած է եղբօր խանութին մէջ։ Սկսած է մատիտով նկարել 14 տարեկանին։ 1901ին ամուսնացած է Վարդանոյշ Սանոյեանի հետ եւ ունեցած՝ վեց զաւակ։ Աշխատած է մանրավաճառի իր խանութին մէջ։ 1904 թուականին սկսած է ուսանիլ Գեղարուեստի Թիֆլիսեան Ընկերութեան նկարչական դպրոցին մէջ, բայց ընտանեկան ծանր պայմաններուն պատճառով ստիպուած է կիսատ ձգել ուսումը։ Նոյնը պատահած է 1910ին, երբ յաճախած է նկարիչ Ն. Սկլիֆասովսկիի արուեստանոցը, եւ 1916ին՝ Գեղանկարչութեան եւ Քանդակագործութեան դպրոցի եւ Օսկար Շմերլինկի դասարանի պարագային։ 1916ին առաջին անգամ ըլլալով մասնակցած է «Փառքի Տաճար» պատկերասրահի ցուցահանդէսին, իսկ 1917ին անդամակցած է Թիֆլիսի Հայ Արուեստագէտների Միութեան։ Տարիներու ընթացքին, նաեւ եղած է երկաթուղային բանուոր եւ Թիֆիլիսի սրճարաններու եւ թէյարաններու բարապան կամ պահակ, նոյնիսկ՝ գերեզմանափոր։
1919ին, Խոջաբէկեան մեկնած է Երեւան, մասնակցելու Հայ Արուեստագէտների Միութեան երրորդ ցուցահանդէսին, ու հոն տեսած է Մեծ Եղեռնէն փրկուած հայ գաղթականները։ Վերադառնալով Թիֆլիս, այդ նիւթով իր գծանկարներու լաւագոյն շարքը ստեղծած է։ 1920-1921ին աշխատած է քաղաքի «Ունիոն» սրճարանին մէջ իբրեւ բարապան, իսկ ապա թատրոնին մէջ իբրեւ պահակ։
Վանօ Խոջաբէկեան հին Թիֆլիսի ժողովրդական հանդէսներու եւ ժողովրդական խաւերու նկարիչ-տարեգիրն էր (հարսանեկան, խրախճանային եւ ծիսական դրուագներ, կինտոներու, արհեստաւորներու եւ գիւղացիներու կեանքէն տեսարաններ)։ Անոր մատիտանկարները պատկերած են զինք շրջապատող իրականութիւնը, սեփական ոճով եւ միջոցներով։ Կերպարները բնորոշող էական գիծերը, ինչպէս եւ տեղական ու ազգային այլ առանձնայատկութիւններ ու սովորութիւններ շեշտելու ուրոյն տաղանդ ցոյց տուած է։ Անոր մատիտանկարները կը պահուին Երեւանի, Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիի, Մոսկուայի եւ Թիֆլիսի թանգարաններուն մէջ։
1922ին Խոջաբէկեան հիւանդացած է թոքաբորբով եւ իր մահկանացուն կնքած՝ 16 Նոյեմբերին։ Թաղուած է Վերէյի գերեզմանատան մէջ, իսկ 1938ին վերստին թաղուած է Թիֆլիսի Հայ Արուեստագէտներու Պանթէոնին մէջ։