Featured, Կաթողիկոսարանէն

ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ՝ 2022

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Թեմակալ Առաջնորդներուն,
հոգեւոր դասուն,
Ազգային իշխանութեանց, եւ
մեր ժողովուրդի զաւակներուն

2022 տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսու­թեան Անթիլիասի Մայրավանքէն քրիստոնէական սիրով ու հայ­րապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Ազգ. Ընդհանուր Ժողո­վը, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղա­քական ժո­ղովները, Միաբանութիւնը, Թեմակալ Առաջնորդներն ու Ազգ. Իշխանութիւնները, մեր կեանքէն ներս գործող քաղա­քա­կան, կր­թա­­­­կան, մշակութային, բարեսիրական եւ համայնքային բոլոր միու­թիւններն ու կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ մեր ժողո­վուրդի սիրելի զաւակները։ Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ բացուող Նոր Տարին մեր անհատական, ընտա­նեկան եւ ազ­գային կեանքին մէջ լեցուի առողջութեան, յաջո­ղու­թեան եւ երջան­կութեան երկնային բարիքներով։

Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր 2020-ին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միաց­եալ ուժերով Արցախի վրայ կատարուած անարգ յարձա­կու­մին հետեւանքով մեծ թիւով հայորդիներու նահատակու­թիւ­նը ու գե­րեվարումը, հսկայ տարածքներու գրաւումը, հոգեւոր ու մշա­կու­թային կառոյցներու քանդումը ու բազմահազար հայոր­դիներու տեղահանումը խոր ցաւ ու ընդվզում յառաջացուց մեր ժողովուր­դին մօտ։ Մեր ողջ ժողովուրդը զանազան կերպերով հակազդեց ստեղծուած այս ողբերգական կացութեան ու իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախին։ Մեր կարգին, Մեծի Տանն Կի­լիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան ծիրէն ներս լուսար­ձակի տակ բերելով Արցախը, 2021 տարին Հայրա­պետական Գի­րով հռչակեցինք ԱՐՑԱԽԻ ՏԱՐԻ։ Մեր մտահոգութիւններն ու առա­­ջադրանքները լայն արձագանգ գտան յատկապէս մեր թեմե­րուն մօտ։ Արցախի Նախագահը իր խոր գոհունակու­թիւնը յայտ­նեց Մեզի եւ Մեզ հրաւիրեց այցելելու Արցախ։ Ար­դարեւ, Արցախի անկախու­թեան ու անվտանգութեան նկատ­մամբ Մեր ամբողջա­կան զօրակ­­ցութիւնը կը շարունակուի՝ որպէս մեր Սուրբ Աթոռին համազգային առաջնա­հեր­թութիւններէն մէկը։

*
*   *

Վերջին տարիներուն, Սփիւռքին առնչուած զանազան խնդիր­ներուն ու երեւոյթներուն շուրջ գիտաժողովներ տեղի ունեցան, ուսում­նա­սիրութիւններ կատարուեցան ու յօդուածներ ստորագ­րուե­­ցան։ Անորոշութիւններով ու տագնապներով լեցուն Սփիւռքի ներկայ իրավիճակը, մեր ղեկավար մարմինները ու մտաւորական­ները պէտք է մղէ՝ իրա­պաշտ ոգիով ու պատասխանատու մօտե­ցումով տագ­նապելու, մտածելու, քննելու, խորհրդակցելու, Սփիւռ­քի ներ­կան վերա­կազմակերպելու եւ ապագան հունաւորող ճամ­բա­ներ ու միջոցներ որոնելու։

Հետեւաբար, նկատի ունենալով Սփիւռքի պարզած ներկայ պատկերը ու հայ կեանքէն ներս անոր ունեցած առանցքային կարեւո­րու­թիւնը, այսու Հայրապետական Գիրով 2022 տարին կը հռչա­­կենք

ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ

Հայերէն լեզուով հրատարակած Մեր վերջին գիրքին տուած ենք Նոր Հորի­զոն­ներու Դիմաց խորագիրը։ Պատահական չէ այս խո­րագիրը։ Հայ ժողովուրդը իր երեք թեւերով՝ Հայաստան, Ար­ցախ եւ Սփիւռք բազմաթիւ ու բազմազան մարտահրաւէրներ ու վտանգ­ներ կը դիմագրաւէ. իսկ հայօրէն մաշումի ենթակայ Սփիւռ­քը՝ աւե­լի՛ն։ Տեղ մը ան անորոշութեան ալիքներու մէջ կ’օ­րօրուի, այլ տեղ՝ փոթո­րիկներու դէմ կը պայքարի. տեղ մը՝ նոր ինքնութեան փնտռտուքի մէջ է, այլ տեղ՝ տեղայնացումի արագ ընթացքին մէջ։ Արդ. Սփիւռքի վերակազմակերպումը ու վերա­կենսաւո­րումը հրա­մա­յական անհրաժեշտութիւն է։ Այս բազմա­տարած ու բազմե­րես ծրա­գիրը իր գործնա­կան ընթացքը կրնայ առնել Սփիւռքի ինքնա­քննութեամբ, ինքնար­ժե­ւորումով եւ ազգի համայնական կեան­քին մէջ անոր իւրայա­տուկ տեղին ու դերին յստակեցումով։ Այս հսկա­յածաւալ աշխա­տանքին հարկ է լծուիլ այսօ՛ր. վաղը կրնայ ո՜ւշ ըլլալ՝ աշխարհի արմատական ու արագ փոփոխու­թիւն­ներու յոր­ձա­նուտին մէջ ապրող Սփիւռքին համար։

 

Ա) ՍՓԻՒՌՔԸ ԵՐԷԿ՝ ԳՈՅԱՒՈՐՈՒՄ ՈՒ ՀՈԼՈՎՈՅԹ

Հայաստանը իր աշխարհագրական դիրքին բերումով յաճախ ենթա­կայ եղած է յարձակումներու ու բռնագրաւումներու եւ կոր­սնցուցած իր պետականութիւնն ու անկախութիւնը։ Հետեւա­բար, արտա­գաղթը մնայուն երեւոյթ եղած է հայոց պատմութեան մէջ։

Բիւզանդական կայսրութեան եւ Հայաստանի միջեւ շփումը եղած է անմիջական ու մնայուն եւ հին ժամանակներէն ի վեր հայեր հաստատուած են կայսրութեան սահմաններէն ներս։ Հա­յաս­տանէն դուրս, հայութիւնը առաջին անգամ ըլլալով հաւաքա­կան ու կազմակերպ ներկայութիւն դարձած է Կիլիկիոյ մէջ, եւ նոյն­իսկ պետակա­նու­թիւն հաս­տա­տած։ Կիլիկիոյ հայոց պետու­թեան (14-րդ դար) եւ Բիւզանդիոնի կայսրու­թեան (15-րդ դար) անկումէն ետք, հայերը հետզհետէ ուղղուած են դէպի Պալգան­եան երկիր­ներ, ուր ժամա­նակի ընթացքին գաղութներ կազմա­ւոր­ուած են։ Առաւելա­բար տնտեսական պատճառներով հայեր յարաբերու­թեան մէջ եղած են Ծայրագոյն Արեւելքի հետ, հոն հաստատած նաեւ փոքր հա­մայնք­ներ։ Պարսկաստանը Հայաս­տանի դրացի եր­կիր ըլլալով, հին դարերէն սկսեալ մեծ թիւով հայեր հաստատ­ուած են հոն։ Պարս­կաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Հայաս­տանի բաժանու­մէն ետք (16-րդ դար), հայերը յիշեալ երկիրներէն ներս դարձած են կազ­մա­կերպ ներկա­յութիւն։

Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով, Արեւմտեան Հայաս­տանի ու Կիլիկիոյ հայկական հողերու վրայ ապրող հայեր պար­տադրաբար արտագաղթած են դէպի Միջին Արեւելք եւ ապա, քա­ղաքական ու տնտեսական մտահոգութիւններէ մղուած՝ տարի­ներու ընթացքին դէպի Եւրոպա, Հիւսիսային ու Հարաւային Ամե­րիկա ու մինչեւ Աւստրալիա։ Ափրիկէի մէջ հայեր ներկայութիւն դարձած են յատկապէս Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմէն ետք։ Համաշխարհայնացման ստեղծած պայմանները նոր թափ տուած են հայ ժողովուրդի զաւակներու երկրէ երկիր տեղափո­խութեան, նոյնիսկ՝ ցամաքամասէ այլ ցամաքամաս գաղթին։ Խոր­հրդային Միութեան փլուզումէն ետք, նախկին Սովետական եր­կիր­ներէն արտագաղթի նոր ալիք մը սկսած է դէպի արեւմտեան երկիրներ։ Վերջապէս, տարօրինակ ու ցաւալի էր Հայաստանի ան­կախացումէն ետք ծայր առած ար­տագաղթը հայրենիքէն։

Սփիւռքի յառաջացման հոլովոյթին վրայ նետուած այս հպան­ցիկ ակնարկի լոյսին տակ, հարկ է ընդգծել հետեւեալ կէտերը.-

ա) Լայնատարած Սփիւռքի գոյաւորումը իր պատմական պատ­­ճառները ու հանգրուանները ունի։ Հայերու արտագաղթը Հայաս­տանէն յաճախ եղած է պարտադրաբար։ Այս ուղղու­թեամբ հարկ է յիշել Հայաստանէն Կիլիկիա մեծ գաղթը՝ պար­տադրուած Բիւզան­դական կայսրութեան կողմէ, եւ Արեւմտեան Հայաստանէն ու Կի­լիկիայէն՝ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ։ Քաղաքական ու ապ­ահովական ազդակներու կողքին, նաեւ տնտեսական պատ­ճառ­ներ հայերը մղած են արտագաղթի։ Այսպէս կարելի է բնորոշել նաեւ վերջին տասնամեակներուն Հա­յաստանէն արտագաղթը։

բ) Հայերը ուր որ հաստատուած են, փորձած են համայնք կազ­մել՝ իր ազգային, հոգեւոր, կրթական եւ այլ կառոյցներով, եւ գե­րա­գոյն ճիգ թափած՝ պահելու իրենց ազգային դիմագիծը, լե­զուն, հաւատքն ու աւանդութիւնները։ Եկեղեցին առաջնոր­դողի դեր է ունեցած գաղութներու կազմաւորման ու հայապահ­պանման մէջ։

գ) Իրենց հաստատուած երկիրներուն մէջ հայեր մեկուսացած չեն ապրած։ Անոնք մասնակից դարձած են ընկերութեան կեան­քին, եւ նոյնիսկ՝ կարեւոր դիրքեր գրաւած։

դ) Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ գաղութները իրենց կազմակերպ կեանքով եւ բազմաթիւ կառոյցներով, կեդրոնական դեր ունեցած են Սփիւռքի մէջ, յատկապէս՝­ հոգեւոր, մշակութային, բարեսի­րա­կան ու քաղաքական մարզերէն ներս։

ե) Պայմաններու բերումով, կորսնցնելով իրենց անմիջա­կան կապը մայր հայրենիքին հետ, կարգ մը գաղութներ, յատկա­պէս Պալգանեան երկիրներու մէջ ժամանակի ընթացքին ձուլ­ուած են՝ միայն աղօտ կերպով պահելով իրենց հայկական ծա­գումը։

 

Բ) ՍՓԻՒՌՔԸ ԱՅՍՕՐ՝ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՈՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ

Անհրաժեշտ կը նկատենք ամփոփ գիծերով լուսարձակի տակ բերել ներկայ Սփիւռքը բնութագրող կարգ մը յատկանշական երե­ւոյթներ.-

1.- Ներկայ Սփիւռքը՝ աւանդական, սովետական ու հայաս­տանեան սփիւռքներու աններդաշնակ խառնուրդ մըն է։ Ցեղաս­պանութեան վերապրողներու բեկորներով գոյաւորուած Սփիւռ­քը կազմակերպման յարաբերաբար արագ ընթացք ունեցաւ։ Եկեղեցի, դպրոց ու ակումբ վճռորոշ դեր ունեցան Սփիւռքի կազմաւորման ու անոր ինքնութեան պահպանման մէջ։ Սփիւռ­քը գոյատեւեց հա­մախմբուելով իր ստեղծած կառոյցներուն շուրջ ու դարձաւ արդա­րութիւն պահանջող եւ ազատ, անկախ եւ ամբողջական Հայաս­տանի երազով ապրող ու պայքարող գա­ղութ­ներու ամբողջութիւն։ Աւանդական սփիւռքին եկան միա­նա­լու, Սովետական երկիրնե­րէն դէպի Արեւմուտք գաղթած հա­յոր­դիներ եւ կարճ ժամանակի ըն­թացքին շաղուեցան իրենց ազ­գակից­ներուն հետ։ Հայաստանի վերան­կախացումով շատեր կար­ծեցին թէ կրնայ ներգաղթ սկսիլ եւ Սփիւռքը շուտով շնչաս­պառ դառնալ։ Պատահեցաւ հակա­ռա­կը։ Տնտեսական պատճառ­ներէ մղուած եւ արտասահմանի լայն կա­րելիութիւններէն հրա­պուրուած, Հայաստանը սկսաւ պար­պուիլ իր բնակչութենէն։ Թուային աճին առընթեր, Սփիւռքը նաեւ ընդար­ձակուեցաւ միջ-գաղութային տեղաշարժերու հետեւանքով։ Վե­րոնշեալ երեւոյթ­ները շարունակուելու բազմաթիւ պատճառներ ունին։ Սփիւռքը կայուն իրականութիւն մը չէ, ան մնա­յուն փոփո­խու­թեան մէջ է։

2.- Ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ Սփիւռքի մէջ, ի՞նչ են հայ ըլլալու արժեչափերը։ Ցեղասպանութեան յիշողութեամբ կազ­մաւորուած աւանդական սփիւռքը իր իւ­րա­յատուկ ինքնաճա­նա­չումը ունէր։ Նոր սփիւռքներու յառաջա­ցումը եւ Սփիւռք-Հայաս­տան յարա­բերութիւններու զարգացումը նոր նկարագիր տուաւ Սփիւռքին. իսկ համաշխարհայնացումը նոր իրականութիւններու եւ հորիզոն­ներու դիմաց դրաւ Սփիւռ­քը՝ զայն մղելով ինքնաճա­նաչ­ման տար­բեր մօտեցում­ներու, շեշ­տաւորումներու ու նոյն­ի՛սկ արժեչափե­րու։ Արդ, ինչպէ՞ս կարելի է պատմական տար­բեր հոլո­վոյթ ունե­ցած, տարբեր փորձառութեամբ թրծուած եւ տարբեր մտա­ծելա­կերպ, գործելակերպ ու կենցաղակերպ ունե­ցող սփիւռք­ներուն միջեւ, յաճախ նոյն գաղութին մաս կազմող, գոյակցութենէ անդին ներքին ներդաշնակում ու համալրում յառաջացնել։ Ցարդ այս ուղղու­թեամբ ծրագրուած ու հետեւողական քայլեր չեն առնուած. կը թուի թէ կամեցողութեան պա­կաս կայ։ Բայց նման ճիգ անխու­սափելի անհրա­ժեշ­տութիւն է։ Ինչ­պէ՞ս կարելի է Սփիւռքի հայուն ինքնաճանաչումը սահմանել՝ հա­ւաքական ար­ժե­չափերու ճշդու­մով, առանց ան­տե­սելու համաշ­խար­հայնացումին ստեղծած նոր իրականու­թիւն­ները ու տեղա­կան պայմանները։

3.- Հայաստանի մէջ հայ մնալը բնական երեւոյթ է. Սփիւռքի մէջ հայ մնալը նախընտրութեան հարց է եւ, հետեւաբար՝ ամէնօրեայ տագնապ ու պայքար։ Մօտիկ անցեալին, Սփիւռքի մէջ ուրիշէն տարբեր ըլլալը չափանիշ էր ու ազդու միջոց՝ հայապահպանման։ Համաշխարհայնացած աշխարհի բազմա­ցեղ, բազմամշակոյթ ու բազմակրօն միջավայրերու մէջ ապրող հայը, ուր այլեւս զինք ուրի­­շէն բաժնող ցանկապատեր գոյութիւն չունին, ուր ուրիշը իր դրացին է, ընկերը, գործակիցը եւ երբեմն նոյնիսկ տան անդամը, ինչպէ՞ս կրնայ իր ինքնութիւնը պահել անվթար։ Հարկ է ըլլալ իրապաշտ։ Սփիւռքահայը ինքզինք այլեւս գաղթական եւ օտար չի նկատեր. ան իր ապրած երկրին լիիրաւ քաղաքացին է՝ միաձուլ­ուած միջավայրին ու շա­ղախ­ուած տեղւոյն մշակոյթին հետ։ Հայու ինքնութիւնը տա­կաւին կը շարունակէ ինքզինք շեշտակի կերպով արտայայտել հոն, ուր հայ կեանքի հաւա­քական ու կազմակերպ ներկայութիւն գոյութիւն ունի։ Սակայն, հոն ուր հայաբոյր միջա­վայր գոյութիւն չունի, հա­յապահպանման ճիգերը սկսած են իրենց ուժականու­թիւնը կորսնցնել հետզհետէ տեղայնա­ցող ինք­նու­­թեան դիմաց։ Արդ, հայու արմատները առողջ պահելու հեռա­նկա­րով, ինչպէ՞ս կարելի է Սփիւռքի հայուն մէջ լեզուն, հայրե­նիքը, կրօ­նը, աւան­դութիւնները, պատմական վճռորոշ դէպքերը, պա­հանջատի­րու­թիւնը առաւելագոյն չափով եւ նոր մօտեցումով դարձնել մէկ ազգի պատկանելիու­թեան ամուր յենարանները։

4.- Սփիւռքի կառոյցները ճշդորոշիչ դեր կատարեցին Սփիւռ­քի կազմակերպման, ինչպէս նաեւ՝ մեր հոգեւոր, մշակութային ու ազ­գային արժէքներու կենսագործման գծով։ Այսօր, սակայն, մեր կա­ռոյցները իրենց հմայքն ու ազդեցութիւնը կորսնցնելու եւ ժամա­նակավրէպ դառնալու վտանգին դիմաց կը գտնուին։ Իրենց ինք­նակեդրոն մօտեցումներով, աւանդական գործելաոճերով ու ոչ-այժմէական օրակարգերով, անոնք այլեւս չեն կրնար գոհացնել նոր սերունդներուն պահանջները։ Այլ խօսքով, գաղութներ չեն կրնար իրենց կազմակերպչական ուժականութիւնը ամուր պահել եւ հայօրէն շնչել շնչասպառ դարձած եւ ներկայ իրակա­նութիւն­ներուն անհաղորդ կառոյց­ներով։ Արդ, կառոյցներուն վե­րանո­րո­գումը ու այժմէականա­ցու­մը աւելի քան հրամայական է՝ նկատի ունենալով անոնց կեդ­րո­նական տեղն ու առանցքային դերը հայ կեանքէն ներս։

5.- Արեւմտահայերէնը նահանջի մէջ է։ Անոր գործածութեան հետզհետէ շեշտուող նուազումն ու աղաւաղումը դարձած են համատարած ու ակնյայտ երեւոյթներ։ Պատճառները յստակ են իսկ հետեւանքը՝ վտանգալից։ Լեզուն ազգի մը ինքնութեան զօրեղ կռուաններէն մէկն է, մանաւանդ փոքր եւ սփիւռքեան պայմաննե­րուն մէջ ապ­րող ազգի մը համար։ Արեւմտահայերէնի նահանջին առաջ­քը առնելու յանձնառութենէն մղուած, մեր Սուրբ Աթոռը դի­մեց գործ­նա­կան քայլերու։ Արդ, ինչպէ՞ս կարելի է նոր մղում տալ այս յոյժ կարեւոր ծրագ­րին եւ գործնապէս մասնակից դարձնել հայակեր­տումի առաքելու­թեան լծուած մեր կրթական ու մշակու­թային կա­ռոյց­ները ու մտա­ւորականները։

6.- Մեր կառոյցներուն կողքին մեր մտածելակերպերն ու գործե­լակերպերը եւս սկսած են ժանգ կապել։ Մեր շուրջ տեղի ունեցող նոր զարգացումներուն ու յառաջացող մարտահրաւէր­ներուն ան­տեսումը մեր գաղութները կրնան առաջնորդել դէպի ինքնա­մե­կու­սացում։ Սփիւռքը այլեւս չի կրնար գործել կարծրա­տիպե­րով։ Հա­յապահպանման գործիքները եւ չափանիշերը, փաս­տօրէն, չեն հա­մապատասխաներ ներկայ աշխարհի պայ­ման­ներուն ու նոր սե­րուն­դի մօտեցումներուն ու սպասումներուն։ Նոր սերունդը սկսած է հեռանալ մեր կառոյցներէն, եւ նոյնիսկ անոնց կողմէ ծով զոհո­ղութեամբ պահուած եւ սակայն հոն բանտարկուած մեր արժէք­ներէն ու աւանդութիւններէն եւ իր հա­յութիւնը ապրիլ տար­բեր մօտեցումներով ու կերպերով։ Նոր սե­րունդին մօտ հայու ինք­նութիւնը ենթակայ է աղօտելու վտանգին։ Հո՛ս է տագ­նապը, որով­հետեւ նոր սերունդն է, որ նոր շունչով պիտի վերա­կեն­սաւորէ Սփիւռքը եւ կերտէ անոր ապագան։ Արդ, ինչպէ՞ս կարելի է ներ­դաշնակութիւն ստեղծել հայու ինքնութեան երեք տարածքներուն՝ տե­ղայնա­կանին, հայկականին ու համաշ­խար­հա­յինին միջեւ, խու­սա­­փելով հակա­սութիւն ու բեւեռացում յառաջացնող մտածե­լա­կեր­պերէ ու կեն­ցաղակերպերէ։ Յաճախ շեշտած ենք նոր սերունդը մեր շուրջ համախմբելու եւ լուրջ երկխօսութիւն ունենալու կարե­ւորութիւնը։

7.- Սփիւռքը տարբեր մտածողութիւններու հանդիսարան է, եր­բեմն զիրար հակասող ու երբեմն համընկնող՝ յաճախ պայ­մանա­ւորուած թէ՛ ներ-Հայաստանեան եւ թէ տեղական ընկերա-քա­ղա­քական ազդակներէ։ Սա անխուսափելի երե­ւոյթ է։ Ան­­հրա­ժեշտ է, սակայն, Սփիւռքի գաղութները իրենց տեղայնա­կան, ինքնակեդ­րոն ու բաժանարար մտածողութենէն դուրս բերել եւ համա­սփիւռք­եան մտածողութիւն հունաւորել։ Արդարեւ, անցնող տարի­ներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախա­ձեռ­նու­թեամբ գումարուած համասփիւռքեան, երբեմն նաեւ համա­հայ­կական, կրթական, մշակութային, պատմական, պահանջատի­րա­կան, տեղեկատուական եւ այլ բնոյթի համագումարները, անոնց ճշդած ուղեգիծերը ու կատարած եզրայանգումները արդէն իսկ հուն­տերը ցանած են համասփիւռքեան մտածողութեան ձե­ւաւոր­ման։ Անոնք նաեւ մասնակիցներու ներկայացուց­չական հանգա­ման­քով ու որակով կրնան առանցքը դառնալ հա­մա­սփիւռքեան ղեկավարութեան ստեղծման։ Նման գործընթաց կ’ենթադրէ կա­ռոյցներու միջեւ ներ-գաղութային ու միջ-գաղու­թա­յին սերտ ու համապարփակ գոր­ծակ­ցութիւն՝ համասփիւռքեան օրա­կարգի մը շուրջ։ Նման նա­խաձեռնութիւն մը մեծապէս պիտի նպաստէ Սփիւռ­քի կեանքին վերաշխուժացման, մօտեցումներու ներդաշ­նակ­­ման եւ անոր հա­մահայկական դերակատարութեան առաւել շեշ­տաւորման։

8.- Սփիւռքը զգոյշ պէտք է ըլլայ թէ՛ Հայաստանակեդրոն եւ թէ Սփիւռքակեդրոն մտածողութեան մէջ ինքզինք բանտարկելէ. իր կիզակէտը պէտք է դառնայ հայակեդրոն մտածողութեան զարգա­ցումը, որ կրնայ տարբեր հայեցակէտերու երկխօսութեան լայն տարածք ստեղծել։ Արդարեւ, իր իւրայատուկ շեշտաւորում­ներով ու հարուստ փորձառութեամբ Սփիւռքը կրնայ իր կա­րեւոր նպաս­տը բերել համահայկական մտածողու­թեան մշակ­ման՝ համահայ­կա­կան օրակարգի մը ենթահողին վրայ։ Արդ, ինչ­պէ՞ս կարելի է մէկ եւ նոյն հայութեան պատկանելիու­թիւնը իր արժէք­ներով ու տես­լականով դարձնել հիմքը ու հէնքը համա­հայ­կական մտածո­ղու­թեան՝ պահելով հանդերձ տեղական պայման­ներու ու ազդակ­նե­րու ազդեցութեան ենթակայ Սփիւռքին մօտեցումները, ինչպէս նաեւ՝ համասփիւռքեան առաջ­նահեր­թու­թիւն­ներուն կա­րեւո­րու­թիւնը։ Առա­ջի­նը հրամայական է. իսկ երկ­րոր­դը՝ անխու­սափելի։

9.- Սփիւռքը ունի մշակութային, հոգեւոր, տնտեսական, մաս­նագիտական, յարաբերական թէ փորձառական հսկայ ներուժ։ Սակայն, տեղ մը՝ համակերպումը ու տեղայնացումը, այլ տեղ՝ անտարբերութիւնը ու անտեսումը սկսած են հայ կեանքէն հե­ռացնել իր սեփական ներուժը։ Փաստօրէն, Սփիւռքը չէ կրցած իր ներուժին տէր դառնալ եւ զայն ճիշդ ու ամբողջական կերպով օգտագործել։ Այս ուղղութեամբ փորձեր կատարուած են թէ՛ Հա­յաս­տանի եւ թէ Սփիւռքի կարգ մը կառոյցներուն կողմէ. սակայն անոնք եղած են մասնակի ու պարագայական։ Սփիւռքի ներուժին կազմակերպումը ու օգտագործումը անհրաժեշտու­թիւն է։ Նման ծրագիր կ’ենթադրէ հաւա­քական ու հետեւողական աշխա­տանք։

10.- Հայաստանի վերանկախացումով սպասելի էր որ հան­գր­ուանային կերպով հայրենադարձութիւն տեղի ունենար։ Պա­տա­հեցաւ հակառակը։ Հայաստանը չկրցաւ, չէր կրնար, տնտեսական զարգացման լայն կարելիութիւններ ստեղծել, եւ հայրենադար­ձութեան ծրագիրներ մշակել։ Սփիւռքի հայերուն քաղաքացիու­թիւն տալը քաջալերական քայլ մըն էր, անկասկած. սակայն, ան հայրենիքին նկատմամբ զգացական կապը ամրացնելէ անդին չանցաւ։ Վերջին տասնամեակներուն Հայաստանէն հեռացած հա­յերուն պարագային՝ հայրենադարձութիւնը անհրաժեշտութիւն է. իսկ աւանդական սփիւռքին համար՝ ներկայ հանգրուանին, ան իրա­տեսութեան սահմաններէն դուրս կը նկատուի։ Սակայն, հարկ է զայն պահել համազգային օրակարգի վրայ, որպէս ազ­գային պատ­կա­նելիու­թեան էական տարրերէն մէկը։ Եթէ հայ­րենադար­ձութեան գաղա­փարը՝ ամբողջական Հայաստան ամ­բողջական հա­­­յութեամբ տես­լականով ամրագրուած, թէկուզ վախճանական հորի­զոնի վրայ, անհետանայ հայ կեանքէն, Սփիւռքը պիտի կոր­սնցնէ իր նպատա­կասլաց ուղղուածութիւնը եւ ինքնամաշումը պիտի ընթա­նայ արագ։ Տուեալները ցոյց կու տան, թէ Սփիւռ­քը երկար ժա­մա­նակ պիտի շա­րունակէ իր գոյութիւնը՝ ենթակայ գու­նաթափումի վտան­գին։ Արդ, ընդհանուր հայութեան թիւի աճը եւ Հա­յաստանի ու Ար­ցախի մէջ հայու­թեան ֆիզիքական ներկայու­թեան պահ­պա­նումը առանց­քային կարեւորութիւն ունին։ Այս նպա­տակը կարելի է իրագործել Հայաստանի մէջ՝ տնտեսութեան զարգացու­մով, ան­վտան­գու­թեան երաշխաւորումով եւ Սփիւռքի փոքր ու մեկու­սա­ցած գաղութները, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով ենթա­կայ են արագ ձուլման վտանգին, Հայաստան ուղղելով. իսկ Սփիւռ­քի մէջ՝ ծնունդներու թիւը բազմապատկելով եւ այլ ազդու մի­ջոց­ներու դիմե­լով։

11.- Հզօր Հայաստանհզօր Սփիւռք տեսլականը պէտք է դառ­նայ ազգային ռազմավարութեան հիմքը ու նպատակակէտը։ Առա­ւել քան երբեք Հայաստան եւ Սփիւռք իրարու կարիքը ունին։ Հե­տե­ւաբար, Սփիւռք-Հայաստան գործակցութիւնը պէտք է մնայ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի կեանքին կենսական տարածք­նե­րէն մէկը։ Ճիշդ չէ՛ Սփիւռքը նկատել Հայաստանի կցորդ, ո՛չ ալ Հայաս­տանէն անջատ ինքնակեդրոն ու ինքնա­վախ­ճան գոյութիւն։ Ճիշդ չէ նաեւ Սփիւռ­քը նկատել սոսկ Հայաս­տանի մէջ բարեսի­րական ծրագիրներու սատարող ու տնտե­սական ծրագիրներ մշա­կող գաղութներու ամբողջութիւն։ Սփիւռքը անբաժան ու անբա­ժանելի մասը կը կազմէ նոյն եւ մէկ հայութեան։ Արդարեւ, Հա­յաս­տանը հայրե­նասիրութիւն առթող հայ­րենիք ըլլալէ անդին՝ ցարդ չկրցաւ դառնալ վստա­հութիւն ու յոյս ներշնչող, եւ աշխար­հացիր հայութիւնը իր շուրջ համախմբող հաւաքական տուն։ Վերջին տասնամեակին շեշտը դրուեցաւ տնտե­սական ներդրումներու եւ թուրիստական այցելու­թիւն­ներու վրայ։ Յատկապէս Հայաստանի ներքաղաքական խնդիր­ները ու ընկերա-տնտեսա­կան ծրագիր­ներուն օժանդակու­թիւնը կարեւոր տեղ գրաւեցին սփիւռքահա­յութեան կեանքի մայր էջին վրայ, յաճախ լուսանցքի մէջ ձգելով Սփիւռքին առաջնահերթու­թիւննե­րը։ Հայ ժողովուրդի երկու բեւեռ­ներուն միջեւ գործակցու­թիւնը պէտք է դառնայ համա­պար­փակ, ծրագրուած եւ հետեւո­ղական, հիմնուած՝ փոխադարձ վստահու­թեան վրայ։ Սփիւռքի վերակեն­սաւորման մէջ էական է դերը Հա­յաստանին, մասնաւո­րաբար մշա­կութային ու կրթական մարզե­րուն մէջ։ Միւս կողմէն՝ Հայաս­տան-Սփիւռք գործակցու­թեան շր­ջա­գծէն ներս, անհրաժեշտ կը նկատենք Հա­յաս­տանի կառա­վար­ման ինչպէս նաեւ համահայ­կական խնդիր­ներու ու ծրագիրներու քննարկման մէջ Սփիւռքի գոր­ծօն մասնակցու­թիւնը։

 

Գ) ԴԷՊԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ՝ ՄԱՐԶԵՐ
ԵՒ
ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՔ

Մեր մատնանշած մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէր­ները կը կարօտին խոր, իրատես ու համապարփակ քննարկման։ Աւելի քան երեսուն տարի Հայաստանը եւ Արցախը դարձան Սփիւռքի կեանքին կիզակէտը։ Անկասկած, մեր ազգին այս երկու բեւեռները իրենց խնդիրներով ու հրամայականներով Սփիւռքին համար պէտք է միշտ մնան առաջնահերթութիւն։ Սփիւռքը ինքնավախ­ճան իրականութիւն մը չէ. ան իր տեսլա­կանը պէտք է միշտ սեւե­ռած պահէ Հայաստանի ուղղութեամբ, որ ողնա­սիւնը կը կազմէ հայ ազգի ներ­կային ու երաշխիքը՝ անոր ապագային։ Այս խոր գիտակ­ցու­թեամբ Սփիւռ­քը կոչուած է ինքզինք վերա­կազմակերպելու։ Այսօր մեր ազ­գին մեծա­մասնութիւնը կ’ապրի Սփիւռքի մէջ։ Հետե­ւաբար ժամա­նակն է, որ մեր ազգի պատմութեան այս հանգրուա­նին ինքնակազմակերպումը դառնայ Սփիւռքին առաջնահերթու­թիւնը։

Կ’ուզենք կարեւորութեամբ ընդգծել, թէ այլեւս չենք կրնար հիւ­ծած կառոյցներով, զմռսուած մտածողութեամբ, կաղապար­ուած մօտեցումներով, հնամաշ օրակարգերով Սփիւռքը վերա­կազմա­կերպել ու վերակենսաւորել։ Սփիւռ­քը իր կառոյցներով ու օրա­կարգով, իր կանոնագրութիւններով ու գործե­լակերպերով պէտք է դառնայ համահունչ նոր ժամանակ­ներուն ու մարտա­հրաւէր­ներուն։ Ինչ­պէ՞ս կարելի է ձեռնարկել այս հսկայ աշխա­տանքին։ Սփիւռքին պարզած ներկայ գոյա­վիճակին իրա­պաշտ արժեւո­րումը եւ ապա ծրագրումը պէտք է դառնան մեկ­նակէտը ու մղիչ ուժը մեր աշխա­տանք­ներուն։ Այս ուղղութեամբ առանցքային է դերը գա­ղութին մէջ գոր­ծող բոլոր կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն, ինչ­պէս նաեւ զանազան մարզերու մասնագէտ ու փորձառու մտաւորա­կան­ներուն։

 

ա) ԹԵՄԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐ

Աւանդական սփիւռքի կեանքը կազմակերպուած է եկեղեցւոյ շուրջ։ Իւրա­քանչիւր գաղութ եկեղեցին նկատած է իր հաւաքական կեանքին կեդրոնը եւ անոր շուրջ հիմնած զանազան մարզերու առնչուած իր հաստատութիւնները։ Եկեղեցին, իր կարգին, չէ կրցած քայլ պահել կեանքի յարափոփոխ պայմաններուն հետ։ Եկեղեցւոյ բարեկարգումը նոյնպէս հրամայական է։ Եկեղեցի-ժողովուրդ յա­րա­բերութիւնը նոր որակ ու ոճ պէտք է ստանայ ու եկեղեցին դառ­նայ ծառայական ներկայութիւն ժողովուրդի կեան­քէն ներս։ Ուստի, նկատի ունենալով եկեղեցւոյ կեդրոնական դերը գա­ղութի մը կեանքին մէջ, գաղութի վերակազմակերպումը հարկ է որ սկսի թեմական կեանքէն։

Վերջին Ազգ. Ընդհանուր Ժողովին (5-8 Դեկտեմբեր 2017) թէ՛ Մեր պատգամին եւ թէ ժողովի որոշումներուն մէջ կարեւորու­թեամբ անդրադարձած էինք յատկապէս թեմերու վերակազմա­կերպ­ման եւ ապա այս ուղղութեամբ յատուկ ուղեցոյց մը ճշդած։ Սակայն, համաճարակը դանդաղեցուց մեր թեմերուն կողմէ կա­տարուելիք ծրագրումի աշխատանքները։ Հոս կ’ուզենք ամ­փոփ գիծերով պարզել թեմերու շրջագծէն ներս ձեռնարկուելիք աշխա­տանքին ուրուագիծը.-

Թեմի վերակազմակերպման մէջ կարեւոր դեր ունի Հո­գեւորա­կանը։ Կոչու­մի գի­տակ­ցութիւն ունեցող եւ ներկայ ժամանակնե  րու մար­տա­հրա­ւէր­ները դիմագրաւելու հոգեմտաւոր պատրաս­­տութիւն ունեցող հոգե­ւորա­կաններու կազմաւորումը էական է։ Ծուխը, որպէս հիմքը եկեղեց­ւոյ կեանքին ու առաքելութեան, պէտք է դառնայ վերա­կազ­մա­կերպման գործընթացին­ կիզակէտը։ Հարկ է եկեղեցւոյ վարչա­կազմակերպչական կեանքին մէջ գործող մար­մին­ները վերաթար­մացնել՝ պաշտօնի կոչելով ուսեալ եւ գործուն­եայ տի­կին­ներ ու երիտասարդներ։ Անհրաժեշտ է առաջնահերթ կարեւորութիւն ըն­ծայել ա) քրիստոնէական դաստիա­րա­կութեան՝ Կիրակնօրեայ վարժարաններու վերաշխուժացու­մով, հայկական վարժարան­ներէն ներս կրօնական նիւթերու դասաւանդումով ու հայ ընտանի­քէն ներս հոգեւոր ու բարոյա­կան արժէքներու կեն­սագործումով։ բ) ընկերային ծառայութեան, զայն դարձնելով եկեղեցւոյ առաքե­լութեան էական մարզերէն մէկը։ գ) Հայ դպրոցին, վերաշեշտելով անոր հայակերտումի առաքելութիւնը։

 

բ) ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐ

Թեմը գաղութէն անկախ միաւոր մը չէ. թեմը ինքնին ժողո­վուրդն է։ Այս առումով, համայնքի կեանքին մէջ գործող կազ­մա­կերպութիւններուն ու թեմին միջեւ ներդաշնակ գործակցու­թիւնը, վստահաբար, պիտի նպաստէ գաղութի վերակազմա­կերպ­ման։ Արդ, թելադրելի է, որ համագործակցութիւնը սկսի ծրագիր­ներու պատրաստութեան ընթացքին։ Համայնքա­յին կա­ռոյցները մասնա­կից են թեմական մարմիններու գոր­ծունէութեան, սակայն անոնք ունին իրենց յատուկ կանոնագ­րութիւնները եւ առաջնա­հեր­թու­թիւնները։ Մեր կառոյցները սկսած են մարդուժ կորսնցնել. քա­նակին առընթեր նշմարելի է նաեւ որակի նահանջ։ Նոր աւիւն հարկ է ներարկել անոնց, ապա­հովելով երիտասար­դութեան, արա­­կան թէ իգական, տիրական ներկայութիւնը՝ նաեւ ղեկավա­րու­թեան մակարդակի վրայ։ Կա­ռոյցներու կանոնագրու­թիւն­նե­րուն այժմէականացումը եւ տեղական պայմաններուն պատ­շա­ճեցումը, պահելով հանդերձ անոնց համասփիւռքեան ու համա­հայ­կական բնոյթն ու նպատակը, անխուսափելի է։ Կառոյցներու միջեւ սերտ գործակ­ցութիւն ու անոնց գործու­նէութեանց միջեւ ներդաշնա­կութիւն ստեղ­ծելը մեծապէս պիտի նպաստէ գաղութի կեանքին առաւել ծաղկման եւ Սփիւռքի աշխուժացման։

Սփիւռքի վերակազմակերպումը բարդ ու եր­կա­րաշունչ ծրագիր է։ Նման հսկայածաւալ ծրագիրի մը իրագոր­ծումը կ’ենթադրէ հա­ւա­քական հաւատք ու նուիրում, ղեկավա­րու­թիւն ու յանձնառու­թիւն։ Ան կը պահանջէ նաեւ մասնագի­տական մօտե­ցում ու համա­պար­փակ ծրագրում՝ հանգրուանա­յին կերպով իրա­գործելի։ Յիշ­եալ գործընթացին մէջ անհրաժեշտ է նկատի ունե­նալ տարբեր մի­ջա­­վայ­րերու մէջ ապրող գա­ղութ­ներուն ներքին դրուած­քը, գոր­ծող կառոյցներու իւրայատ­կու­թիւն­ները ու շրջա­պա­տը, եւ համա­պա­տաս­խան մօտեցում որդեգրել։

Արդ, ինչպէ՞ս կարելի է յիշեալ հսկայ աշխատանքին ձեռնար­կել.-

1) Մթնոլորտի պատրաստութիւնը նախապայման է։ Մեր կա­ռոյցները, անոնց պատասխանատուները ու անդամները պատ­րաստ ու յանձնառու պէտք է ըլլան վերակազմակերպումի անյե­տաձգելի անհրաժեշտութեան։ Այս ուղղութեամբ յօդուածնե­րու պատրաստութիւնը, հրապարակային քննարկումներու ու համա­գու­մարներու կազմակերպումը կրնան օգտակար դառնալ տեսա­կէտներու փոխանակման, մտքերու պատրաստութեան ու դրա­կան միջավայրի ստեղծման։

2) Իւրաքանչիւր կառոյց ինք պէտք է նախաձեռնէ իր վերա­կազմակերպման, նկատի ունենալով Մեր արծարծած մտահո­գու­թիւններն ու մատնանշած երեւոյթները, եւ ապա, անհրաժեշ­տու­թեան պարագային, իր կատա­րած աշխատանքը համադրելով այլ կառոյցներու հետ։

3) Ծրագրումին հարկ է յաջորդէ գործադրումը։ Սա բնա­կա­նաբար ամենէն դժուար հանգրուանն է։ Գործադրումը պէտք է կա­տարուի յառաջատուական ընթացքով եւ ծրագրուած հետեւո­ղա­կանութեամբ։

Հաւատարիմ իր անցեալին, հայ ժողովուրդը կոչուած է ինք­զինք յարատեւօրէն վերարժեւորման ու վերանո­րոգման ենթար­կելու՝ համահունչ փոխուող ժա­մանակներուն, պայմաններուն ու մար­տա­հրաւէր­ներուն։ Ա՛յս տես­­­լականով ու յանձնառութեամբ Սփիւռ­քը պէտք է վերակազ­մա­կերպէ ու վերա­շնչաւորէ ինքզինք։ Սփիւռ­քը իր ներկայ վիճակին թողուլ, կը նշա­նակէ անոր ինքնա­մաշումը արագացնել։ Սփիւռքի վերակազմա­կեր­պումը՝ անոր հզօրացումն է, իսկ Սփիւռքի հզօրա­ցումը Հայաս­տանին ու Արցա­խին հզօրա­ցումն է. եւ սա համազ­գային առաջ­նահերթու­թիւն է ու մարտա­հրաւէր։ Հարկ է անյապաղ լծուիլ աշ­խա­տանքի։

Կը թե­լադ­րենք մեր Սուրբ Աթոռի թեմերուն անմիջապէս ձեռ­նարկել ծրագ­րումին, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն ամբող­ջացնել յառաջի­կայ Ազգ. Ընդհանուր Ժողովէն առաջ։

Հայրական ջերմ սիրով,

­Աղօ­թա­րար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍ
ՄԵ­ԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻ­ԼԻԿ­ԻՈՅ

1 Յունուար, 2022
Ան­թիլ­ի­աս, Լի­բա­նան