ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ Կ՚ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀՌՉԱԿՈՒՄԻՆ
Կիրակի, 16 Յունուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մասնակցեցաւ Սուրբ Պատարագին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մասաչուսեթս)։ Սրբազան Հայրը փոխան քարոզի ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հռչակագիրը՝ «2022- Սփիւռքի Տարի», որ Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ եւս կարդացուեցաւ (լման բնագիրը կարդալ այստեղ)։
Սրբազան Հայրը, Վեհափառ Հօր պատգամի ընթերցման աւարտին, հրաւիրեց հաւատացեալները պահ մը անդրադառնալու հիմնական այն իրողութեան, թէ ինչպէս Հայոց Հայրապետը Մայրիներու երկրին մէջ հաստատուած Մայրավանքէն շողարձակուած իր սրտի խօսքերով կու գայ ապացուցանելու, թէ Սուրբ Աթոռի առաքելութեան սեւեռակէտը միայն Լիբանանը կամ առ հասարակ Միջին Արեւելքը չէ, այլ հայ ժողովուրդը իր ընդհանրութեան մէջ՝ Հայրենիք եւ Սփիւռք։ Առօրեայ կեանքէն օրինակ մը բերելով, ան ըսաւ, թէ ինչպէս որ ծնողքի մը զաւակները աշխարհագրականօրէն որքան ալ հեռու ապրին, ծնողական սիրտը կը տրոփէ անոնց առօրեայի բոլոր հարցերով, նմանապէս Սուրբ Աթոռի Գահակալը կը բաժնէ սփիւռքեան իր զաւակներու բազմածաւալ տագնապները եւ կոչ կ՚ուղղէ մեր ողջ կառոյցներու վերածրագրումի, վերակազմակերպումի, վերաշխուժացումի հրամայականով դիմագրաւելու մեր հաւատքին եւ ինքնութեան սպառնացող մարտահրաւէրները, եւ զարգացնելով «զօրաւոր Սփիւռքով՝ զօրաւոր Հայրենիք, եւ զօրաւոր Հայրենիքով՝ զօրաւոր Սփիւռք» գիտակցութիւնը որպէս ձգողական ոյժի անառարկելի օրէնք հայ կեանքի գոյապահպանման։
Օրուան Աւետարանի ընթերցումին զուգորդելով Նորին Սրբութեան առաջադրած կենսական ծրագիրները, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եզրակացուց իր խօսքը, ըսելով. «Քրիստոսի պատգամը բոլոր դարերու հաւատացեալներուն միեւնոյնն է՝ Աստուծմով ամէն ինչ կարելի է։ Եթէ բնութեան օրէնքները անդրանցնելով հարսանեկան խրախճանքին ջուրը գինիի փոխուեցաւ, մեզմէ իւրաքանչիւրը եւս նուիրումի իր գաւաթ մը ջուրը երբ ներկայացնէ Ամենակարողին, Ան ուրախարար գինիի պիտի վերածէ զայն, որպէսզի ազգային մեր կեանքի հարսանեկան խրախճանքը շարունակուի»։
Նկատի ունենալով որ նախորդ օրը՝ Շաբաթ, Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի տօնն էր, յաւարտ Սուրբ Պատարագին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սուրբին Աջով ջրօրհնէք կատարեց, հայցելով Ամենակալէն որ «մարգարէներու մէջ մեծագոյն ծնունդ՝ Սուրբ Յովհաննէս Կարապետ Մկրտչին» բարեխօսութեամբ զօրացնէ մեր հաւատքը, եւ փրկէ մերօրեայ չարամիտ Հերովդէսներէ եւ երեւելի ու աներեւոյթ ամէն փորձութենէ։
Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, սրահին մէջ Սրբազան Հայրը գնահատեց հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Պետրոս Քհն. Շիթիլեանի, հոգաբարձութեան եւ յարակից մարմիններու ու քոյր կազմակերպութեանց համագործակցութիւնը, մաղթելով որ յառաջիկայ հանդիպումին բոլորս զիրար ողջունենք բնականոն պայմաններու տակ։