ՍՈՒՆԴՈՒԿԵԱՆ ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ԹԱՏՐՈՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ (25 Յունուար, 1921)
Մերօրեայ Երեւանը խորհրդային ժամանակներէն ժառանգած է շարք մը պետական թատրոններ։ Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնը իր 100րդ թատերաշրջանը սկսաւ Սեպտեմբեր 2021ին։
Թատրոնը հիմնուած է 1921ին, Հայաստանի Առաջին պետական թատրոն անունով։ Իր դռները բացած է 25 Յունուար, 1922ին, Գաբրիէլ Սունդուկեանի «Պէպօ» թատերախաղով։ Մինչեւ 1938, թատրոնը գործած է Շահումեանի անուան բանուորական ակումբին մէջ, որ կը գտնուէր «Մարիոթ-Արմենիա» ներկայ հիւրանոցի տարածքին մէջ։ Այնուհետեւ, փոխադրուած է նոր շէնքը, որ կառուցուած էր Կոմունարների այգիին մէջ։ Այգին յետոյ կոչուած է 26 Կոմիսարների այգի, իսկ անկախութենէն ետք ստացած է իր նախախորհրդային անուանումը՝ Անգլիական այգի։
Լեւոն Քալանթար թատրոնի առաջին գեղարուեստական ղեկավարը եղած է։ Սկզբնական կազմին մէջ խաղացած են հայ թատրոնի լաւագոյն անուններէն մէկ քանին՝ Վահրամ Փափազեան, Հրաչեայ Ներսիսեան, Վաղարշ Վաղարշեան, Գուրգէն Ջանիբէկեան, Օլգա Գուլազեան, Արուս Ոսկանեան, Յասմիկ (Թագուհի Յակոբեան), եւ ուրիշներ։ 1920ական թուականներուն, թատերացանկը ընդգրկած է «Աւազակներ» (Ֆրիտրիխ Շիլլէր), «Քննիչը» (Նիկոլայ Գոգոլ), «Պաղտասար աղբար» (Յակոբ Պարոնեան), «Խաթաբալա» (Գ. Սունդուկեան), եւ այլն։
1930-1953ին, Արմէն Գուլակեան եւ Արշակ Բուրջալեան ստանձնած են գեղարուեստական ղեկավարութիւնը։ 1937ին, թատրոնը «Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան թատրոն» անունը ստացած է։ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին, հայրենասիրական գրականութիւնը արտօնուած է, եւ այդպէս է, որ հայրենասիրական նիւթով թատերախաղեր ներկայացուած են 1941-1945ին, ինչպէս Նայիրի Զարեանի «Փոխվրէժ», Մուրացանի «Գէորգ Մարզպետունի», եւ այլն։
1950ական թուականներուն, «Օթելլօ» (Ուիլիըմ Շէյքսփիր), «Դիմակահանդէս» (Միխայիլ Լերմոնտով), «Փորձադաշտ» (Ն. Զարեան), «Պաղտասար աղբար» (Յ. Պարոնեան), եւ ուրիշներ, Փափազեանի եւ Ներսէսեանի պէս թատերական մեծ դէմքերու տաղանդը ցուցադրելու միջոց եղած են, ինչպէս եւ այլ դերասաններու (Գ. Ջանիբէկեան, Աւետ Աւետիսեան, Թաթիկ Սարեան, եւ այլն)։ Ալ. Շիրվանզադէի «Նամուս» թատերախաղի բեմադրութիւնը բացայայտած է յաջորդ սերունդի դերասանները՝ Մետաքսիա Սիմոնեան, Խորէն Աբրահամեան, Սօս Սարգսեան, Մհեր Մկրտչեան, եւ այլն։
1953-1977ին, Վարդան Աճէմեանի երկարամեայ գեղարուեստական ղեկավարութեան տակ, «Սունդուկեան» թատրոնը («ակադեմական» կոչուած՝ 1960ին) նոր բարձունքներ նուաճած է։ Լաւագոյն բեմադրութիւններուն մէջ կարելի է յիշել Ուիլիըմ Սարոյեանի «Իմ սիրտը լեռներում է», Ալեքսանդր Սուխովօ-Կոբիլինի «Դատական գործ», Արամաշոտ Բաբայեանի «Այո՛, աշխարհը շուռ է եկել», Զարզանդ Դարեանի «Հանրապետութեան նախագահը», եւ այլն։ Թատրոնի շէնքը ամբողջովին վերակառուցուած է 1966ին։
Աճէմեանի մահէն ետք, գեղարուեստական ղեկավարի պաշտօնը վարած են Հրաչեայ Ղափլանեան (1977-1979, 1985-1988) եւ Խորէն Աբրահամեան (1979-1984, 1988-1993)։ 1960-1980ական թուականներուն, «Սունդուկեան» թատրոնը, որ մինչեւ այդ Խորհրդային Միութեան մէջ ելոյթներ ունեցած էր, հիւրախաղեր կատարած է արտասահմանի մէջ (Լիբանան, Սուրիա, Ֆրանսա, Պուլկարիա, Նորվեկիա, Միացեալ Նահանգներ, Թուրքիա, եւ այլն)։ Անկախութենէն ետք, շարունակած է իր գործունէութիւնը, գեղարուեստական ազատութեան նոր մթնոլորտին մէջ նորոգելով իր թատերացանկը։ 2015էն ի վեր, թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարը Արմէն Էլբակեանն է։