Հայ լեզուի անկիւնը

ԱՅՐԵՐԸ ԱՅՐԷՆ ԵԿԱԾ ՉԵՆ

Մարդկային գոյութեան արշալոյսին, նախամարդու առաջին ապաստանը եղած են քարանձաւները։

Թերեւս ընթերցողներ գտնուին, որ մեզի թելադրեն, թէ հայերէնը քարանձաւներու մէջ բնակներու ժամանակը կը ցոլացնէ։ Արդարեւ, այր բառը կը նշանակէ թէ՛ «մարդ» եւ թէ՛ «անձաւ» (քարայր՝ «քարանձաւ»)։ Քանի որ քարանձաւները բնութեան երեւոյթ մըն են, որ յառաջացած է մարդու ծագումէն շատ առաջ, ուրեմն կարելի է ենթադրել, որ այր բառի «մարդ« նշանակութիւնը կը բխի «քարանձաւ» նշանակութենէն։

Ասիկա ընդունելի պիտի ըլլար եթէ կարելի ըլլար փաստել, որ հայերէնը խօսուած է Հին քարէ դարուն՝ մինչեւ Ք.Ա. 10.000 թուականը։ Սակայն, նման փաստի հետքն անգամ գոյութիւն չունի, քանի որ գաղափարը ինքնին տրամաբանական չէ։

Հայերէնը, ինչպէս գիտենք, կը պատկանի հնդեւրոպական լեզուներու ընտանիքին։ Յետադարձ հայեացքով, լեզուաբանները վերականգնած են, ինչպէս յաճախ յիշած ենք այս սիւնակին մէջ, հնդեւրոպական մայր լեզուն, որ նաեւ նախահնդեւրոպական լեզու կը կոչուի եւ որ բոլոր մեռած կամ մինչեւ այսօր գոյութիւն ունեցող հնդեւրոպական ընտանիքի լեզուներուն աղբիւրը եղած է։ Գոյութիւն ունեցած պէտք է ըլլայ մինչեւ Ք.Ա. 4000-3000 թուականները, երբ սկսած է բաժնուիլ, ծնունդ տալով հնդեւրոպական լեզուական «դուստր» խումբերուն, ինչպէս հնդիրանական (յետոյ բաժնուած՝ հնդկական եւ իրանական լեզուներու), յունական, հայկական, գերմանական, եւ այլն։

Հետեւաբար, հայերէնը գոյութիւն ունեցած չէ Ք.Ա. 4րդ հարազամեակէն առաջ, երբ քարանձաւներու բնակիչներու ժամանակը շատոնց անցած էր եւ արդէն մարդիկ սկսած էին ապրիլ առաջին քաղաքներուն մէջ, որոնք գոյութիւն ունեցած են Փոքր Ասիոյ եւ Միջագետքի մէջ, ինչպէս եւ այլուր։

Երկու նոյնաձայն՝ այր («մարդ, տղամարդ, արի, քաջ մարդ, ամուսին») եւ այր («անձաւ») բառերուն միակ կապը, իրականութեան մէջ, այն է, որ երկուքն ալ բնիկ հայերէն բառեր են՝ հնդեւրոպական նախալեզուէն եկած, ուրեմն՝ այնքան հին են, որքան հայերէնը։

Այլապէս, իրարու հետ կապ չունին, այնպէս ինչպէս անգլերէն bad («վատ») եւ հայերէն վատ բառերը որեւէ կապ չունին, որքան որ ձեւով նման ըլլան, իսկ իմաստով՝ նոյնական։

Պատահականութիւնը կարեւոր դեր կը խաղայ լեզուներու զարգացման մէջ։