Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 30 ՅՈՒՆՈՒԱՐ
Գ. ԿԻՐԱԿԻ ԾՆՈՒՆԴԷՆ ԵՏՔ

 

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 6:39-47

Զիս ղրկող Հօրս կամքն է, որ չկորսնցնեմ ո՛չ իսկ մէկը բոլոր անոնցմէ՝ որ ինծի տուաւ, այլ յարուցանեմ զայն վերջին օրը: Հօրս կամքը հետեւեալն է.- Ով որ տեսնէ Որդին եւ հաւատայ անոր՝ յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ, եւ ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը:

Հրեաները սկսան տրտնջալ իրեն դէմ, որովհետեւ ըսած էր՝ թէ «Ես եմ երկինքէն իջած հացը», եւ կը հարցնէին.

Այս մարդը Յովսէփի որդին՝ Յիսուսը չէ՞, որուն հայրն ու մայրը կը ճանչնանք. ինչպէ՞ս ուրեմն կ’ըսէ՝ «Ես երկինքէն իջայ»:

Յիսուս անոնց պատասխանեց.

Կը բաւէ՛ դուք ձեզի քրթմնջէք: Ոեւէ մէկը չի կրնար ինծի գալ՝ եթէ զիս ղրկող Հայրը զայն ինծի չբերէ. եւ ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը: Մարգարէութիւններուն մէջ գրուած է. «Ամէն մարդ Աստուծմէ սորված պիտի ըլլայ»: Ով որ Հօրմէս կը լսէ եւ իրմէ կը սորվի՝ ինծի կու գայ: Ոչ ոք Հայրը տեսած է, բացի անկէ՝ որ Աստուծմէ է, որովհետեւ միայն անիկա տեսած է Հայրը: Ու ես կ’ըսեմ ձեզի, թէ ով որ ինծի հաւատայ՝ յաւիտենական կեանք ունի:

 

Բ. ՆԱՄԱԿ ՏԻՄՈԹԷՈՍԻ 2:15-19

Ջանա՛ Աստուծոյ աչքին ընտիր ըլլալ, այնպիսի մշակ մը՝ որ իր գործերուն համար ամչնալիք բան մը չունի, որպէս մէկը՝ որ ուղիղ կերպով կ’ուսուցանէ Աստուծոյ ճշմարիտ պատգամը:

Հեռո՛ւ կեցիր հաւատքի ճշմարտութիւնները խեղաթիւրող պարապ վիճաբանութիւններէ, որոնք հետզհետէ մարդիկը Աստուծմէ հեռացնելու կը ծառայեն միայն: Այդպիսի խօսքերու ձգած թոյնը քաղցկեղի պէս կը կրծէ մարդս: Այդպիսի խեղաթիւրող վիճասէրներ էին Հիմենէոս եւ Ֆիլետոս, որոնք ճշմարտութենէն շեղեցան եւ շատերու հաւատքը քանդեցին, ըսելով՝ թէ մեռելներու յարութիւնը արդէն տեղի ունեցած է: Բայց Աստուծոյ դրած հաստատուն հիմը կանգուն կը մնայ: Անոր վրայ գրուած է. «Տէրը կը ճանչնայ անոնք՝ որոնք իրն են», եւ «Ով որ Տիրոջ անունը կը կրէ՝ թող հեռու մնայ անիրաւ գործերէ»: