Կաթողիկոսարանէն

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 21 Յունուարին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շուրջ երկու ժամ առցանց հանդիպում ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներուն հետ:

Նորին Սրբութիւնը թեմակալ առաջնորդները տեղեակ պահեց Կաթողիկոսութեան ու անոր թեմերուն առնչուած ընդհանրական ծրագիրներուն ու կատարուելիք աշխատանքներուն մասին: Ան յատկապէս շեշտեց «Սփիւռքի Տարի»ին առիթով գործնական նախաձեռնութիւններու դիմելու հրամայականը, ինչպէս նաեւ 1 Յուլիսին Միւռոնօրհնէքին եւ 7-9 Դեկտեմբերին Ազգային Ընդհանուր Ժողովին գծով կատարուելիք նախապատրաստական աշխատանքներուն անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ կատարեց շարք մը յիշեցումներ Կաթողիկոսարան-թեմ յարաբերութեանց ու գործակցութեան մասին:

Երկուշաբթի, 24 Յունուարի, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, վանաբնակ միաբան հայրերու հաւաք տեղի ունեցաւ Վեհարանի դահլիճին մէջ: Հաւաքի սկիզբը Նորին Սրբութիւնը յայտնեց «Սփիւռքի տարուան» մասին կատարուելիք աշխատանքներուն ու զանոնք արժեւորելու անհրաժեշտութեան մասին:

Այս առթիւ, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձ կատարեց Միւռոնօրհութեան եւ անոր զուգահեռ տեղի ունենալիք միաբանական ընդհանուր ժողովին, յայտնելով, թէ խթան պիտի հանդիսանան ծառայութեան ոգին վերարժեւորելու եւ նոր թափ տալու Սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքին։ Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտնեց, թէ միաբան հայրերէ բաղկացած նոր յանձնախումբեր պիտի յառաջանան, որպէսզի յիշեալ աշխատանքը առաւելագոյնս կազմակերպուի։

Աւարտին, Հայրապետը կատարեց վանական կեանքի պաշօններու նոր նշանակումներ։ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան նշանակուեցաւ Մայր Տաճարի լուսարարապետ, իսկ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան՝ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ։