Կաթողիկոսարանէն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ

Իւրաքանչիւր տարուան աւարտին եւ նոր տարուան սեմին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հարցազրոյց կ՚ունենայ՝ պարզելով իր մտածումներն ու պատկերացումները հին եւ նոր տարուան կապակցութեամբ։ Այս տարի եւս, Վեհափառ Հայրապետը «Ազդակ», «Զարթօնք» ու «Արարատ» թերթերուն եւ Կաթողիկոսարանի Cilicia TV-ին հետ ունեցաւ իր տարեկան հարցազրոյցը, զոր վարեց Ծովակ Թազեան-Թիւթէլեան։

2021 թուականի համաշխարհային, համահայկական եւ մասնաւորաբար Լիբանանի ու լիբանանահայ գաղութի դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները նկատի առնելով, Վեհափառ Հայրապետը տարեփակի իր մտածումները արտայայտեց, իսկ 2022 տարին Հայրապետը «Սփիւռքի Տարի» հռչակելով, հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեց մեր ազգը, Սփիւռքը յատկապէս, յուզող խնդիրներուն ու տագնապներուն վրայ եւ այս առիթով վերստին շեշտեց Սփիւռքի վերակազմակերպումի անյետաձգելի հրամայականը եւ ողջ հայութեան փոխանցեց իր պատկերացումները, ցուցմունքներն ու սպասումները։