Մեր դպրոցներէն

«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ ՏԻԿ. ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ ՏԱՊՊԱՂԵԱՆԻ ՀԵՏ

«Սիամանթօ» լսարանի աշակերտութիւնը երկրորդ տարին է, որ կը վայելէ բազմապիսի փորձառութեանց տէր ուսուցիչներու ներկայութիւնը, որոնք տարբեր երկիրներու մէջ ալ իրենց ներդրումը կ՛ունենան ու կը գունաւորեն մտահորիզոնը մեր պատանիներուն։

Այս անգամ, հարցազրոյցը տիկ. Սօսի Միշոյեանին հետ է, որ Երեւանէն կը միանայ մեզի։

Հարցազրոյցը վարեցին եւ անգլերէնի թարգմանեցին 2րդ տարուան ուսանողուհիներ՝ Նարինէ եւ Կասիա Պէրպէրեան քոյրերը։

 

– Ո՞ւր ծնած էք եւ ո՞ր քաղաքին մէջ անցուցած էք ձեր մանկութիւնը։

Ծնած եմ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը։ Կեանքիս մեծագոյն հատուածը (մանկութենէս մինչեւ հասուն տարիք) անցուցած եմ հոն։ Հո՛ն ուսանած եմ, հո՛ն ամուսնացած։ Եղած եմ հայերէնաւանդ ուսուցչուհի, ունեցած եմ միութենական աշխոյժ գործունէութիւն։ Այնպէս որ, Հալէպի մէջ է որ թրծուած ու կոփուած է իմ էութիւնս։

 

Ի՞նչ ուսանած էք։

Նախ՝ ուսանած եմ Հալէպի պետական համալսարանի անգլերէն լեզու եւ գրականութիւն ճիւղը, որմէ ետք՝ հետեւած եմ Համազգայինի հայագիտական քառամեայ դասընթացքին։ Շատ կ՚ուզէի հայերէնի ուսումս խորացնել, ուստի 2014ին, երբ ընտանեօք Հայաստան փոխադրուեցանք, հետեւեցայ Երեւանի Խաչատուր Աբովեան մանկավարժական համալսարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժնի մագիստրոսական դասերուն եւ ստացայ համապատասխան կոչում։ Այժմ կը պատրաստեմ թեկնածուական (դոկտորական) աւարտաճառս, որուն նիւթն է «Գաւառաբարբառը սփիւռքահայ գրականութեան մէջ»։ Տեսնենք։

 

Ինչո՞ւ «լեզու եւ գրականութիւն» նիւթը ընտրած էք։

Դպրոցական տարիքէս արդէն իսկ յայտնի էր, որ հետաքրքրութիւնս դէպի գիր ու գրականութիւն կ՚երթայ։ Շատ կը խորշէի գիտական նիւթերէն, մանաւանդ թուաբանութեան դասապահերը անտանելի էին ինծի համար։ Ճիշդ հակառակ զգացումը կ՚ունենայի գրականութեան ու լեզուի դասապահերուն (ըլլային անոնք արաբերէն, անգլերէն, թէ հայերէն)։ Ձեւով մը հանգիստ կը զգայի եւ պահերը որքա՜ն կարճ կը թուէին ինծի համար։ Կը սիրէի կարդալ գեղարուեստական գրականութիւն ու վերլուծել (մեր խելքին հասածին չափ), կը սիրէի մանաւանդ շարադրութիւն գրել։ Այդ իսկ պատճառով, պաքալորէայիս ընտրեցի գրական բաժինը, ուր որպէս նիւթ աւելցաւ նաեւ փիլիսոփայութիւնը, զոր նոյնպէս շատ կը սիրէի։ Մէկ խօսքով՝ ես իմ տարերքիս մէջն էի։ Առ այդ, ալ յստակ էր, որ բարձրագոյն ուսումս այդ ճիւղը պիտի ըլլար եւ ես մեծ խանդավառութեամբ ուսանէի։

 

– Ինչպէ՞ս ծանօթացաք «Սիամանթօ» դպրոցին։

Ուսուցչական ասպարէզի փորձառութիւնս, ինչպէս յիշեցի, սկսած է Հալէպէն։ Նախ դասաւանդած եմ Ազգ. Հայկազեան վարժարանէն ներս, ապա՝ Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանին մէջ։ Սուրիոյ պատերազմին պատճառով, երբ ընտանիքով տեղափոխուեցանք Հայաստան, այս անգամ «Սահուն արեւմտահայերէն» (westernarmenian.me) անձնական դասընթացքս հիմնեցի, ունեցայ (եւ ունիմ) բազում հայ եւ օտար աշակերտներ աշխարհի զանազան վայրերէ։ Հինգ տարուան առցանց դասատուութեան փորձառութիւնս բաւարար էր, որ անմիջապէս ընդառաջէի Արեւելեան թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Ուսումնական Խորհուրդին կողմէ ինծի ուղղուած առաջարկին։ Պէտք էր կրկին առցանց ձեւաչափով հայերէն դասաւանդէի «Սիամանթօ» շաբաթօրեայ լսարանի աշակերտներուն, որոնք կու գային գլխաւորաբար Նիւ Եորքէն, Նիւ Ճըրզիէն, Միշիկընէն, Պոսթընէն, Միզուրիէն եւ Ամերիկայի այլ շրջաններէ։ Ուրախ եմ որ երկրորդ տարին է, ահա, որ ձեզի հետ եմ։

 

– Ի՞նչն է որ ձեզ ուրախ կը պահէ ուսուցչութեան ասպարէզէն ներս։
Բախտաւոր եմ, որ կ՚ընեմ այն ինչ որ կը սիրեմ։ Աշխատանք եւ նախասիրութիւն մէկտեղել երբեմն կարելի չ՚ըլլար, այդ առումով ալ իմ պարագայիս այդ մէկը բախտաւորութիւն կը սեպեմ։ Ուսուցչութիւնը տալ է, այո՛, բայց նաեւ ստանալ է միաժամանակ։ Շատ կ՚ուրախանամ, երբ նոր բան կը սորվեցնեմ։ Երբ դիմացինիս սորվելու փափաքը կը նկատեմ՝ կը խանդավառուիմ ու ամբողջ ուժս կը ներդնեմ աւելին տալու։ Լեզուն երբ կ՚առնչուի այլ լեզուներու հետ, ի յայտ կու գան այնպիսի նրբութիւններ, որոնց գուցէ չէինք անդրադարձած առօրեայ հեւքին մէջ մեր խօսած ատեն։

Կը յիշէք պարոյկի պարագան, վստահ։ Ի՜նչ իւրայատուկ նրբութիւն ունի այդ պարզ նշանը։ Անգլերէնի կամ այլ լեզուներու պէս հարցման նշանը նախադասութեան վերջը չի գար, այլ հարցական խօսքի շեշտեալ վանկին վրայ, այսինքն՝ հոն ուր որ բուն հարցումը կ՚իյնայ.

 

Արա՞մը դպրոց գնաց։
Արամը դպրո՞ց գնաց։
Արամը դպրոց գնա՞ց։

Պատասխանները կը ստանանք, անշուշտ, մեր շեշտադրումին հիման վրայ։ Օրինակները շատ են։ Առնենք «հրամմել» բայը։ Կը գործածենք առանց ուշադրութիւն ընելու անոր բառիմաստային նրբութիւններուն, մինչդեռ հոն ուր անգլերէնը կամ այլ լեզու մը տարբեր բառերով պիտի արտայայտուէր, հայերէնի մէջ այս յարգալիր բայը իր մէջ կը կրէ այդ բոլոր իմաստները։ «Հրամմեցէ՛ք» կ՚ըսենք երբ հիւրը ներս կը հրաւիրենք։ «Հրամմեցէ՛ք» կ՚ըսենք երբ մէկը մեզմէ բան մը մը կը խնդրէ։ «Հրամմէ՞» կ՚ըսենք երբ մէկու մը ըսածը չենք լսեր… նոյնիսկ «հրամմէ» կ՚ըսենք երբ մէկը մեզմէ ապացոյց կը խնդրէ… եւ այլն։ Բարդ բառերու կազմութիւնը, անոնց տրամաբանական հիւսուածքը, լեզուամտածողութեան ազդեցութեամբ ստեղծուած բառակապակցութիւններն ու դարձուածքները, նոր բառերու յայտնաբերումը…. եւ այլ հետաքրքրական նրբութիւններ կը յայտնուին ամէն օր եւ մտածմունքի տեղիք կու տան միշտ։

Կը սիրեմ այս փորձառութիւնը եւ սիրով կը կատարեմ պաշտօնս։