Հայ լեզուի անկիւնը

«ՄԱՆՈՒԿ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐ» ՉԵՆ

Բոլորս գիտենք, որ մանուկ «երեխայ» կը նշանակէ։ Սակայն, ասիկա արդի նշանակութիւնն է։ Անցեալին, բնիկ հնդեւրոպական այս բառը (աղբիւրը՝ *menu «փոքր»), ուրիշ իմաստ մըն ալ ունէր։

Ս. Պատարագին եթէ ուշադրութիւն դարձնէք, պիտի նշմարէք մանուկ բառը պատարագիչի հետեւեալ խօսքերուն մէջ, երբ Աստուծմէ խաղաղութիւն կը խնդրէ «ամենայն աշխարհի, եկեղեցեաց, քահանայից, թագաւորաց քրիստոնէից, հայրապետութեան եւ հանրապետութեան ազգիս Հայոց եւ հանրապետութեան Միացեալ նահանգացն Ամերիկայի…»։ Շարունակութիւնը կ՚ըսէ՝ եւ զինուորեալ մանկանց նոցա, որ աշխարհաբարի թարգմանուած է «անոնց բանակին»։ Մանկանց բառը յոգնակի սեռական հոլովն է գրաբարի մէջ մանուկ բառին, որ կը նշանակէր «երիտասարդ զինուոր»։

Եւ զինուորեալ մանկանց նոցա բառացիօրէն կը նշանակէ «անոնց զինեալ երիտասարդներուն», որ անգլերէն թարգմանութեան մէջ պարզապէս «զինեալ ուժեր» դարձած է։

Ահա մանուկ բառին նշանակութիւնը Ս. Պատարագի վերոյիշեալ հատուածին մէջ, որ անցեալ դարու սկիզբներուն մուծուած է, ամենայն հաւանականութեամբ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութենէն ետք (1918)։