Հերակլ Բիւզանդիոնի վաղ շրջանի կարեւոր կայսրերէն մէկը եղած է, եւ ըստ որոշ աղբիւրներու, հայկական ծագում ունեցած, թէեւ այս պնդումը վիճարկումի ենթարկուած է։
Հերակլ ծնած է 575 թուականին շուրջ։ Գահ բարձրացած է 610ին՝ գահը բռնագրաւած Փոկասը (602-610) տապալելէ ետք, եւ հիմնած է Հերակլեան հարստութիւնը (610-716)։ Գահակալութեան սկզբնական շրջանին շարունակուած է բիւզանդա-պարսկական պատերազմը, որ սկսած էր 602ին։
619ին հաշտութիւն կնքած է եւրասիական թափառական ցեղերու՝ աւարներուն հետ, որոնց հետ բիւզանդացիները կէս դարէ ի վեր կը պայքարէին։ 621ին, Հերակլ արշաւանքի ձեռնարկած է պարսից թագաւոր Խոսրով Բ.ի դէմ։ Ռազմական յաջող գործողութիւններ ծաւալած է հիմնականին Հայաստանի եւ Ատրպատականի մէջ։ Բիւզանդական բանակին մէջ նաեւ հայկական զօրքեր կային, զորս կը գլխաւորէին Մժեժ Գնունի եւ Վահան Խոռխոռունի իշխանները։
628ին կնքուած հաշտութեամբ, վերականգնուած է 591 թուականի բիւզանդա-պարսկական սահմանագիծը։ Հերակլ պարսիկներէն ետ առած է Յիսուսի գերեվարուած խաչափայտը եւ վերադարձուցած՝ Երուսաղէմ, 629ին։ Արաբները 634 թուականին ներխուժելով Ասորիք (Սուրիա), երկու տարի ետք պարտութեան մատնած են բիւզանդական բանակը, նուաճելով Ասորիքն ու Պաղեստինը։ 635ին Վահան Խոռխոռունին եւ ուրիշ հայ իշխան մը՝ Դաւիթ Սահառունի, մասնակցած են անյաջող դաւադրութեան մը Հերակլիոսի դէմ։
Հերակլ փորձած է ստեղծել քրիստոնէական նոր վարդապետութիւն՝ միակամութիւն (monotheletism), որուն նպատակն էր միացնել միաբնակները (monophysites) եւ երկաբնակները (duophysites)։ 633ին գումարած է եկեղեցական ժողով մը Կարինի մէջ, որուն հրաւիրուած էին նաեւ Եզր Ա. Փառաժնակերտցի կաթողիկոսը եւ այլ հայ եպիսկոպոսներ ու վարդապետներ, որոնք թէեւ ընդունած են նոր վարդապետութիւնը, սակայն շարունակած են առաջնորդուիլ Հայ Եկեղեցւոյ ծէսերով։ Հայաստանի արեւելեան մասի հոգեւորական դասը ժողովին մասնակցած չէ եւ «միակամութիւն»ը ընդունած չէ։ Հայաստանի արաբական նուաճումը չեղեալ դարձուցած է այս փորձը։
Հերակլ կայսր մահացած է 11 Փետրուար, 641ին։