Սուրբեր

ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ

Այսօր՝ Հինգշաբթի, 24 Փետրուար, հայութիւնը կ՚ոգեկոչէ Սրբոց Վարդանանց տօնը, յիշատակելով 451 թուականի պատերազմը հեթանոս Պարսկաստանի եւ քրիստոնեայ Հայաստանի միջեւ։ Պարսիկ թագաւոր Յազկերտ Բ. հրահանգած էր հայերուն, որ ուրանային իրենց կրօնքը եւ զրադաշտականութիւնը ընդունէին։ Սակայն, հայ եկեղեցական եւ աշխարհական ղեկավարները ընդդիմացան եւ ուխտեցին պայքարիլ ընդդէմ ճշմարտութեան թշնամիներուն։ Երկու բանակներուն ճակատագրական հանդիպումէն առաջ, հայոց սպարապետ Վարդան Մամիկոնեան իր զինուորներուն այսպէս խօսեցաւ Աւարայրի դաշտին վրայ. «Ան, որ կը կարծէր, թէ մենք քրիստոնէութիւնը իբրեւ զգեստ ունինք հագած, այժմ չի կրնար մեզ փոխել՝ ինչպէս մարմնի գոյնը կարելի չէ, գուցէ այլեւս չկարենայ մինչեւ վերջ: Որովհետեւ ասոր հիմքերը հաստատ կերպով դրուած են անշարժ վէմի վրայ, ո՛չ թէ երկրի վրայ, այլ վերը՝ երկնքի մէջ, ուր ո՛չ անձրեւներ կու գան, ո՛չ քամիներ կը փչեն եւ ոչ ալ հեղեղներ կը յարուցանեն: Եւ մենք ալ, թէպետեւ մարմնով երկրի վրայ ենք, բայց հաւատքով հաստատուած ենք երկնքի մէջ, ուր ոչ ոք կրնայ հասնիլ Քրիստոսի անձեռագործ շինուածքին»:

Հայոց բանակը, թէեւ թիւով նուազ, ուժեղ դիմադրութիւն ցուցաբերեց հզօր պարսկական զօրքերուն։ Վարդան Մամիկոնեանն ու բազմաթիւ հայ զինուորներ նահատակուեցան (ընդհանուր թիւը 1036 կը համարուի), բայց պարսիկները ա՛լ աւելի մեծ թիւով մեռելներ ունեցան, եւ վերահասու եղան հայոց ուժեղ յանձնառութեան իրենց քրիստոնէական հաւատքին նկատմամբ։ Այս ճակատամարտով, հայ ժողովուրդը փաստեց, որ քրիստոնէութիւնը իր ինքնութեան անխզելի մաս կը կազմէր։

Դիմադրութիւնը շարունակուեցաւ աւելի քան երեսուն տարի։ 484ին, հայոց նոր ղեկավարը՝ Վահան Մամիկոնեան, որ Վարդանի եղբօրորդին էր, կնքեց Նուարսակի դաշնագիրը, որ կրօնական ազատութիւն եւ ինքնավարութիւն շնորհող հնագոյն փաստաթուղթերէն մէկն է։

Հայաստանեայց Եկեղեցին Վարդանանց հերոսները սրբացուց 5րդ դարուն իսկ։ Ապրիլ 2015ին, մեր սերունդը ականատես եղաւ Մեծ Եղեռնի 1.500.000 նահատակներուն պատմական հաւաքական սրբադասման։ Առաջին նմանօրինակ պարագան էր՝ 15րդ դարուն Գրիգոր Տաթեւացիի սրբադասումէն ի վեր։ Ներսէս Շնորհալիի հեղինակած Վարդանանց տօնի օրհնութեան շարականը կ՚ըսէ.

«Նորահրաշ պսակաւոր եւ զօրագլուխ առաքինեաց, վառեցար զինու հոգւոյն արիաբար ընդդէմ մահու, Վարդան քաջ նահատակ որ վանեցեր զթշնամին, վարդագոյն արեամբդ քո պսակեցեր զեկեղեցի։

… Գոհութեամբ փառատրութիւն երրորդութեանդ նուագեմք, բազմութեամբ պսակելոցս զմեօք մածեալ առաքինեացս, եկեղեցիք Հայաստանեայց պայծառապէս զարդարեցան, ունելով միշտ բարեխօս զճգնութիւն մարտի սոցա»։

(Նորահրաշ պսակաւոր եւ զօրագլուխ առաքինիներու, Հոգիի զէնքով արիաբար զինուեցար մահուան դէմ. Վարդան, քաջ նահատակ որ թշնամին վանեցիր, վարդագոյն արիւնովդ եկեղեցին պսակեցիր։

… Գոհութեամբ օրհնութիւն կ՚երգենք սուրբ Երրրոդութեանդ, մեզի՝ առաքինիներուս միացած նահատակներու բազմութեամբ, Հայոց եկեղեցիները պայծառօրէն զարդարուեցան, միշտ բարեխօս ունենալով անոնց մարտական ճգնութիւնը»)։