Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԵՐՈՒԱՆԴ ԼԱԼԱՅԵԱՆ (մահ՝ 24 Փետրուար, 1931)

Մեծավաստակ ազգագրագէտ, բանահաւաք եւ հնագէտ Երուանդ Լալայեանի մաս կազմած է սերունդի մը, որ 19րդ դարու կէսերէն սկսեալ, իր անփոխարինելի ներդրումը ունեցած է Հայկական լեռնաշխարհի ազգային արմատները հետազօտելու, յայտնաբերելու, գիտականօրէն ուսումնասիրելու եւ յաջորդ սերունդներուն ժառանգ կտակելու գործին մէջ։

Լալայեան ծնած է Ալեքսանդրապոլ, 25 Մարտ 1864ին։ 1885ին աւարտած է Թիֆլիսի «Ներսիսեան» վարժարանը եւ քանի մը տարի ուսուցչական աշխատանք կատարած՝ Ախալցխայի, Ախալքալաքի եւ Ալեքսանդրապոլի հայկական վարժարաններուն մէջ։ Երիտասարդական տարիները բանահաւաքման եւ ազգագրական գիտելիք ամբարելու բեղմնաւոր տարիներ եղած են։ 1890ականներուն բարձրագոյն ուսման նպատակով մեկնած է Ժընեւ, ուր 1894ին վկայուած է համալսարանի ընկերային գիտութիւններու ճիւղէն եւ, վեց ամիս Վիեննայի Մխիթարեաններուն քով ուսումնասիրութիւններ կատարելէ ետք, վերադարձած է Անդրկովկաս։ 1895ին, ուսուցչական պաշտօնի կոչուած է Շուշիի Թեմական դպրոցին մէջ, ուր մէկտեղուած էին հայոց լեզուի եւ գրականութեան, հայոց պատմութեան եւ ազգային ժառանգութեան անուանի մասնագէտներ, ինչպէս Մանուկ Աբեղեան, Լէօ, Թորոս Թորամանեան, Հրաչեայ Աճառեան, Լեւոն Մելիքսէթ-Բէկ, Ստեփան Լիսիցեան, Խաչիկ Սամուէլեան եւ ուրիշներ, որոնց աշխատակցութեամբ 1896ին ձեռնարկած է «Ազգագրական հանդէս»ի հրատարակութեան։

«Ազգագրական հանդէս»ը եզակի բեմը դարձած է հայագիտական, բանասիրական, պատմագիտական, հնագիտական եւ արուեստի ու մշակոյթի այլ բնագաւառներու ուսումնասիրութեան։ Այնուհետեւ փոխադրուած է Թիֆլիս եւ անխափան հրատարակուած է մինչեւ 1916։  Ըստ առաջին թիւի խմբագրականի նպատակին, հանդէսը յաջողած է  «ուսումնասիրել ազգը» եւ դառնալ «ժողովրդական կեանքի մի ճշմարիտ հայելի»։

Լալայեան «Ազգագրական հանդէս»ի մէջ պարբերաբար հրատարակած է մեծարժէք ազգագրական աշխատութիւններ Հայաստանի տարբեր շրջաններու մասին՝ Ջաւախք, Վարանդա, Սիսիան, Ղափան, Գանձակ, Բորչալու, Վասպուրական, Գողթն, Վայոց ձոր, Նախիջեւան, Գեղարքունիք, ինչպէս եւ արժէքաւոր բանահիւսական նիւթեր։ Գրի առած է հազարաւոր հեքիաթներ, առակներ եւ առածներ։ Լայնածաւալ պեղումներ կատարած է Դարալագեազի, Նախիջեւանի, Սեւանայ լիճի շրջանին եւ այլն։ Հնագիտական ուսումնասիրութիւնները ամփոփուած են «Դամբարանների պեղումները Խորհրդային Հայաստանում» (1931) գիրքին մէջ։ Հրատարակած է Վայոց ձորի, Վասպուրականի եւ Նոր Բայազէտի (այժմ՝ Գաւառ) յուշարձաններուն նուիրուած երեք նկարազարդ, մեծածաւալ ալպոմներ՝ հայերէն, ռուսերէն եւ ֆրանսերէն բացատրութիւններով։ Հաւաքած ու հրատարակած է «Սասունցի Դաւիթ»ի շարք մը տարբերակներ։

Երուանդ Լալայեան 1900ին հիմնած է Հայոց Ազգագրական Հրատարակչութիւնը, իսկ 1906ին՝ Հայոց Ազգագրական Ընկերութիւնը, որ շուտով իր թանգարանը պիտի ունենար։ 1919ին, Հայաստանի Հանրապետութեան լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանի հրաւէրով, Լալայեան տեղափոխուած է Երեւան եւ հիմնած՝ պետական Պատմութեան թանգարանը, որուն տնօրէնը մնացած է խորհրդային շրջանին մինչեւ  1927։ 1920ական թուականներուն, ազգային յուշարձաններու պահպանման շարժումը հիմնած է Թորոս Թորամանեանի եւ Մարտիրոս Սարեանի հետ։ Մահացած է 24 Փետրուար, 1931ին։