Առաջնորդարանէն

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԴԱՍԸ ՆՇԵՑ Ս. ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՏՕՆԸ

Երեքշաբթի, 22 Փետրուարին, Թեմիս հոգեւորական դասը, գլխաւորութեամբ Գերշ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, առցանց հանդիպում մը ունեցաւ Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առիթով։ Օրուան յատուկ ամփոփ ժամերգութեան աւարտին, Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան խորհրդածութիւն կատարեց, նիւթ ունենալով սուրբ գրային համարը՝ «Մի՛ վախնաք անոնցմէ որոնք մարմինը կը սպաննեն»։ Տէր Հայրը շեշտեց այն իրողութիւնը, որ վախը մարդ արարածի կեանքին մէջ կարեւոր  դերակատարութիւն ունի ֆիզիքական թէ հոգեկան մարզերէն ներս։ Ըստ այնմ, Քրիստոս զգուշացուց առաքեալները  եւ անոնցմով՝ հաւատացեալները, որպէսզի զոհ չդառնան ֆիզիքականի կորուստին, որ ժխտական անդրադարձ կրնայ ունենալ նաեւ հոգիներու յաւիտենական կորուստին վրայ։

Աւետարանական հատուածը դիտելով օրուան խորհուրդին ընդմէջէն, Տէր Սամուէլ յայտնեց, թէ Ղեւոնդեանք եւ Վարդանանք նահատակները լաւագոյնս ըմբռնելով Քրիստոսական պատգամը, կրցած էին յաղթահարել գերագոյն վախը մարմնացնող մահուան, ապահովելով  հայ ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութիւնը, աւելի՛ն՝ հոգիներու փրկութիւնը։

Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Գերպ. Տ. Սահակ Ծ․ Վրդ․ Եմիշեան, որ խօսեցաւ «Վերլուծական առողջ մտածելակերպ» նիւթին շուրջ։ Հայր Սուրբը, անդրադառնալով  հովիւի ամէնօրեայ պարտաւորութեանց բազմազանութեան, գործնական թելադրանքնեով պարզ եւ ազդու ուղեցոյց մը հրամցուց հոգեւոր եղբայրներուն։ Ան յայտնեց, թէ խիստ կարեւոր է ճանչնալ եւ զգուշանալ անմիջական եւ կարեւոր թուացող հարցերէ, որոնք իսկութեան մէջ կրնան ծուղակներ ըլլալ, հեռացնելով մեզ  իրագործելէ առաջնահերթ ծրագիրներ ու երազներ։ Կեդրոնացում առաջնահերթ հարցերու, մշակել երկար ժամանակի վրայ կարեւոր ծրագիրներ, նաեւ զգուշանալ  ծայրայեղութիւններէ, այս բոլորը կը կազմեն անհատի մը, հաւաքականութեան մը եւ գաղութի մը կեանքին յաջողութեան բանալին։

Գործնական կեանքի վերաբերող այս դասախօսութիւնը օգտակար էր ո՛չ միայն ներկայ հոգեւորականներուն, այլ նաեւ վարչական կամ հասարակական կեանքի մէջ գործող ոեւէ անհատի համար։

Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ հովուական կեանքի փորձառութեանց փոխանակում, ինչպէս նաեւ եղան գործնական առաջարկներ՝ պսակաձեւ ժահրի արհաւիրքէն ետք հայ հաւատացեալին հաւատքը վերապնդելու եւ եկեղեցին վերաշխուժացնելու։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր յորդորականով, հոգեւոր հայրերը հրաժեշտ առին, յառաջիկայ Մայիս ամսուն Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին զիրար անձամբ ողջունելու քաղցր յոյսով։