ԲԱԲԳԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ (ծնունդ՝ 4 Մարտ, 1941)
Պատմաբան ու պատմա-աշխարհագրագէտ Բաբգէն Յարութիւնեան, իր ուսումնասիրական ու մանկավարժական բեղուն աշխատանքով, խոր հետք ձգած է մեր հին ու միջնադարեան պատմութեան ու աշխարհագրութեան ուսումնասիրութեան մէջ։
Յարութիւնեան ծնած է 4 Մարտ, 1941ին, Երեւանի մէջ : 1958ին Երեւանի Հր. Աճառեանի անուան թիւ 72 միջնակարգ դպրոցը ոսկէ մետալով աւարտելէ ետք, նոյն տարին ընդունուած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան ճիւղը, զոր աւարտած է 1962ին, գերազանցութեան վկայականով: 1963-1966ին եղած է նոյն համալսարանի հայցորդ եւ 1968-ին պաշտպանած է թեկնածուական (դոկտորական) ատենախօսութիւն` «Վայոց ձորը հնագոյն ժամանակներից մինչեւ 1045 թուականը» նիւթով: Դոկտորական (երկրորդ) ատենախօսութիւնը՝ «Մեծ Հայքի վարչաքաղաքական բաժանման համակարգն ըստ «Աշխարհացոյց»-ի (արեւմտեան եւ հարաւային աշխարհներ)», պաշտպանած է 1993ին։
Բ. Յարութիւնեան աւելի քան քառասուն տարի՝ 1969-էն մինչեւ մահը, դասաւանդած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ, ուր 1970-1971ին եղած է ԵՊՀ արտասահմանեան ուսանողներու հետ աշխատանքներու գծով տեսուչ, իսկ 1972-1977ին ուսանած եւ գերազանցութեամբ աւարտած է իրաւագիտութեան ճիւղի հեռակայ բաժինը: 1993-2004ին պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն եղած է, իսկ 1997-2000ին, համատեղութեամբ, Հայաստանի յարակից երկիրներու պատմութեան ամպիոնի վարիչ: 2003ին ընտրուած եւ մինչեւ մահ վարած է հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչի պաշտօնը։ Անոր գործունէութիւնը ընդգրկած է նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութեան տնօրէնութիւնը (1985-1988)։
1993-1994ին դասախօսած է Համազգայինի Պէյրութի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին մէջ, իսկ 1995-1996ին՝ Միացեալ Նահանգներու Միշիկըն-Տիրպորն համալսարանին մէջ: 2005ին փրոֆեսորի կոչում ստացած է, իսկ յաջորդ տարի ընտրուած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի թղթակից անդամ: 2007-2008ին վարած է Ակադեմիայի ակադեմիկոս-քարտուղարի պաշտօնը։ Տարիներ շարունակ Ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի գիտական աստիճաններ շնորհող խորհուրդի փոխնախագահը եղած է։
Գիտնականի գրեթէ յիսնամեայ գիտա-հետազօտական տքնաջան որոնումներուն արդիւնքը եղած է անոր հեղինակած աւելի քան 500 աշխատութիւնները, որոնք կ՚ընդգրկեն մենագրութիւններ, յօդուած, քարտէսներ, զեկուցումներու դրոյթներ եւ գրախօսականներ։ Անոնք նուիրուած են հայոց, ինչպէս եւ տարածաշրջանի գլխաւորաբար հին եւ միջնադարեան պատմութեան ու պատմական աշխարհագրութեան բազմաբնոյթ հարցերու։ Իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ, Յարութիւնեան զամազան ընդունուած հարցեր նոր քննութեան ենթարկած եւ թարմ լուծումներու յանգած է։ Հայ ժողովուրդի հին եւ միջնադարեան պատմութեան ուսումնասիրութեան մէջ, լուրջ ներդրում են Բ. Յարութիւնեանի «Աշխարհացոյց»-ը և չորս Հայքերի խնդիրը» (1997), «Հայաստանի, հայ-իրանական յարաբերութիւնների եւ Առաջավոր Ասիայի հնագոյն պատմութեան մի քանի խնդիրների շուրջ (Ք.Ա. VII-VI դարեր)» (1998),«Մեծ Հայքի վարչա-քաղաքական բաժանման համակարգը ըստ «Աշխարհացոյց»-ի» (մասն Ա., 2001) մենագրութիւնները, ինչպէս եւ այլ ուսումնասիրութիւններ։ Անոր հեղինակութեամբ լոյս տեսած է «Հայաստանի պատմութեան ատլաս»ը (2003 եւ 2008, երկու հատորը։ Խմբագիր ու հեղինակակից եղած է «Հայաստանի ազգային ատլաս»ի Բ. հատորին (2008) եւ հեղինակներէն մէկը եղած է «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն» եռալեզու ատլասին (2009)։
Բաբգէն Յարութիւնեան արժանացած է Երեւանի պետական համալսարանի ոսկէ մետալին , «Ալպերթ Շուայցըր» մետալին, ռուսական «Եկատերինա Մեծ» եւ գերմանական «Ոսկէ արծիւ ոսկի թագով» շքանշաններուն: 2006ին անոր շնորհուած է «Մովսէս Խորենացի» մետալը, իսկ 2009-ին` Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութեան վաստակաւոր գործիչի կոչումը:
Մահացած է 26 Փետրուար, 2013ին, Երեւանի մէջ։