Առաջնորդարանէն, Մեր դպրոցներէն

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը կը շարունակէ կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներուն նուիրուած առցանց ծրագիրը։ Երկուշաբթի, 7 Մարտի երեկոյեան տեղի ունեցաւ վեցերորդ դասը, որուն մասնակցեցան 18 ուսուցիչներ եւ տնօրէններ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Աղօթքով բացումը կատարեց առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան։

Տիկ. Նուէր Օրանճեան Պապաճանեան իր դասախօսութիւններու շարքին երրորդը ներկայացուց՝ մանկավարժական հմտութեան տարբեր ձեւերու զարգացման մասին։ Դասախօսութենէն ետք, տեղի ունեցաւ քննարկում եւ հարցումներու բաժին։

Երկուշաբթի, 4 Ապրիլին, Արժպ. Տ. Ստեփան Պալճեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ (Նորթ Անտովըր, Մասաչուսեթս) պիտի խօսի Հայ Եկեղեցւոյ տօներուն մասին։