Մեր ծուխերէն

ՏԻԿ. ՍՕՍԷ ԽՏԸՇԵԱՆ-ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ՝ «ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օրուան առիթով, «Սիամանթօ» լսարանի աշակերտներուն այս տարուան առցանց հիւրն էր մանկական գրականութեան հեղինակ՝ տիկ. Սօսէ Խտըշեան-Պէրպէրեան։

Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր 3րդ տարուան ուսանողներէն Նարեկ Գասարճեանի  պատրաստած թղթակցութիւնը։

Տիկ. Սօսէ Խտըշեան-Պէրպէրեան ծնած է Պէյրութ։ Մասնագիտութեամբ դեղագործ է։ Ամերիկայի մէջ ընտանիք կազմելով, կը նշմարէ, որ հոս պզտիկները դժուարութիւն ունին հայերէն խօսելու, որովհետեւ գործածելու տեղ չունին։

Հետեւաբար, հակառակ անոր որ մանկական գիրք գրելը իր դաշտը չէ, կ՛անդրադառնայ, որ եթէ ինք ճիգ չթափէ, իր զաւակները հայերէն սորվելու առիթ պիտի չունենան։ Ահա շատ պարզ կերպով տիկին Սօսէ պատմեց իր չորս մանկապատենկան գիրքերուն ծնունդ առնելուն պատճառն ու նպատակը․

Ա «Մամեծին տաղերը»

Մեծ մամայէն սորված երգերը կը գրէ եւ մոռցածներն ալ երգել կու տայ ու կ՛արձանագրէ։ Օր մըն ալ կը մտածէ իւրաքանչիւր երգի քով գունաւոր նկարներ գծել ու ընկերներուն նուէր կը ղրկէ։ Շուտով, նոյն ընկերներուն քաջալերանքով, միասին կը մտածեն տպել։ Ու կատակով, ըսաւ հիւրը, ահա այդպէս մէջտեղ ելաւ առաջին գիրքը ու այդ երգերուն աւանդութիւնը կը շարունակուի։

Բ «Գաթային գաղտնիքը» գիրքը ընտանիքին պատմութիւնն է։

Մեծ մաման ամէն Զատկի գաթա կը պատրաստէր եւ ընտանիքով անոր մօտ կը հաւաքուէին, ինչպէս յաճախ պատմած էր իր երկու աղջիկներուն՝ Նարինէին եւ Կասիային։ Բայց երբ օր մը կը հարցնէ, թէ կը յիշե՞ն, թէ մեծ մաման ու մեծ պապան ինչ կ՛ընէին Զատկին, զաւակները կը պատասխանեն. «Մամ, դուն մեզի չես պատմած»։ Հոն հեղինակը կ՛անդրադառնայ, որ միայն պատմելով ալ չի պահպանուիր բան մը, ու ահա ծնունդ առաւ «Գաթային գաղտնիքը», որ գաղտնիք մը չէ, այլ մեծ մօր գաթա պատրաստելու պատմութիւնը, եւ դիւրընթեռնելի դարձնելու համար փորձած է մէկական կարճ նախադասութիւններով գրել։ Իսկ հիմա, երբ նոյն հարցումը կը հարցնէ զաւակներուն, անոնք արդէն գիտեն գաթային աւանդութիւնը եւ նկարով եւ խօսքերով իրենց մտքին մէջ պահած են։

Գ «Իմ անունս Նայիրի է»

Օր մը, երբ մեր հիւրին զաւակը՝ Նարինէն, դպրոցէն տուն կը վերադառնայ ու կը հարցնէ՝ «Մա՛մ, այսօր հայկական տօնը պիտի տօնե՞նք», պատասխանը կ՚ըլլայ՝ «Այսօր հայկական տօն չկայ»։ Նարինէի հարցումը Thanksgiving-ի մասին էր։ Հեղինակը կ՛անդրադառնայ, թէ պզտիկի մտքին մէջ ամերիկեան եւ հայկական տօներու շփոթ մը կար։ Այդ պատճառով կը պատրաստէ «Իմ անունս Նայիրի է» գիրքը։ Նայիրի հայ աղջիկ մըն է, որ Նիւ Եորք կ՛ապրի եւ ամէն ամիս մէկ հայկական ու մէկ ամերիկեան տօն կը տօնէ։ Կարելիին չափ ամենէն պարզ ձեւով ներկայացուած են հոն տօներու առիթներն ու իմաստը։

 Դ «Ճիճիլի- պիճիլի թագուհին»

Հեղինակի չորրորդ գիրքը մեծ մայրիկին պատմած բազմաթիւ պատմութիւններէն մէկն է, որոնք ժամանակին մեծ մաման ամէն օր առատ-առատ կը պատմէր, իսկ իրենք այդ ատեն արժէքը չէին գիտեր։ Տարիներ ետք, մարդ կ՛անդրադառնայ, թէ ինչ մեծ արժէք ունին անոնք։

Վերջաւորութեան, տիկին Սօսէ Խտըշեան-Պէրպէրեան աշակերտներուս թելադրեց, որ մեր մեծերուն պատմածները լսելու ժամանակ տանք եւ փորձենք պահել զանոնք։

Ան ծայրէ ի ծայր մեզի օրինակ եղաւ իր տարբեր պատճառներով եւ տարբեր նպատակներով լոյս տեսած գիրքերուն մասին խօսելով։ Ան ժառանգ ձգեց իր յաջորդ սերունդներուն, նոյնպէս ալ յոյս տուաւ մեր հայու ապագային եւ պարտականութիւն՝ մեր ուսերուն։