Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ Սփիւռքի Տարիի հռչակման առիթով, Հինգշաբթի, 17 Մարտին տեղի ունեցաւ առաջին առցանց խորհրդակցութիւն-քննարկումը, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, եւ մասնակցութեամբ Խաչիկ Թէօլէօլեանի, Երուանդ Զօրեանի, Հայկ Օշականի, Սալբի Ղազարեանի (Միացեալ Նահանգներ), Յովէլ Շնորհօքեանի, Տիգրան Եկաւեանի (Ֆրանսա), Հրաչ Գույումճեանի (Անգլիա) եւ Սեդա Խտըշեանի, Շահան Գանտահարեանի եւ Խաչիկ Տէտէեանի (Լիբանան)։ Կամքէ անկախ պատճառներով նիստին չկրցան մասնակցիլ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան (Արժանթին) եւ Հրաչ Չիլինկիրեան (Անգլիա)։
Վեհափառ Հայրապետը պարզաբանեց Սփիւռքի Տարի հռչակելու շարժառիթները. ընդգծեց դասական, նոր ձեւաւորուող եւ յարափոփոխ սփիւռքեան միջավայրերու իւրայատկութիւնները, աւանդական կառոյցներու դիմագրաւած դժուարութիւնները. այս բոլորին մէջ ինքնութեան վերաբերող հարցերը եւ յատկապէս երիտասարդութեան համապատկերը։
Վեհափառ Հայրապետի նախաբանին յաջորդեցին իւրաքանչիւր մասնակիցի խորհրդածութիւնները, որոնք ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուցին.
ա) Համեմատական սփիւռքագիտութեան օգտագործումը։
բ) Ինքնութեան խնդիրներու քննարկման տարբեր միջոցներու որդեգրումը։
գ) Անտեսանելի (մեր կառոյցներէն հեռու) Սփիւռքին հասնելու ձեւերու որոնումը։
դ) Սփիւռքեան հարցերու մասնագիտական քննարկումներու ձեւաչափերու ճշդումը։
ե) Ըստ միջավայրի եւ իւրայատկութիւններու ներգրաւման ռազմավարութիւններու մշակումը։
զ) Համացանցի լիարժէք օգտագործման կարելիութիւններու ուսումնասիրութիւնը։
է) Ելեկտրոնային, համացանցային հարթակներու յառաջացումը։
ը) Սփիւռքի մարդուժի եւ կարողականութեան հաւաքագրումի եւ ցանկագրումի աշխատանքի ձեռնարկումը։
թ) Երիտասարդութեան ուղղութեամբ թիրախային ծրագիրներ մշակելը։
ժ) Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման նոր հայեցակարգերու պատրաստութիւնը։
Որոշուեցաւ յատուկ աշխատանք տանիլ երիտասարդութեան պարագային, նկատի ունենալով անոր առանցքային դերը վերակազմակերպման գործընթացին մէջ։
Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց Սփիւռքի նոր աշխարհագրութեան եւ նոր տարածքի ձեւաւորումը, շեշտելով, որ անոր վերաիմաստաւորման ու վերաշխուժացման հրամայականին ընդառաջելը Հայաստանին ուղղուած շարժառիթ եւ մղում պիտի ունենայ։ Ան նշեց նաեւ, որ նման խորհրդակցական նիստեր պիտի շարունակուին, որոնց ընթացքին արծարծուած մտածումներն ու եզրայանգումները պիտի նպաստեն արդիւնաւէտ եւ գործնական միջոցներով Սփիւռքի Տարին յատկանշելու նպատակին։