ԱՂՔԱՏ ՂԱԶԱՐՈՍԻ ԵՒ ՀԱՐՈՒՍՏ ՄԱՐԴՈՒՆ ԱՌԱԿԸ՝ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԱՆԴՐԱՆՑՆՈՂ ՀՈԳԵՒՈՐ ԳՈՐԾԻՔԸ
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 20 Մարտ)
Մեծ Պահոց սանդուխի չորրորդ աստիճանը ծանօթ է «Տնտեսի Կիրակի» անունով, ի հետեւումն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի առակին, զոր կը գտնենք Ղուկասու Աւետարանին մէջ (16.19-31)։ Փոխան Տէրունական այս առակին, կ՛ուզեմ անդրադառնալ յաջորդին՝ «Ղազարոսի եւ մեծահարուստի» անունով ծանօթ առակին։
Հարուստ մարդ մը իր օրը մնայուն կերպով կ՛անցընէր շռայլ սեղաններու շուրջ, մինչ իր դրան մօտ Ղազարոս անունով աղքատ մարդ մը՝ վէրքերով ծածկուած, սեղանէն թափուած փշրանքներու կարօտ կը մնար, իսկ շուները անոր վէրքերը կը լիզէին։ Կու գայ ժամանակը, երբ Ղազարոսն ու հարուստ մարդը կը մեռնին։ Դժոխքին մէջ, երբ վերջինս իր սոսկալի տառապանքներուն մէջ աչքերը վեր յառելով՝ Աբրահամի գրկին մէջ Ղազարոսը կը տեսնէ, կը հայցէ հայր Աբրահամէն որ Ղազարոսը ղրկէ եւ մատին ծայրը ջուրին թաթխելով զովացնէ իր այրող լեզուն։ Խնդրանքը կը մերժուի, որովհետեւ որեւէ փոխանակութիւն երկու «աշխարհներուն» մէջ անկարելիութիւն էր։
Մեծահարուստը դարձեալ խնդրանք կը ներկայացնէ, գէթ Ղազարոսը ղրկել իր եղբայրներուն, որպէսզի ազդարարէ զանոնք Աստուծոյ դառնալու։ Աբրահամ կը պատասխանէ, թէ անոնք կրնան Մովսէսի Օրէնքէն ու մարգարէներէն սորվիլ։ Երբ մեծահարուստը կը պնդէ, թէ մեռելներէն մէկը եթէ երթայ անպայման կ՛ապաշխարեն, Հայր Աբրահամ կ՛եզրափակէ խօսակցութիւնը, ըսելով, «Եթէ Մովսէսի Օրէնքին եւ մարգարէներուն մտիկ չեն ըներ, մեռելներէն յարութիւն առնող մըն ալ պիտի չկարենայ համոզել զիրենք»։
Առակները ընդհանրապէս դաստիարակչական նպատակներով պատումներ են եւ ենթահող կը մշակեն, որպէսզի ունկնդիրները պատրաստ ըլլան գլխաւոր պատգամին։ Այս պարագային, սակայն, կը հաւատամ որ սոյն առակը իւրայատուկ նկարագիր մը ունի, որ կը քօղազերծէ բոլոր դարերու մեծ խորհորրդ մը, եւ ունկնդիրները կը դարձնէ ո՛չ միայն պարզ դիտորդներ, այլ մասնակիցներ անխուսափելի կացութեան մը։ Եթէ կարելի ըլլար, այս առակը պիտի ուզէի կոչել «ժամանակը անդրանցնող հոգեւոր գործիք»ը որ մեզ կը փոխադրէ ականատես ըլլալու ապագային տեղի ունենալիք բաներուն, եւ ապա կը դարձնէ մեզ ներկային։ Այլ խօսքով, ապագայի յստակատեսութեամբ իրազեկ կը դարձնէ մեզ լաւագոյնս ըմբռնելու եւ գնահատելու ներկան՝ ի խնդիր ապագային, որ իր կարգին յաւիտենական ներկայ է։ Ասիկա իրականութիւն մըն է մարդկային ցեղի բոլոր դարերու սերունդներուն համար։ Ուստի, կ՛ուզեմ հետեւեալ մտածումները բաժնել՝ քաղուած այս առակէն, որ յաւիտենականութիւնը կը ցոլացնէ ժամանակի մէջ։
ա. Կեանքի Աղբիւրը այս պարզ առակին ընդմէջէն յստակ կը պատգամէ, թէ իւրաքանչիւր անհատի կեանքը հանգրուանային պատշաճեցումով շարունակական գոյութիւն մըն է։ Ճիշդ է, որ նիւթական կարգ մը կարիքներ պիտի դադրին գործելէ, այնուամենայնիւ, իւրաքանչիւր անհատ պիտի պահէ իր ինքնութիւնը բոլոր յատկութիւներով, ինչպէս կը վկայենք այս պատումին մէջ, թէ ենթական կը տեսնէ, կը լսէ, կ՛ըմբռնէ, կը խօսի, կը տառապի, եւն.։
բ. Տառապանքը որքան ալ նիւթական ձեւով ՝ ծարաւը յագեցնելով նկարագրուած է, մեզի կը յուշէ այն իրականութիւնը, որ մշտապէս պիտի տառապինք հոգեւոր ծարաւէն՝ Կենդանի Ջուրի ծարաւէն (Յհ 7.37)։ Հօր Աստուծոյ կողմէ մեզի ձրի կերպով մատակարարուեցաւ Կենդանի Ջուրը, զոր մերժելով այս կեանքին մէջ, յաւերժաբար պիտի զրկուինք մեր ծարաւը յագեցնելէ։
գ. Հայր Աբրահամի գիրկը կը մատնանշէ երկնաւոր կեանքի մէջ Աստուծոյ հաւատացողներուն վայելելիք անսահման հանգիստը։ Աբրահամ «հաւատաց Տիրոջ, եւ Տէրը զայն արդարութիւն սեպեց» (Ծնն 15.6), որով ան առանձնաշնորհուեցաւ բազմաթիւ ազգերու հայր ըլլալ (Ծնն 17.5), այսինքն՝ անոնց, որոնք կը հաւատան Աստուծոյ։ Ահա թէ ինչու Աբրահամի գիրկը խորհրդանիշն է Անոր որ ըսաւ. «Ինծի եկէք բոլոր յոգնածներ եւ ես ձեզի հանգիստ պիտի պարգեւեմ» (Մտ 11.28)։
դ. Դժոխքի եւ Հայր Աբրահամի գիրկի այս զոյգ պատկերները մեզի դարձեալ կը յուշեն, որ ամենայն լրջութեամբ պէտք է մտածենք այն ճշմարտութեան մասին, որ Քրիստոս մեզի տարբեր առիթներով ուսոյց։ Փառաւոր վարձատրութիւնն ու ահաւոր պատիժը անխուսափելի հետեւանքներն են բանաւորներուս մտածումներուն եւ արարքներուն։ Այլապէս, Քրիստոս զուր տեղ չէ որ «Երա՜նի» տուաւ իր աջ կողմը գտնուողներուն եւ «վա՛յ»եր արձակեց իր ձախ կողմը եղողներուն (Մտ 25:31-46)։
ե. Հայր Աբրահամի պատասխանը, թէ չի կրնար ընդառաջել մեծահարուստի խնդրանքին, դա՛րձեալ մեզի կ՛ազդարարէ, որ Աստուծոյ ողորմութեան ժամանակը Ներկան է։ Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ. «Հիմա՛ է Աստուծոյ ընդունելի ժամանակը. հիմա՛ է փրկութեան օրը» (Բ Կոր 6.2) ։ Ո՛չ ոք կրնայ մեզ փրկել յաւիտենական տանջանքէն, ո՛չ մեր հարազատները եւ ո՛չ ալ սուրբերը։ Ինչպէս որ մեր նախածնողները իրենց ազատ կամքով պատուիրանազանց գտնուելով Աստուծոյ կամքին, զրկուեցան Եդեմէն, նմանապէս մենք եւս պիտի զրկուինք Աստուծոյ ներկայութենէն յաւիտենապէս, եթէ մերժենք Իր կամքը եւ մեզի հանդէպ ցուցաբերած Իր անսահման բարիքները։
զ. Վերջին փորձով մը մեծահարուստը շնորհ մը կը խնդրէ ի նպաստ իր եղբայրներուն, որ Ղազարոսը ղրկէ երկիր, որպէսզի իր հինգ եղբայրներուն ազդարարէ, որ հրաժարին իրենց մեղսալից կեանքէն։ Անգամ մը եւս խնդրանքը կը մերժուի առարկայական կերպով, թէ՝ «եթէ անոնք Մովսէսին ու ու մարգարէներուն չեն լսեր, բացարձակապէս պիտի չլսեն նաեւ մեռելներէն յարուցեալի մը»։
Այս երկխօսութիւնը, որ ենթադրաբար տեղի ունեցած է յետ մահու կեանքին մէջ, քսան դար ետք կ՛արձագանգէ մեր ականջներուն մէջ։ Անհաւատալի կերպով մեզ սիրող ու հոգացող երկնաւոր Հայրը, ընդառաջելով մեծահարուստի անկարելի թուացող խնդրանքին, Իր Միածին Որդին ղրկեց, որպէսզի մեզ զգուշացնէ մեր մոլար ընթացքէն եւ մեզ հրաւիրէ ամբողջական գիտակցութեամբ հետեւելու մեր Արարչին ու Հօր կամքին։ Անդենականի տառապանքը, դատապարտութիւնը, սովն ու ծարաւը դժբախտաբար անվերջ են, նման երկար մայրուղիի մը, ուրկէ բացարձակապէս ելք չկայ հանգստանալու, թարմանալու, ուրախանալու։ Զուգահեռ ասոր, կայ նաեւ կեանքի օրհնեալ ուղին՝ լի անպատում բարիքներով, անոնց համար որ կը հաւատան եւ կը հետեւին Աստուծոյ։
Ուստի, աճապարենք եւ ամենայն խոնարհութեամբ խնդրենք Ամենագութ Հօրմէն որ լուսաւորէ մեր միտքը, սիրտն ու հոգին Իր Կենդանի Խօսքով, եւ ուղղէ մեր խորհուրդները, գործերն ու վերաբերմունքը Իր ամենակարող Սուրբ հոգիով, որպէսզի Աղքատ Ղազարոսին հետ մե՛նք եւս Աստուծոյ գրկին մէջ վայելենք յաւերժական կեանքն ու ցնծութիւնը, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։