Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԷՏԿԱՐ ՀԻԼԶԵՆՌԱԹ (ծնունդ՝ 2 Ապրիլ, 1926)

Հրեայ գերմանացի գրագէտ Էտկար Հիլզենռաթ, որ հրէական Ողջակէզի վերապրող մը եղած է եւ այդ նիւթով բազմաթիւ գործերու հեղինակ, գրգռիչ ու վիճայարոյց գործ մը ունեցած է։ Հեղինակած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ու մեծ դրուատիքի արժանացած վէպի մը՝ «Վերջին մտածումին պատմութիւնը»։

Հիլզենռաթ ծնած է 2 Ապրիլ, 1926ին, Լայփցիկի մէջ ու մեծցած՝ Հալլէի մէջ։ Նացիական հալածանքներու ընթացքին, 1938ին հայրը փախած է Ֆրանսա, իսկ մայրը իր երկու զաւակներով՝ Ռումանիոյ Սիրէթ քաղաքը, իր ծնողներուն քով։ 1941ին, մայրն ու ապագայ գրագէտը տեղահանուած են Ուքրանիոյ մէկ կեթոն, երբ Գերմանիոյ դաշնակից ռումանական զօրքերը գրաւած են այդ շրջանը։ Շնորհիւ կեթոյի գերմանացի հրամանատարի թոյլտուութեան, Սիրէթի 40 տեղահանուած հրեաները կարողացած են քիչ թէ շատ տանելի պայմաններու մէջ ապրիլ։

1944ին ռուսական Կարմիր Բանակը ազատագրած է կեթոն, եւ 18ամեայ Հիլզենռաթ կեղծ փաստաթուղթերով կարողացած է Պաղեստին մեկնող գաղթականներու գնացք մը նստիլ՝ ռուսական բանակին մէջ բռնի զինուորագրումէ խուսափելու համար։ Երեք տարի ետք, կարողացած է իր ընտանիքին միանալ Ֆրանսայի մէջ։

Փարիզ ապրած ժամանակ, սկսած է գրել իր փորձառութիւններուն մասին։ 1951ին տեղափոխուած է Նիւ Եորք, ուր աշխատած է իբրեւ սպասեակ ու բեռնակիր, մինչ իր առաջին վէպերը կը գրէր։ Առաջին վէպը՝ «Գիշեր» (1964), նկարագրած է ռումանական կեթթոյի մը մէջ կեանքի ու վերապրումի պատմութիւնը, կեդրոնանալով զոհերու տառապանքին վրայ, բայց մերժելով զանոնք իբրեւ սուրբ նկատել։

1971ին Հիլզենռաթ հրատարակած է իր ամենէն նշանաւոր գործը՝ «Նացին եւ սափրիչը», ուր նկարագրած է գերմանացի զինուորականի մը ոճիրները, որ սպաննելով իր մանկութեան լաւագոյն ընկերը՝ հրեայ մը, անոր ինքնութիւնը որդեգրած էր եւ Իսրայէլ փախած ու սափրիչ դարձած էր։ Գերմաներէն բնագիրը հրատարակուած է 1977ին՝ 60 հրատարակիչներու կողմէ մերժուելէ ետք։

Իր գործերուն ողբերգական նիւթին մէջ, Հիլզենրաթ չէ վարանած երգիծական ու ծիծաղելի նիւթեր մտցնելէ, ինչ որ անշուշտ վէճի առարկայ եղած է։

Ամերիկեան քաղաքացի դառնալով հանդերձ, 1975ին որոշած է վերադառնալ Գերմանիա, ուր ապրած է մինչեւ մահը՝ 30 Դեկտեմբեր, 2018ին, Վիթլիխ քաղաքին մէջ։ Գրած է վիպական ուրիշ հատորներ եւս, որոնք անգլերէնի թարգմանուած չեն։

1989ին Էտկար Հիլզենռաթ հրատարակած է «Վերջին մտածումին պատմութիւնը»՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած վէպը, որ իրեն արժած է 20 տարուան հետազօտութիւն։ Վէպը անգլերէնի թարգմանուած ու լոյս տեսած է Լոնտոնի մէջ (1990)։ Թուրքերու կողմէ կործանուած գիւղի մը պատմութիւնն է, որուն գլխաւոր կերպարին՝ Վարդան Խատիսեանի որդին՝ Թովմա, որուն մահուան ժամանակ վերջին մտածումը այն կ՚ըլլայ, որ իրեն պատմուի իր պապերուն պատմութիւնը։ Պատմողը Թովմայի վերջին մտածումը կ՚առաջնորդէ հօր կեանքի ճանապարհէն, հովուերգական լեռնային գիւղէ մը դէպի թուրք տիրակալներու չարչարանքի սենեակները։ Հիլզենռաթ այս վէպին համար ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան պետական մրցանակը (2006), Երեւանի պետական համալսարանի պատուոյ տոքթորան եւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան պատուոյ անդամակցութիւնը։