News

ԴԱՇՆԱԿ ՆՈՒԱԳԵԼ ԱՌՑԱՆՑ ԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՄԱՐ

«2019ը երազային տարի մըն էր իմ ասպարէզիս մէջ. իմ երկրորդ առեւտրական խտասալիկը լոյս տեսաւ՝ սքանչելի գրախօսականներով, եւ Եւրոպայի ու ամբողջ Միացեալ Նահանգներու մէջ ելոյթներ ունեցայ, ներառեալ՝ “Գառնըկի» սրահի մէջ երկու անգամ՝ բոլոր տոմսակներու սպառումով», կը գրէ նիւեորքաբնակ դաշնակահարուհի Կարինէ Պօղոսեան, որ 2004ին մաս կազմած էր Ազգային Առաջնորդարանի «Միւզիքըլ Արմինիա» շարքին։ Տնակալումի (lockdown) առաջին ժամանակներուն տիրող տարօրինակ լռութեան դէմ յանդիման, ան պարտաւոր զգացած է նուագելու յանկարծ առցանց դարձած աշխարհի մը համար։ Հանրութեան պատասխանը, գրած է՝ լրագրող Քէյթի Քուրիքի լրատուական կայքէջի այս յօդուածին մէջ, հսկայական չափերու հասած է։