ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳՐԻ ՆԱԽԱՎԵՐՋԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ
Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներու վերապատրաստութեան առցանց ծրագիրը շարունակուեցաւ Երկուշաբթի, 4 Ապրիլին, 21 ուսուցիչներու եւ տնօրէններու մասնակութեամբ եւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ։ Բացման աղօթքը կատարեց առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան։
Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան, հովիւ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Նորթ Անտովըր, Մէսէչուսէթս), դասախօսեց Հայ Եկեղեցւոյ տօներու մասին։ Տէր Ստեփան բացատրեց տօներու եւ պահքի աստուածաշնչական հիմքը։ Այնուհետեւ, մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցը ներկայացուց մասնակիցներուն, ինչ որ տեղի ունեցաւ աշխոյժ հարց ու պատասխանի ընկերակցութեամբ։
Վերապատրաստութեան առցանց ծրագրի վերջին նիստը տեղի պիտի ունենայ 2 Մայիսին։ Տիկ. Նուէր Օրանճեան-Պապաճանեան պիտի խօսի «Արհեստագիտութիւնը կրթութեան մէջ» նիւթին շուրջ։