Մեր ծուխերէն

«ԱՂ ԵՒ ԼՈՅՍ» ՆՈՐ ԱՆԴԱՄՆԵՐ Կ՚ԸՆԴՈՒՆԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ (ՆԻՒ ԵՈՐՔ)

Ուրբաթ, 25 Մարտին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) «Աղ եւ լոյս» պատանեկան խումբը հին եւ նոր անդամներու համար հաւաքոյթ մը ունեցաւ։ Ներկայ էին աւելի քան 50 պատանիներ՝ թէ՛ նախորդ տարիներու անդամներ եւ թէ՛ նոր դէմքեր։ Արժպ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան պատանիներուն բարի գալուստ մաղթեց, խօսելով Մեծ Պահքի շրջանին եւ Աւագ Շաբթուան ժամանակաշրջանի՝ Քրիստոսի վերջին շաբթուան մասին, նախքան Խաչելութիւնն ու Յարութիւնը։ Նիւթը սրտամօտ էր պատանիներուն, որոնք ուշադրութեամբ մտիկ ըրին եւ հարցումներ տուին այնուհետեւ։ Ներկաները միասին ճաշեցին, «Աղ եւ լոյս»ի առաջին գարնանային հաւաքոյթը եզրափակելով։