Առաջնորդարանէն

ԴՊՐԱՊԵՏ ՎԱՐԴԱՆ ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԹԱՂՈՒՄԸ

Շաբաթ, 2 Ապրիլին, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նախագահեց  բազմավաստակ դպրապետ Վարդան Սէրայտարեանի յուղարկաւորութեան արարողութեան Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Ջրաւան –Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս)։ Արարողութեան մասնակցեցան  եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան, եւ իրեն օգնական՝ Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան, Արժպ. Տ. Առաքել Քհն. Ալճալեան՝ հովիւ շրջանի Էջմիածնական Թեմի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ, եւ Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան՝ հովիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Նորթ Անտովըր, Մէսէչուսէթս)։

Սրբազան Հայրը դամբանականին մէջ վեր առնելով հանգուցեալին առաքինութիւնները, ըսաւ, թէ իր անուան առաքելութեան հաւատարիմ, իրաւ է որ Վարդան Զօրավարի նման ճակատամարտերու չմասնակցեցաւ, սակայն ամբողջ երեք քառորդ դար մարդակերտումի ճակատամարտին վրայ ան մնաց աննահանջ սպարապետ, որ հայ հոգեւոր արուեստի եւ մշակոյթի հանդէպ իր նուիրուածութեամբ, նախանձախնդրութեամբ թրծեց դպրաց դասերու սերունդներ Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն մինչեւ Պէյրութի Ս. Նշան, եւ ապա՝ Ջրաւան-Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս Եկեղեցւոյ: Առաւել եւս՝ եկեղեցիներու յարակից վարժարաններու ուսանողները, ինչպէս նաեւ յատուկ երգչախումբերու կամաւորաց փաղանգը Վարդանի շունչով թրծուած են Հայ Եկեղեցւոյ եւ ազգին հոգեւոր ու մշակութային արժէքներու հանդէպ։

Սրբազան Հայրը Վարդան Սէրայտարեանը  կոչեց «Սուրբ հոգիի սրինգը», որ ամբողջ երեք քառորդ դար ամբողջական սրտով ու հոգիով երգի ճամբով ծառայեց Աստուծոյ եւ ժողովուրդը առաջնորդեց Աստուծոյ։