Երեքշաբթի, 12 Ապրիլի առաւօտեան, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիկոպոս, ընկերակցութեամբ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ․ Վրդ․ Եմիշեանի, Հովիւ Ս.Վարդանանց եկեղեցւոյ, եւ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն․ Լագիսեանի, Հովիւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ, Զատկուան աւանդական այցելութիւն տուաւ Յովնանեան վարժարան, համավարակի պատճառաւ երկամեայ ընդհատումէ ետք։
Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ սրահ։ Ան պարզ ոճով խօսեցաւ աշակերտներուն Աւագ Շաբթուան Խորհուրդի մասին, յատկապէս շեշտեց, թէ Քրիստոսի Սուրբ Յարութիւնը մեր հաւատքին հիմնաքարը եւ մեր կեանքի ուղեցոյցն է, որ մեզ անշեղ կ՛առաջնորդէ այս կեանքի ամբողջ ընթացքին՝ մինչեւ բոլորիս յարութիւնը, որ է յաւիտենական կեանք։ Սրբազան Հայրը բացատրեց Ջուրի, Հացի եւ Աղի օրհնութեան իմաստը, ըսելով, թէ այս երեք տարրերը կենսական են մայր բնութեան եւ մեր գոյապահպանման համար, եւ օրհնեց զանոնք։
Եկեղեցական այս կոկիկ արարողութենէն ետք, տնօրէնութեան ազնիւ կարգադրութեամբ տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխանի շինիչ եւ դաստիարակչական պահ մը։ Սրբազան Հայրը քաջալերեց որ աշակերտները ազատ ու հանգիստ զգան եւ մասնակցին այս զրոյցին։ Ի հիացումն հոգեւորականներուն, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ կարգ մը ծնողներու որոնք ներկայ էին, աշակերտներ զարմանալի կերպով գիտակից եւ լուրջ հարցումներ ըրին Յիսուսի, Խաչի եւ Խաչին վրայ Յիսուսի արտասանած վերջին խօսքերուն մասին, Կաթոլիկ եւ Ուղղափառ եկեղեցիներու տարբերութեանց մասին, եկեղեցականներու սեւ սքեմի մասին, արարողութեան ընթացքին Սրբազան Հօր գործածած գաւազանի մասին, դարձեալ ջուրի, հացի եւ աղի օրհնութեան մասին, եւ այլն։ Եկեղեցական հայրերը սիրով պատասխանեցին հարցումներուն։ ։
Սրբազան Հայրը մեծապէս գնահատեց աշակերտութեան մտքի հասունութիւնը, ըսելով․ «Դպրեվանքի մեր տեսուչ եւ դաստիարակ՝ հոգելոյս Տ. Գարեգին Եպիսկոպոս Սարգիսեան, ապա՝ Կաթողիկոս, յաճախ կ՛ըսէր․ «Ինծի համար նոյնքան կարեւոր են աշակերտներուն հարցումները, որով կը գնահատեմ զիրենք, որքան գրաւորներու եւ բերանացի դասերու իրենց մասնակցութիւնը, որովհետեւ անոնք կը յայտնաբերեն իրենց մտային, հետաքրքրութիւնը, կարողութիւնը, ինչպէս նաեւ ինքնավստահութիւնն ու համարձակութիւնը»։ Ըստ այնմ, եզրակացուց Սրբազանը, այսօրուան մեր գնահատականը գերազանցիկ է աշակերտներուն տրուած, ինչ որ կը ցոլացնէ նաեւ ուսուցիչներու եւ ծնողաց ներդրումը անոնց գիտութեան ճոխացման ու նկարագրի կերտումին մէջ։
Խմբական նկարահանումով աւարտեցաւ Սուրբ Յարութեան տօնի առթիւ աւանդական այցը, որմէ ետք Սրբազան Հայրը եւ հոգեւորականները այցելեցին մանկամսուրի մէջ վեց ամսականէն մինչեւ երկու տարեկան հրեշտակներուն։ Ապա յատուկ հանդիպում ունեցան տնօրէն Քրիս Սարաֆեանին, ուսուցչապետ՝ տիկ. Հերա Մախուլեանի եւ հայերէնի ծրագրի վարիչ՝ տիկ. Սիլվա Մեսրոպեանի հետ։ Տնօրէնութիւնը լայն ծանօթութիւն տուաւ աշակերտութեան թիւին, որ այս տարի կը հասնի 140ի, նաեւ արտադասարանային ծրագիրներու մասին։