Առաջնորդարանէն

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ Ս. ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԱՌԻԹՈՎ

Չորեքշաբթի, 6 Ապրիլին, վերջ գտաւ Ազգային Առաջնորդարանի Մեծ Պահքի առցանց Ս. Գիրքի սերտողութիւնը, զոր վեց իրերայաջորդ նիստերու ընթացքին վարած էր  Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէն՝ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան։  Մեծ Պահքի վեց շաբաթներուն ընթացքին, աւելի քան 80 հոգի մասնակցեցաւ, որոնցմէ 15 նահանգներէ 54 հոգի ներկայ գտնուեցաւ չորսէն մինչեւ վեց դասախօսութիւններու։

Շանթ Աւագ Սարկաւագ նախ խօսեցաւ Մեծ Պահքի ծագման եւ անոր կապին մասին Մկրտութեան եւ Ապաշխարութեան հետ։ Ան շեշտեց, թէ այս շրջանին կը ջանանք աւելի լիակատար կերպով ապրիլ մեր Մկրտութիւնը, այսինքն՝ Աւետարանի պատուիրանի համաձայն։ Ըստ այնմ, դասախօսը կեդրոնացաւ մեր Եկեղեցւոյ Մկրտութեան ծէսին կարդացուող Ս. Գիրքի բաժիններուն վրայ։ Ան նաեւ անդրադարձաւ սկզբնական մեղքի վերաբերեալ թիւրիմացութիւններու եւ յարակից հարցերու։

Չորեքշաբթի օրուան նիստի աւարտին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, բարձր գնահատեց Շանթ Աւագ Սարկաւագի աշխատանքը եւ բոլոր մասնակիցներուն իր բարեմաղթանքները յայտնեց Աւագ Շաբթուան եւ Սուրբ Յարութեան մօտալուր տօնին առիթով։