ԴԻՄԱՒՈՐԵՆՔ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԻՇԽԱՆԸ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 10 Ապրիլ)
Մեծ Պահոց ներաշխարհի հոգեւոր ճամբորդութեան վեցերորդ կայանը հասնելէ ետք, այսօր՝ եօթներորդ Կիրակին, կը տօնախմբենք Աստուածորդիին աննախընթաց եւ արտասովոր յաղթական մուտքը Երուսաղէմ։ Ան շրջապատուած էր ժողովուրդով, որուն հետ իր երկրաւոր առաքելութեան երեք տարիները անցուցած էր, առատապէս ցօղելոս երկնաւոր Հօր բարիքները բոլորին վրայ։ Ժողովրդային բնական խանդավառութեամբ կազմուած եւ հետզհետէ ծաւալող թափօրը զերծ էր ոստիկաններու եւ ապահովութեան ոյժերու ջոկատներէ, որոնք կը ջանան ժողովուրդը հեռու պահել իրենց ղեկավարներէն։ Եւ ահա ժողովուրդի խոնարհ Ղեկավարը՝ բազմած համեստ իշուկի վրայ, անմեղունակ անհուն ժպիտով կ՛ողջունէր բոլորը։ Դրօշակներ չէին ծածաներ եւ ոչ ալ ազդեր կը ծածկէին շրջապատը, այլ երիտասարդները ինքնաբուխ կերպով իրենց հագուստները կը սփռէին գետինը փոխան կարմիր գորգերու, ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղեր կը ճօճուէին փոխան դրօշներու, եւ «Ովսաննա»ներ փոխան փողերախումբերու կը դղրդացնէին Երուսաղէմ՝ խաղաղութեան քաղաքը, մինչ անոր ղեկավարներն ու ժողովուրդը խռովութեամբ կը դիմաւորէին Խաղաղութեան Իշխանը։ Ո՜րքան ցաւալի էր տեսնել, թէ անոնք որոնք ընտրուած էին Զինք դիմաւորելու, սարսափի մէջ էին իրենց Ընտրողին ներկայութեան։ Ահա թէ ինչու Աւետարանիչը սրտաբեկ արձանագրած էր․ «Իրենիններուն եկաւ եւ անոնք չընդունեցին Զինք» (Յհ 1,11)։
Դարերու վրայ տարածուող եւ մեր հաւատքը մշտապէս ջրդեղող պատմական այս պահէն կ՛ուզեմ հետեւեալ մտածումները բաժնեկցիլ։
ա․ Յիսուս Քրիստոս տարբեր առիթներով ինքզինք ներկայացուց որպէս բոլոր կենսականներուն գերագոյն Կենսականը, ըսելով, «Ե՛ս Եմ Կեանքի Հացը» (Յհ 6.51) եւ «Կեանքի Ջուրը» (Յհ 7.37), «Ե՛ս եմ Ճանապարհը, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը», «Ե՛ս եմ աշխարհի Լոյսը» (Յհ 8.12), նաեւ ըսաւ՝ «Իմ Խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի» (Յհ 1.11)։
Այս նմանութիւնները հաւաքաբար մեզի կը բերեն մէ՛կ պատգամ, այն որ վերեւի յիշուած նիւթական թէ վերացական գաղափարները որքան ալ կենսական են մեր երկրաւոր գոյութեան համար, նմանապէս անուրանալի կերպով հրամայական է անոնց Աղբիւրը՝ մեր երկրաւոր ու յաւերժական գոյութեան համար։ Խաղաղութիւնը հիմնական ազդակ է իրերաներհակ տարրերու ներդաշնակութեան, ուր կը ծլի ու կը ծաղկի բարգաւաճումը, հանգիստը եւ ուրախութիւնը։ Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, որպէս Գերագոյն Խաղաղութիւն, խաղաղեցուց փոթորիկները, հանդարտեցուց դեւերէն վտանգուածները, Խաղաղութիւն խոստացաւ բոլոր անոնց որոնք կը հաւատան Իրեն, եւ անոնց իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիները ըլլալու (Յհ 1.11)։
Պատմութիւնը վկայ է բոլոր անոնց որոնք ընդունեցին եւ անոնց որոնք ուրացան Ճշմարիտ Խաղաղութիւնը։ Անոնք որոնք ընդունեցին Զինք, դարձան գործակիցները Արարիչին, իսկ անոնք որոնք ուրացան, ափսո՜ս որ դառնալով գործակիցները Չարին, մերժեցին Աստուծոյ գերագոյն հեղինակութիւնը, անսահման սէրն ու ներողամտութիւնը։
բ․ Մտքերը շփոթեցնող հարցում մը, որ նոյնիսկ հաւատացեալներու անդորրութիւնը կը խանգարէ, հետեւեալն է․ ե՞րբ խաղաղութիւն պիտի տիրէ։ Դարերու ընթացքին ասպատակումներ, պատերազմներ, արիւնահեղութիւններ, հալածանքներ հետզհետէ աւելի եւ աւելի եւս յաճախակի կը դառնան եւ բուռն, քան խաղաղութեան շրջանները։ Իրա՛ւ է որ մնայուն կերպով ողբերգութիւններու շղթան կ՛երկարաձգուի, սակայն առարկայական մօտեցումը խիստ օգտաշատ է ուղիղ դատում կատարելու համար։
Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, որպէս Ամենագէտ Աստուած, Արարչագործութեան լրիւ ընթացքը գիտնալով, երբե՛ք չուրացաւ, այլ կանխատեսեց անհամար վերիվայրումներ (Մտ 24.4-31)։ Առաքեալները եւս իրազեկ դարձուցին մեզ Չարին խափանարարութեան մասին (Եփ 6.12), որ կը փորձէ քանդել աշխարհը՝ Աստուծոյ սիրոյն շօշափելի այս արտայայտութիւնը։ Ուստի, որպէս ճշմարիտ եւ պարկեշտ Առաջնորդ, Յիսուս չխոստացաւ մեզ զերծ կացուցանել վտանգներէ, այլ Իր Խաղաղութեամբ մեզ զօրացնել, որպէսզի Խաչի ճանապարհով ընթանալով արժանի ըլլանք Յարութեան փառքին։
Մեզի շնորհուած խաղաղութիւնը կը դարբնէ մեր միտքը, սիրտն ու հոգին, որպէսզի երկիւղով չպատուինք, այլ մարտահրաւէր կարդանք նոյնիսկ մահուան, ինչպէս Պօղոս Առաեալ կ՛ըսէ․ «Ո՞ւր է, Մա՛հ, յաղթանակդ. ո՞ւր է, Մա՛հ, քու խայթոցդ» (Ա Կր 15.55)։
Յիսուս Քրիստոսի մեզի շնորհած խաղաղութիւնը իւրաքանչիւր օր կը թարմացնէ եւ կ՛ուժեղացնէ մեր դիմադրականութիւնը, որպէսզի կարենանք մեր ներքին փորձութեանց դիմանալ, նաեւ ընտանեկան, ընկերային, տնտեսական եւ այլ տագնապները յաղթահարել եւ ոչ թէ անոնց առջեւ ճզմուիլ։ Ահա այս է պատճառը, որ մեր եկեղեցւոյ հայրերը Սուրբ Պատարագի մէջ հետեւեալ աղօթքը զետեղած են․ «Քրիստոս Աստուած մեր, Քու Խաղաղութեամբդ, որ վեր է ամէն հասկացողութենէ եւ միտքէ, ամրացուր մեզ եւ պահէ ամէն տեսակի չարիքներէ»։ Դարձեալ Սուրբ Պատարագի ընթացքին պատարագիչը ժողովուրդին դառնալով խաղաղութիւն կը բաշխէ եւ, փոխադարձաբար, հաւատացեալները նոյնը կը մաղթեն իրեն, որպէսզի Տէրունական հօտը ուղղափառ հաւատքով առաջնորդէ։ Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ մեր սրբազան հայրերը, գիտակից ըլլալով նիւթական եւ հոգեմտաւոր մեր մղած ամէնօրեայ մնայուն պատերազմին, Քրիստոսով ճշմարիտ խաղաղութեան սպառազինութիւնը կը հայթայթեն մեզի։
Ահա այս հասկացողութեամբ, խոնարհաբար խնդրենք Տիրոջմէ՝ Խաղաղութեան Աղբիւրէն, որպէսզի գայ եւ բնակի հողեղէնի մեր տաղաւարին մէջ Մշտասէր Հօր եւ Հոգատար Սուրբ Հոգւոյն, եւ մենք գոհութեամբ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։