ԴՈԿՏ. ՎԱՐԴԱՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ Ա. ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Գերպ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան խօսք կ՚առնէ ձեռնարկին ընթացքին։ Աջին՝ Էջմիածնական Թեմի առաջնորդ Դանիէլ Եպս. Ֆնտըքեան
Չորեքշաբթի, 13 Ապրիլին, պատմաբան ու հանրային գործիչ դոկտ. Վարդան Գրիգորեանի (1938-2021) մահուան առաջին տարելիցին առիթով, կազմակերպուած էր ոգեկոչման տպաւորիչ ձեռնարկ մը «Գառնըկի» սրահին մէջ։ Առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, ներկայացնելով Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը, կարդաց Սրբազան Հօր ուղերձը, որ վեր կ՚առնէր դոկտ. Գրիգորեանի անհատականութեան եւ մտաւորական ու հանրային գործունէութեան ցայտուն գիծերը։ Ուղերձը, ի միջի այլոց, կ՚ըսէր.
«Ի զուր չէ, որ Սթանֆըրտի հարիւրամեակին առիթով խօսած ճառի մը մէջ, ան ըսաւ. «Սթանֆըրտի մէջ հիմնական դաս մը սորվեցայ. չենք կրնար եւ պէտք չէ կորսնցնենք պատմութեան մեր զգացողութիւնը եւ մեր յիշողութիւնը, որովհետեւ անոնք կը կազմեն մեր ինքնութիւնը»։
Անշուշտ, իբրեւ հայ, ան խորապէս գիտակից էր պատմութեան եւ թէ ինչպէս պէտք է հասկնանք զայն՝ ապագան կերտելու համար։ Իր բոլոր ջանքերն ու միջոցները տրամադրեց ընդառաջ գալու այն բոլոր մարտահրաւէրներուն, զորս հայ աչգը դեռ կը դիմագրաւէ, եւ տակաւին (պրն. Գրիգորեանի պէս մարդոց շնորհիւ նաեւ) ձեւով մը կը յաջողի յաղթահարել հակառակ անհաւանականութեան։
Իբրեւ գաղթական էր նաեւ, որուն արմատները Նոյեան տապանը հիւրընկալող երկիրը կ՚երթային, որ ըսաւ.
«Ինչպէս մեր բազմաթիւ գաղթական նախահայրերը, եկած ենք ո՜չ միայն Ամերիկայի օգուտը քաղելու, այլ նաեւ անոր զարգացման, աճին ու բարօրութեան նպաստելու։ Եկած ենք նպաստելու ամերիկեան ժողովրդավարութեան օրակարգին մէջ չկատարուած կամ անկատար բաներու իրագործումին։ Եկած ենք նպաստելու այդ կատարեալ միութեան»։